«Ռուսաստանին ռազմավարական պարտության հասցնելու համար Հավաքական Արևմուտքը, ՈՒկրաինայից հետո, ձգտում է ապակայունացնել իրավիճակը հետխորհրդային տարածքի այլ հատվածներում, այդ թվում՝ Հարավային Կովկասում, խարխլելու Ռուսաստանին տարածաշրջանի երկրների հետ կապող դաշինքային և գործընկերային հարաբերությունները: Ռուսաստանը կշարունակի զարգացնել փոխադարձ հարգալից և փոխշահավետ համագործակցություն տարածաշրջանի բոլոր պետությունների հետ»,- ասված է ՌԴ ԱԳՆ հայտարարության մեջ։                
 

Ներդրում, ոչնչացում, ունեզրկում

Ներդրում, ոչնչացում, ունեզրկում
13.02.2015 | 11:36

Չնքուշ


Չնքուշը դարաւանդ մը ձեւացնող վիթխարի ժայռերու վրայ էր կառուցուած՝ տուն տան վրայ և տուն տան կից:
Ոչ միայն լեռնալանջ, այլ նաեւ լեռնամէջ էր Չնքուշը: Մասնաւորապէս հայ Չնքուշը, Չնքուշի հայոց լայնանիստ թաղամասը:
Չնքուշի հայոց թաղերուն դէմքն ուղղուած էր արեւելք՝ ինչպէս հայոց եկեղեցիինը, իսկ թրքական միակ թաղը՝ կառուցուած ԺԸ դարուն, որ ձորով և շուկայով կը բաժնուէր հայոց թաղերէն, կը հայէր հարաւ, ինչպէս կը թելադրէր մահմետական կրօնը: Արեւելքէն դիտողի մը Չնքուշի հայոց թաղը կը նմանէր պայծառ, կենսաւէտ լիալուսնի մը, իսկ թրքականը՝ մահամերձ մահիկի մը:
Չնքուշը գրեթէ մէջտեղն էր Խարբերդի (հիւսիս) և Սեւերակի (հարաւ): Արեւմուտքէն կը հոսէր Եփրատ գետը:

Չնքուշ ըլլալով գիւղաքաղաք մը լեռնային և զուրկ ընդեղէնի ընդարձակ արտերէ, անոր բնակիչներէն հայերը, որոնք կը կազմէին 1500 տուն բնակչութեան չորս հինգերորդը (1200 տուն), արհեստաւոր և առեւտրական էին: Թուրքերու հինգ-տասը տուները ԺԹ դարուն բռնութեամբ և հափշտակութեամբ կալուածի և հարստութեան տիրացած և վաշխառու աղաներ ու պէյեր էին, իսկ մնացեալ բացարձակ մեծամասնութիւնը՝ ջորեպան, իշապան, մշակ (օրավարձով որեւէ գործ ընող), աղքատ՝ ընդհանրապէս:
Քաղաքը շրջապատուած էր հայապատկան և վանապատկան արգաւանդ այգիներով, որոնք փորելու աշխատանքն անգամ չէին կատարեր այգետէր հայերը, այլ օրավարձով կը կատարէին Գարաչէօլէն եկած և տեղացի թուրք մշակներ, որոնք գարնան երկու ամիսներուն կը շարուէին շուկայի արեւմտեան մուտքի խանութներու պատերուն տակը և հայերը զանոնք վարձելով կը տանէին այգին փորելու (ի դէպ, Չնքուշի այգիներուն և որեւէ հողամասի տարածութիւնը կը չափուէր մշակիով - մշակի մը այգի փորելու կարողութիւնը մէկ օրուան մէջ):


Չնքուշի հայ արհեստաւորներուն և մանր առեւտրականներուն երեք քառորդը տարուան եօթը-ութ ամիսները կ՛աշխատէր քաղաքէն 25-75 մղոն հեռաւորութեամբ՝ Խարբերդ և Տիգրանակերտ նահանգներուն վերաբերող քաղաքներու, աւաններու և գիւղերու մէջ: Իսկ մեծաքանակ վաճառողներու, մասնաւորապէս կաշիի վաճառականներու առուծախը կամ ներածումի և արտածումի գործառնութեան ուղեգիծը կ’ընդգրկէր ոչ միայն Արեւմտահայաստանի բոլոր քաղաքները, Միջագետք ու Կիլիկիա, այլեւ մինչեւ հեռաւոր Ասիոյ երկիրները՝ Հնդկաստան, Չինաստան, Պուրմա, Մոնկոլիա եւ այլն:
Չնքուշ ունէր երեք խոշոր խաղախորդարան, երեքն ալ դարաւոր, ամրակուռ շինութիւններ, պատերը կառուցուած կարծր և սրբատաշ քարերով, իսկ յատակները՝ սալարկուած:
Խաղախորդարաններէն մին, որ քաղաքի առջեւի գետակի եզերքն էր և կը կոչուէր Տէյիրմէնճոնց, Ի դարու առաջին մէկուկէս տասնամեակին (կամ մինչեւ Մեծ եղեռնը) ազգային սեփականութիւն էր և կը բանէր Ս. Կարապետ հայոց եկեղեցւոյ թաղականութեան վերին հսկողութեամբ: Երկրորդը՝ քաղաքին ծայրամասը, դէպի հարաւ-արեւմուտք՝ Ջումաճակի մօտ, սեփականութիւնն էր Քէօսէեան-Աթթարեան գերդաստաններուն: Իսկ երրորդը՝ քաղաքին արեւմուտքը՝ գերեզմաննոցին կից, սեփականութիւնն էր մեծահարուստ Մուրատեաններուն (Պճօ Մուրատենք), որոնք ընտանեօք, 1895-ին համիտեան կոտորածներէն յետոյ Խարբերդ գաղթեցին և հոն ընդարձակածաւալ վաճառատուն մը հիմնեցին, և իրենց հաշւոյն խաղախորդարանը կը բանեցնէր ու Չնքուշի իրենց վաճառականութիւնը կը տնօրինէր իրենց փեսան՝ Խաչատուր Դեղինեանը (հանրածանօթ Պոզօենց Գօջօն), որ ազդեցիկ դէմքերէն մին էր մեր ժամանակակից Չնքուշի (1900-1915):

ՉՆՔՈՒՇԻ ՇՈՒԿԱՆ ԻՐ ԱՌԵՎՏՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԽԱՆՈՒԹՆԵՐՈՎ
1. Զպըլլոց: Չնքուշի շուկան քաղաքին դարպասն էր, շատ մօտիկ հայերու և թուրքերու թաղերուն, սակայն բոլորովին զատուած անոնցմէ: Կիներ երբեք շուկայ չէին իջներ, և հայ ու թուրք թաղերն երկար ձորով մը իրարմէ բոլորովին բաժնուած ըլլալով, կարելի է առանց սխալած ըլլալու ըսել, թէ հայ կիները թուրքերուն և թուրք կիները հայերուն թաղը բնաւ ոտք չէին կոխեր (հայոց նոյնիսկ կեդրոնական թաղին մէջ էր պապենական տունը Հիւսէյին պէյին, որ ծոռն էր նշանաւոր Գաբու Գրան փաշային, հայութենէ դարձած մահմետական կառավարիչը Չնքուշին: Նման ԺԹ դարուն թրքացած մի քանի թուրք տուներ ալ կային Գալայ մահլային մէջ, բայց այս երեւոյթը ի զօրու չէ փոխելու մեր յայտարարութիւնը): Հազուադէպօրէն հայ կիներ թուրքի երես կը տեսնէին: Այս պատճառով հայ կիներ թրքերէն ալ չէին գիտեր և կամ պառաւներէն ոմանք կը խօսէին շատ ծիծաղաշարժ թրքերէն մը:


Շուկան կը սկսէր չային (գետակ) արեւմտեան եզերքէն կամ անոր վրայ կառուցուած հոյակապ կամուրջէն:
Արեւելքէն կամուրջն անցնելուն պէս առջեւդ կը բացուէր ընդարձակ առեւտրական հրապարակ մը, այդ էր Զպըլլոցը (աղբանոց): Այդ առեւտրական հրապարակին տեղը շատ դարեր առաջ, տակաւին հոյաշէն, կամարակապ կամուրջը գետակին վրայ չկառուցուած և Զպըլլոցը առեւտրական հրապարակի չվերածուած ու շուկային մաս չկազմած, եղած է իսկապէս խեշերանքի տեղ, և չնքուշցիներ այնտեղ կը կուտակէին իրենց տան աւելցուկները, փոխանակ գետակին մէջ նետելու կամուրջէն, ինչպէս կ՛ընէին մեր ժամանակները: Մոռանալու չէ, որ Չնքուշի գիւղաքաղաքը դէպի հիւսիս-արեւմուտք չընդարձակուած՝ չային ջուրը կը ծառայէր նաեւ որպէս խմելու ջուր բնակիչներուն: Թէ Զպըլլոցը գոյութիւն ունեցած է կամուրջը կառուցուելէն շատ առաջ, այս վարկածին հաւաստիութեան մասին կը վկայէ այն իրողութիւնը, որ չնքուշցիներ մինչեւ 1915-ի Մեծ եղեռնը, երբ իրենց տուներու աւելցուկները, խեշերանքը կամ սատկած կատուն ու շունը կը տանէին նետելու կամուրջէն վար՝ գետակին մէջ, կ՛ըսէին. «Զպըլլոցէն վար նետեմ», փոխանակ ըսելու «կամուրջէն վար նետեմ»:
Զպըլլոցին և կամուրջին վրայ կը նայէին երկյարկանի նորակառոյց քաղաքապետարանը և Զպըլլոցին մէջ կը բացուէին երկու սրճարան, տասնէ աւելի խանութ, փուռ, դարբնոց, նպարեղէնի, պայտարի խան և այլն: Անոր հարաւ-արեւմուտքը կը գտնուէր Չնքուշի հոյակերտ բաղնիքը՝ նոյնպէս դարաւոր հաստատութիւն մը, իսկ հիւսիս-արեւմուտքէն կը սկսէր բուն շուկան: Այս առեւտրական հրապարակին վրայ ամէն օր, բացի կիրակիէն, փատւորը (աւանակով փայտ բերող գիւղացի քիւրտերը) կը ծախէր իր փայտը, ձմեռը՝ փայտածուխը, երբեմն ալ եղանակին համեմատ թարմ մրգեր, մեղր, թան և քաղցու: Այս վերջին երկու կենսանիւթերը հայոց թաղերը պտտցնելով կը ծախէին առհասարակ, որովհետեւ անոնց գնողները կանայք էին, և Չնքուշի կիները շուկայ չէին իջներ:
Իսկ ամենօրեայ փատւորին առանձնայատկութիւնն այն էր, որ ան անսահման վստահութիւն ունէր չնքուշցիին վրայ, որը գնելով անոր փայտը անուանական գնով մը՝ երկուքէն երեք ղուրուշ իշաբեռը, քիւրտին իշովը կը տանէր իր տունը, փայտի բեռը հոն վար կ’առնէր իշու քամակէն և էշը կը վերադարձնէր Զպըլլոց, ուր իրեն կը սպասէր փատւորը՝ իր ձեռք բերած մի քանի ղուրուշով շուկայի հայ առեւտրականէն աղ, օճառ կամ կտոր մը չիթեղէն գնելէն յետոյ (թուրքերն ըլլալով առհասարակ աղքատ և իշապան, իրենք մօտակայ անտառներէն կը բերէին իրենց տան փայտը, մի քանի տուներու բացառութեամբ):
2. Առասա: Միւս առեւտրական հրապարակն էր Առասան, որ կը գտնուէր շուկային մէջտեղը ու եզերուած էր ամէն տեսակ խանութներով: Ի դէպ, Առասային մէջ էր խանութը մեր ժամանակակից Չնքուշի միակ հրեային, որ կը ծախէր հայ առեւտրականներու մէջ չգտնուած վաճառքներ՝ դեղօրայք, ապակեղէն, շիշեղէն և այլն: Ե՞րբ և ուրկէ՞ եկած էր Չնքուշ այս հրեան, ոչ ոք գիտէր, ան կը բնակէր իր խանութին ետին: Այս առիթով ըսենք, որ Չնքուշ ո՛չ յոյն կար, ո՛չ ասորի և ո՛չ ալ հրեայ, միակ քրիստոնեայ բնակիչը հայն էր, մահմետականը՝ թուրք: ԺԹ դարու կէսէն ետք միայն մերձակայ քիւրտ գիւղերէն քիւրտ բռնակալներ հաստատուած էին Չնքուշ:

ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Կաշեմշակութիւնը ըլլալով գլխաւոր արհեստը կամ ճարտարարուեստը Չնքուշին, բնականօրէն կաշեվաճառաութիւնն ալ պէտք էր ըլլալ և էր անոր գլխաւոր վաճառականութիւնը:
Ինչպէս տեսանք վերեւ, Չնքուշի երեք խաղախորդարաններէն մին կը պատկաներ Մուրատեաններուն, որոնց Խարբերդի և Հալէպի մէջ հաստատուած մեծաքանակի վաճառատուներէն ծախուած բոլոր կաշիները կը մշակուէին Չնքուշի իրենց խաղախորդարանին մէջ: Համաձայն Գրիգոր Մուրատեանի, միայն Մուրատեաններու տան կաշեվաճառութեան արժէքը կը հաւասարէր տարեկան 100000 տոլարի: Հանրագումարի բերելով Չնքուշի միւս երկու աղախորդարաններու մէջ և, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Խարբերդի ու Սեւերակի չնքուշցիներու խաղախորդարաններու մէջ մշակուած կաշիներու արժէքը եւս, վստահօրէն կարելի է ըսել, թէ Չնքուշի կաշեվաճառութեան արժէքը կը հասներ տարեկան առնուազն կէս միլիոն տոլարի:


Հնուց, դարերով Չնքուշէն Հալէպ կարաւաններու երթեւեկութիւնն ու վաճառականութիւնը Հալէպի հետ այնպիսի վիթխարի չափերու էր հասած, որ Հալէպ անունը Չնքուշի մէջ հոմանիշ էր դարձած անգերազանցելի հարստութեան: Այս մեծ համարումէն, ահա, Չնքուշի մէջ ծագում էր առած «Եթէ Ստանպուլը քանդուի, Հալէպը կրնայ զայն վերաշինել, սակայն եթէ Հալէպը քանդուի, Ստամպուլը չի կրնար զայն վերաշինել» ասացուածքը:
Հնուց ի վեր, մինչեւ Ի դար հեռաւոր Արեւելքի երկիրներէն մեծղի կենդանիներու բիրտ հում կաշի ներածող վաճառականներ կը ճանչցուէին Չնքուշի մէջ՝ Աթթարեաններ, Ալըգանեաններ, Գալոյեաններ, Թելլոյեաններ, Շահինեաններ, Վննոյեաններ, Քէօսայեաններ, Ֆրանկեաններ:

ՀԱՅ ՉՆՔՈՒՇԻ ՄՈՐԹՈՏՈՒՄԸ 1915-Ի ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻՆ
Երբ իրենց ըսուի, թէ՝
ա) 1915-ի Մեծ եղեռնին, Չնքուշի մէջ մնալով, միայն մէկ ընտանիքի երկու երիտասարդ որբեւայրի կիներն ու անոնց ութը անչափահաս զաւակները ազատուած են հայ Չնքուշի մորթոտումէն.
բ) Չնքուշաբնակ կամ 1914-1915 տարիներուն Չնքուշի մէջ ապրող մէկ հատիկ հայ չյատնուեցաւ ոեւէ տեղ հայկական տեղահանութեանց արիւնոտ ճանապարհներուն վրայ, ոեւէ գիւղի կամ քաղաքի, կամ Հալէպի, Տէր Զօրի, Դամասկոսի ու Արաբիոյ ոեւէ մասին մէջ, որովհետեւ ողջ հայ Չնքուշը մորթոտելու համար Իթթիհատի կողմէ մասնաւորապէս Չնքուշ ղրկուած արիւնկզակ չէթէները չեն թողուցած, որ «տեղահանուած» մէկ հատիկ չնքուշցի անցնէր երկու ժամ հեռաւորութեամբ գտնուած Տուտանէն (Չնքուշէն հիւսիս-արեւելք երկու ժամ հեռաւորութեամբ անյատակ գուբ մը, որուն ներքեւէն հոսած ջուրին ձայնը հազիւ կը լսուի վերեւէն) անդի.
գ) հայ Չնքուշի մորթոտումէն պրծած մատի վրայ համրուող մի քանի խլեակներ ալ Տուտանի եզրէն կամ բերնէն ազատուածներն են հրաշքով.
այն ատեն բոլոր ընթերցողներն ալ պիտի համոզուին, թէ 10000 հայ բնակչութիւն հաշուող հայ Չնքուշի մորթոտումը եղած է ամենաքստմնելին, ամենազարհուրելին, ամենասոսկալին և ամենադաժանը Թուրքիոյ բոլոր գաւառներու, քաղաքներու և գիւղերու հայոց կոտորածին մէջ և ամենակատարեալը՝ ոճրածին թալեաթներու և էնվէրներու ցեղասպանութեան տեսակէտէն:
Փաստօրէն, 1915 օգոստոսէն յետոյ, բացի վերեւ յիշուած երկու որբեւայրի հարսներէն և անոնց ութը անչափահաս զաւակներէն, որոնք մահմետականացած էին և որպէս «դերձակուհի արհեստաւոր» Աշրաֆ աղային տունը մի քանի տարի մնացին, մէկ հատիկ հայ մնացած չէ Չնքուշ և անկէ ետքն ալ մինչեւ այսօր չնքուշցի հայու ոտք կոխած չէ այնտեղ:

Էջի պատասխանատու` Խաչատուր ԴԱԴԱՅԱՆ

Դիտվել է՝ 2131

Հեղինակի նյութեր

Մեկնաբանություններ