Ինչպէս արեւն է ծառին աւիշին ու սերմին համար, նոյնն է Տէրը ինծի համար: Արեւը իր ջերմութիւնով կը կանաչազարդէ ծառը, որ բուք ու բորան ձմեռէն անցած է: Ինչպէս արեւը իր ջերմութիւնով գոյութեան կը կանչէ ծաղիկները անծանօթին մէջ թաքնուած, այնպէս ալ Տէրը իմ անծանօթ հոգիին մէջ թաքնուած բառերը գոյութեան կը կանչէ՝ փառաբանելու համար արեւը, որ արեւագալին իմ պատուհանին մէջ կþիյնայ ու կþիյնայ իմ հոգիին մէջ, գոյութեան կը կանչէ Բանը, որ ի սկզբանէ առ Աստուած էր, փառաբանելու համար իմ նոր օրը իմ նոր կեանքին հետ:
Կարծես երբեք նոյնը չըլլար այդ օրուան թռիչքը թռչունին, եղրեւանիին շուրջ դարձող բզզիւնը մեղուին ու մարմնին գծերը, շիկնումը կնոջ: Կարծես երբեք նոյնը չըլլար կապոյտը երկնքին, շիկնոտ ծաղիկը խնձորենիին: ՈՒ իմ օրը նոր է մտածումի ու երազներու ջերմութիւնով, երբ Տէրը իմ հետն է:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ