Տէրը իմ հետն է այն ատեն, երբ կը բախեմ դուռը զրկուածին, հիւանդին՝ անոնց հետ բաժնելու համար իմ բերկրանքը իմ նոր արեւին ու իմ նոր օրուան:
Տէրը իմ հետն է, երբ ես կþօգնեմ հաշմին, որ քալէ ինծի հետ, քալէ արեւոտ ճամբաներէն ու մտիկ ընէ ճաճանչաւոր ձայները երախաներուն, որոնք ճամբաներուն վրայ կը խաղան, եւ տեսնէ կանանչին վրայ ոստոստող ճագարները ու ինծի հետ մտիկ ընէ այն երաժշտութիւնն ու բառերը, որ կու գան կապոյտէն, կանանչէն եւ լռութենէն: Ան պիտի մոռնայ իր հաշմուած մարմինը, պիտի շարժին անոր երազները հետզհետէ բացուող ծաղիկի մը դանդաղութեամբ, եւ իր մէջ պիտի զգայ շունչը Աստուծոյ:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ