Դուն այնտեղ էիր, երբ ամէն արեւագալին բազմութիւնները, հասունցած ցորեններու նման, իրենց գլուխները կը խոնարհէին ծագող արեւին:
Դուն այնտեղ էիր՝ կրակին մէջ, երբ հեռաւոր փոշոտ ճամբաներէն բազմութիւնները կը փրթէին՝ երկրպագելու ատրուշանին:
Դուն այնտեղ էիր՝ մաքրամաքուր Անահիտի ոսկէ արձանի կերպարանքով, երբ ցուլեր կը զոհաբերէին, երբ կոյսերը կը մատուցանէին ինչ որ թանկագին էր իրենց համար, աւելի թանկագին, քան գոհարները Հնդկաստանին:
Քու խանձարուրը եղաւ կեանքը, Քու օրօրոցը եղաւ յաւիտենականութիւնը: Դուն մեծցար, Տէ՜ր, անցար մարդկային բոլոր կերպարանքներէն, անցար մարդկային վիշտերէն, մահուան երկիւղէն եւ եղար կատարեալ, եղար Աստուած:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ