Կը հաւատամ, որ կաս, Տէ՛ր, որովհետեւ կը զգամ Քու շունչը ծաղիկներուն մէջ, որոնք բուրմունքներով կը մտածեն, կը տխրին ու կը ժպտին գոյներով:
Կը հաւատամ, երբ հասկը իր ցորենի հատիկները կը շարէ, երբ շերամը մետաքսի թելերով իր մթութիւնը կը հիւսէ՝ կերպարանափոխուելու եւ հասնելու թեւերու կատարելութեան:
Կը հաւատամ, որ կաս, Տէ՛ր, որովհետեւ ամէն անգամ, երբ կը տեսնեմ ծիսական ցաթումը արեւին, իմ շրթներէն թիթեռնիկի թեւերուն պէս թարմ ու մաքուր աղօթքի բառեր կը բարձրանան՝ հասնելու համար Քեզի:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ