Թուրքիայի նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանը նախատեսում է մայիսի 9-ին առաջին անգամ այցելել Սպիտակ տուն նախագահ Ջո Բայդենի պաշտոնավարումից հետո: Սա նշանակում է, որ վերականգնվում են այս երկրների ռազմական կապերը: Թուրքիայի կողմից ՆԱՏՕ-ին Շվեդիայի անդամակցության հաստատումից հետո Վաշինգտոնը 23 միլիարդ դոլար արժողությամբ պայմանագիր է ստորագրել՝ ամերիկյան արտադրության F-16 մարտական ինքնաթիռներ, հրթիռներ և ռումբեր Անկարային վաճառելու համար:                
 

Վաչե Բրուտյան. Տագնապի մէջ են թէ՛ Ամերիկան, թէ՛ Հայաստանը, որ հայրենիքս է

Վաչե Բրուտյան. Տագնապի մէջ են թէ՛ Ամերիկան, թէ՛ Հայաստանը, որ հայրենիքս է
03.06.2020 | 11:57

Երկուքին պարագային ալ գործ ունինք ապաշնորհ ղեկավարութեան հետ (նախագահ եւ վարչապետ)։ Տարբերութիւնը այն է, որ Ամերիկայի համար այս ներկայ տագնապը, ինչքան ալ ծանր ըլլայ, նախագահը ինչքան ալ ապաշնորհ ըլլայ, երկիրը գոյութենական վտանգ չի դիմագրաւեր։ Անիկա ունի պետական ամուր ու կայացած կառոյցներ։

Հայաստանի պարագային տարբեր է, որովհետեւ թէ՛ կը դիմագրաւէ գոյութենական խնդիր (արտաքին թշնամիներ) եւ թէ՛ անոր պետական կառոյցները օրէ օր կը ջլատուին։ Այսպէս, վարչապետի պաշտօնը վարող Ն. Փաշինեան առաջին իսկ մէկ օրէն յայտարարեց, թէ ինք «իզմերու» չի հաւատար։ Այսինքն ոչ մէկ գաղափարախօսութեան կը յարի. չունի գաղափարախօսութիւն (թէեւ կը ղեկավարէ... «կուսակցութիւն» մը)։ 3 ամիս վերջ ալ հրապարակաւ յայտարարեց, թէ «ինչի Հայաստանում կա՞յ մի դատաւոր որ ինձ կարա ասի՝ չէ...», այս ձեւով սկսելով պետութեան իրաւական հիմքերը քանդելու գոըծընթացին...

Երկու օր առաջ ականատես եղանք մեր երկրի քաղաքացիական օդագնացութեան կառոյցին հասցուած ծանր հարուածին՝ իբրեւ ապաշնորհ ղեկավարումի նորագոյն ապացոյց։ Վարչապետը կը յայտարարէ, թէ ան որ խախտում նկատէ, թող իրեն ղրկէ համապատասխան լուսանկարները (ինք անձնապէս փոխարինած է պետական կառոյցները...)։ Երկրի ազգային ապահովութեան սպասարկութեան կը հրահանգէ երեւան հանել թաղային խրախճանքի մը հանգամանքները (Շէնգաւիթ)։ Այդ սպասարկութիւնն ալ, լուռ ու մունջ, երկրի ապահովութեան սպառնացող վտանգներու չէզոքացումի խնդիրը մէկ կողմ դրած, լծուեցաւ այդ գործին...

Չեմ ուզեր խօսիլ համաշխարհային տարողութիւն ունեցող համավարակը դիմագրաւելու ուղղութեամբ հայրենի իշխանութիւններուն ցուցաբերած փնթիութեան մասին։ Աւելորդ է։

«Սիրոյ եւ համերաշխութեան» քարոզիչ Փաշինեան յաջողեցաւ ներքին լարուածութիւն, ատելութիւն եւ երկպառակութիւն սերմանել ու չի դադրիր իր այս վարքագիծէն։
Նոյնը կը պատահի Ամերիկայի մէջ, ուր նախագահը ոչ մէկ նախադասութիւն արտասանած է ցարդ երկրին մէջ համերաշխութեան մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ։ Ընդհակառակը՝ կրակին վրայ իւղ թափեց տակաւին քանի մը օր առաջ, շաբաթէ մը աւելի շարունակուող բողոքի ցոյցերուն կապակցութեամբ։

Երկու օր առաջ, երբ Փաշինեան յայտարարեց, որ ինքն ու իր ընտանիքը քորոնա ժահրով վարակուած են, շատեր դժուարութիւն ունեցան... հաւատալու (ստախօս Միհրանի պատմութեան հետեւութեամբ...)։ Այսօր, Լոս Անճելըսի տեղական ձայնասփիւռի կայաններէն հարցազրոյցի հրաւիրուած էր քաղաքագէտ մը, որ գիրք մը լոյս ընծայած էր Թրամփի սուտերուն մասին ու կը պնդէր, թէ իշխանութեան գալէն ասդին, Թրամփ 19 հազար չգիտեմ քանի հարիւր սուտ եւ մոլորեցնող յայտարարութիւն կատարած է...

Երկու երկիրներու պարագային ալ, խախտած է հանրութեան ներքին համերաշխութիւնը, «ընկերային պայմանագիրը»։ Ամերիկան կրնայ «վերապրիլ» այս ծանր փորձութենէն։ Մեր հայրենիքը՝ ոչ։ Մենք կը դիմագրաւենք թէ՛ արտաքին թշնամին, որ օրէ օր աւելի լկտի կը դառնայ, եւ թէ՛ համավարակի վտանգը, որ օրէ օր աւելի կը մոլեգնի։

Հետեւաբար, ուժերը համախմբելու հրամայականը դրուած է սեղանին վրայ։ Հայրենի իշխանութիւնները պարտաւո՛ր են գիտակցելու այս հրամայականին։ Եթէ իրենք չեն գիտակցիր, առնուազն թող բարի ըլլան երթալու իրենց «կարօտցած» տուները։

Image may contain: 1 person, eyeglasses, suit and closeup
Դիտվել է՝ 1419

Մեկնաբանություններ