Թուրքիայի նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանը նախատեսում է մայիսի 9-ին առաջին անգամ այցելել Սպիտակ տուն նախագահ Ջո Բայդենի պաշտոնավարումից հետո: Սա նշանակում է, որ վերականգնվում են այս երկրների ռազմական կապերը: Թուրքիայի կողմից ՆԱՏՕ-ին Շվեդիայի անդամակցության հաստատումից հետո Վաշինգտոնը 23 միլիարդ դոլար արժողությամբ պայմանագիր է ստորագրել՝ ամերիկյան արտադրության F-16 մարտական ինքնաթիռներ, հրթիռներ և ռումբեր Անկարային վաճառելու համար:                
 

Սուտը, Ստախօսը եւ Միւսները

Սուտը, Ստախօսը եւ Միւսները
19.02.2021 | 20:25

Մարդիկ սուտ չեն խօսիր այնքան շատ, ինչքան որսորդութենէ ետք,
պատերազմի ընթացքին ու ընտրութիւններէն առաջ:
Օ.Վ. Պիսմարք

Թէ ի՞նչքան եւ ի՞նչ բովանդակութեամբ սուտեր կը խօսուին աշխարհի տարածքին, պատերազմներու ընթացքին եւ ընտրութիւններէն առաջ, այնքան ալ ծանօթ չեն մեզի, սակայն Լիբանանի եւ Հայաստանի պարագային կրնանք վկայել որ այդ «սուտերը» ոչ միայն եղած են առատ ու բազմատեսակ, այլ նաեւ «մասնագիտական» բնոյթ կը կրեն ու քաղաքականօրէն ժողովուրդը խաբելու յատուկ միտուածութիւն ունին:
Իբրեւ թէ, Մեծն Լենինը իր գործընկերներուն կը յանձնարարէր. «Դուք սուտը խօսեցէք, մինչեւ որ բացայայտուի, ան իր աւերը գործած կըլլայ արդէն...»: Ըլլայ Հայաստանի թէ Լիբանանի իշխանութիւնները ոչ միայն «պատերազմի ընթացքին ու ընտրութիւններէն առաջ» կիրառեցին այս «յանձնառութիւնը», այլ նաեւ կրցան խաբել ժողովուրդը, ու տիրանալ իշխանութեան...: Շատ չանցած սակայն ժողովուրդի գիտակից տարրը սկսաւ անդրադառնալ, որ այդ լորձնաշուրթն խոստումները պարզապէս «ընտրակաշառք»ի ամենաանազնիւ տեսակն էին եւ ոչ աւելին: Անոնք աթոռին նստելէն անմիջապէս ետք, քայլ առ քայլ, մէկ կողմէ սկսան ամրացնել իրենց աթոռներուն պտուտակները եւ միւս կողմէ կազմաքանդել պետական կառոյցները, սկսելով մշակոյթէն ու կրթութենէն մինչեւ տնտեսական ու ռազմական հաստատութիւնները: Հակառակ անոր որ հետեւանքները յստակ են ու մէկին, անոնք ոչ միայն կը շարունակեն իրենց անմարդկային ծրագիրները իրականացնել, այլ նաեւ նոր ու մտածուած սուտերով կը ճգնին ապակողմնորոշել այն ժողովուրդը, որ արդէն իսկ բազմիցս խաբուած է ու հիասթափուած՝ իրենցմէ:


Անմարդկային բառը յատուկ կը նշենք, որովհետեւ անոնք թէեւ տեսականօրէն կ՝ընդունին Արեւմտեան Արժէքներու Համամարդկային Սկզբունքներն ու պատրաստ են պաշտպանելու «Մարդու Իրաւունքները», սակայն կը գործէն ժողովուրդի շահերուն հակառակ ի պաշտպանութիւն իրենց անձնական ու հատուածական շահերուն:

Այնքան շատ ու այնքան այլանդակ սուտեր հրապարակուեցան ու գրառումներ եղան, որ facebook-եան էջերն ու առհասարակ լրատուամիջոցները, իրենց ազդեցութիւնը կորսնցուցած կը թուին ըլլալ հանրային կարծիքին վրայ: Այո', շատ շատեր զզուած սուտերու առատութենէն, անմակարդակ բամբասանքներէն, ու սին զրպարտութիւններէն, ոչ միայն հրաժարած են ու կը շարունակեն հրաժարիլ facebook-եան էջերէն, ու առհասարակ համացանցային լուրերէն, այլ նաեւ... վարձկան ԶԼՄ-ներէն:


Եւ բնաւ պատահական չէ որ ըլլայ Լիբանանի թէ Հայաստանի ժողովուրդները, սկսած են դիմադրողականութիւն ձեռք բերել Facebook-եան եւ ընդհանրապէս նման լրատուամիջոցներու նկատմամբ: Այս մէկը թէեւ դրական ու քաջալերական կը թուի ըլլալ, այնուամենայնիւ ունի նաեւ իր ժխտական կողմը: Ժողովուրդի մէկ մասը հիասթափուած իշխանութիւններէն, սկսած է լքել իրենց պապենական Հայրենիքը, զայն համարելով գրաւուած թշնամիներու կողմէ: Ուրիշներ՝ տակաւին միամտաբար յոյսը դրած են օտարներու վրայ, զայն համարելով չարեաց փոքրագոյնը:


Բարեբախտաբար գոյութիւն ունին նաեւ պատկառելի թիւով զանգուածներ, յատկապէս՝ մարդասիրական գաղափարներով տոգորուած՝ հայրենասէր տարրեր, որոնք գիտակցելով ու ըմբռնելով, տիրող իրավիճակի խիստ ճակատագրական բնոյթն ու բարդութիւնը, կը մնան ու գործնապէս կը մասնակցին (ըլլայ Լիբանանի թէ Հայաստանի մէջ) ազգի ու հայրենիքի փրկութեան պայքարին: Մեր օրերուն զոյգ երկիրներու իշխանութիւններուն առաջնային գերխնդիրը այն է, թէ ինչպէ՞ս ընդդիմութիւնը պառակտեն ու չէզոքացնեն: Մնացած հարցերով հետաքրքրուած են այնքան, ինչքան անոնք կը նպաստեն իրենց բարոյալքուած վարկի բարելաւման, ու խարխլած իշխանութեան երկարաձգման: Անոնք չեն վարանիր նոյնի'սկ ազատութեան պիտակի տակ սանձել լրագրողներու «Ազատ Խօսքի իրաւուգնքը», որ ոեւէ քաղաքացիի ազատօրէն արտայայտուելու անբեկանելի իրաւունքն է:


Այնուամենայնիւ, այս պարագային ամենամտահոգիչն ու վտանգաւորը այն է, որ անոնք կը շարունակեն ապօրինաբար օրինականացնել բռնատիրութիւնը: Նախ ճնշելու համար ժողովուրդի արդար ընդվզումները եւ ապա, փրկելու համար իրենց դիւրաբեկ ու նեխած կաշին: Արդեօք ասոնք իրապէս տեղեակ չե՞ն թէ «բռնատիրութիւնը» պումերանկի նման է, ու ի վերջոյ իրենց կը վերադառնայ: Թէեւ պատմութեան մէջ օրինակները շատ են, սակայն քանի որ ասոնց յիշողութիւնը թոյլ կը թուի ըլլալ, աւելորդ պիտի չըլլայ յիշեցնելու որ Ստալինն ու Բերիան իրենց գործընկերներուն իսկ որոշումով ու գործադրումով ոչնչացուեցան: Անուար Սատաթը, իր իսկ թիկնապահները սպաննեցին: Յուսամ չեն մոռցած նաեւ թէ ինչպէս մօտիկ անցեալին Քազաֆիի եւ Սատտամ Հիւսէյնի նման բռնատէրեր, ի՞նչպէս ու ինչքան վարկաբեկիչ ու անփառունակ կերպով, պատասխան տուին այն ժողովրդական «ամբոխներուն», որոնք անցեալին վստահեցան ու նստեցուցին զիրենք ղեկավարի աթոռին: Միայն թէ չկարծէք թէ այս «facebook»-եան վարչապետին կ'ուզենք համեմատել վերոյիշեալ բռնապետերու հետ: Քաւ լիցի, նման «չարամտութիւն» չեն պարունակեր մեր յիշեցումները: Նման միտք չենք ալ կրնար ունենալ, որովհետեւ իր ձախաւերութիւններով հպարտացող հայաստանի վարչապետը, ընդամէնը կարեկցանքի արժանի, դուրսէն նշանակուած ըլլալու եւ գաւառական ձախողած «բռնատէրիկ»ի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ...:


Այլ հանրահռչակ բռնատէր մը՝ Ատոլֆ Հիթլերը կը պատգամէր իր հպատակներուն. «Եթէ անհաւատալի մեծ սուտ մը շարունակես յաճախ կրկնել, ան հաւաստի կը դառնայ»: Ինչքան ալ Լիբանանի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները շարունակեն հետեւիլ Ա. Հիթլերի յայտնի պատգամին ու իրենց նախկին սուտերը քօղարկելու համար, աւելի մեծ սուտեր յօրինեն ու անընդհատ կրկնեն, անոնք չեն կրնար այլեւս ժողովուրդին վստահութիւնը շահիլ ու շարունակ խաբել...: Ի վերջոյ ժողովրդական իմաստութիւնը կը յուշէ թէ «Ինչքան մեծ ըլլայ սուտը, այնքան արագ կը բացայայտուի»: Այս դառն փորձութիւններէն ետք, ժողովուրդը իրազեկ է արդէն ճշմարտութեան ու կրնայ անաչարօրէն դատել, եզրակացնել ու ըստ այնմ ... գործել:
Այո', ազգային աւերներու, տիրող անիշխանական վիճակի, ու մանաւա'նդ ժողովուրդի արդար բողոքներու հանդէպ, իրենց ցուցաբերած անտարբերութիւնը, սուտի ու կեղծիքի վրայ հիմնուած արդարացումներն ու անհիմն ամբաստանութիւնները, անգամ մը եւս կու գան հաստատելու, որ այն ինչ որ թշնամիները չկրցան ու չեն կրնար ընել դուրսէն, Հայաստանի եւ Լիբանանի իշխանութիւնները ըրին ու կը շարունակեն ընել՝ ներսէն...: Գիտէք հոգեբանականները կ՝ըսէն, թէ կան ղեկավարներ, որոնք իրենց իշխանութիւնն ու խարխլած աթոռը պահելու համար, հաճոյքով կը քծնին գերադասներուն առջեւ եւ կը ստիպեն որ իրենց ստորադասներն ալ նոյնը ընեն իրենց: Այս պատճառով ալ, հանրութեան համար, տակաւին յստակ չէ, թէ անոնք իրապէս հլու ու հնազանդ ոչխարնե՞ր են, թէ ոչխարի մորթի տակ թագնուած՝ «Գորշ Գայլեր»: Գուցէ՞ թէ' մէկը եւ թէ միւսը, դժուար է որոշել...:


Ըլլա'յ Լիբանանի թէ Հայաստանի տարածքներուն, տեղի ունեցող բողոքի ելոյթները սկսած են ստանալ ժողովրդական ցասման բնոյթ, ու հասած են վտանգաւոր ու մտահոգիչ հանգրուանի: Դուք կրնաք չհաւատալ «Ահեղ Դատաստանին», սակայն չէք կրնար նկատի չառնել ու չհաւատալ «ժողովրդային ցասման դատաստանին», որ իր բազում օրինակներով իր ուժը զգացնել տուած է պատմութեան ողջ ընթացքին...:


Կայ նաեւ մետալին միւս երեսը: Ընթերցողներէս շատեր հարց կու տան թէ ի՞նչ է ելքը:
Սիրելի ընթերցող, անգամ մը եւս խոստովանիմ որ ես անզօր եմ այս հարցին պատասխանելու: Սակայն կան մաքուր անցեալ ու փորձառու անձնաւորութիւններ, որոնք ի վիճակի են ելքը գտնելու եւ լուծումներ առաջարկելու: Ինչպէս. Նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ու հմուտ դիւանագէտ՝ Արման Նաւասարդեան, վաստակաւոր քաղաքական գործիչ ու Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Վարչապետի պաշտօնական թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեան, կայացած գրող եւ միջազգայնօրէն յաջողած տնտեսագէտ Վահան Զանոյեան, Հայաստնի Հելսինքեան Կոմիտէ-ի իրաւապաշտպան՝ հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար եւ անաչար հրապարակախօս՝ Աւետիք Իշխանեան, Ազգի ու Հայրենիքի շահերու պաշտպան եւ հանրայայտ լրագրող՝ Աբրահամ Քասպարեան, քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր ու գնահատուած հրապարակախօս՝ Արմէն Այվազեանեանն ու շատ շատեր...:
Այնպէս որ ելքը կայ եւ ուշ կամ կանուխ, կամայ ակամայ յանցագործները պիտի կանգնին ժողովրդական դատաստանի դիմաց:


Մ. Ս. Հերկելեան

Դիտվել է՝ 24603

Մեկնաբանություններ