Օ՜հ, օրհնութիւն արեւին, կանաչին, կապոյտին, սերմին ու պտղաբերութեան:
Օրհնութի՜ւն մօր ժպիտին ու կնոջ սրբազան բեղմնաւորութեան: Օրհնութի՜ւն արտերուն, ճամբաներուն ու փոքրիկներու ճաճանչաւոր շարժումներուն: Օրհնութի՜ւն ծառերուն, որոնք սերմի եւ ուղեղի թացութիւնով կը պտկին՝ ծաղկելու համար շունչովն Աստուծոյ:
Աստուածային ի՜նչ ոյժ եւ ի՜նչ դիւցազներգութիւն, երբ յաւիտենականութեան մը չափ անծանոթ մթութեան մէջ սերմը կը ճեղքուի հողին տակ, ու ծիլը գետինը կը ճեղքէ եւ կը բարձրանայ արեւին, կը բարձրանայ Քեզի, Տէ՜ր, որովհետեւ Դուն Ինքդ ես կեանքը բեղուն, եւ Դուն կաս բոլորին մէջ:
ՈՒ ես այդ բոլորով կառուցի իմ հոգիի ու մարմնի տաճարը սրբազան:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ