Կայ նկարը, ուր արուեստագէտը դրած է իր հոգին, գոյներուն խառնուած է արիւն, խառնուած են ջիղ եւ ուղեղ, եւ սակայն ու՞ր է նկարիչը:
Մարդիկ այս հարցումը ըրին, ձայն առին-տուին, փառաբանական երգեր յօրինեցին, աղօթքի ջերմ բառեր փնտռեցին՝ օրհներգելու համար Քեզ, Տէ՜ր, երբ զգացին արուեստագէտին հզօր շունչը, հոգին, զգացին մարմինը Քու ստեղծագործութիւններուն մէջ:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ