Միացյալ Նահանգները չի աջակցել Իրանի դեմ Իսրայելի պատասխան հարձակմանը՝ հայտնել է CNN-ը՝ հղում անելով ամերիկացի պաշտոնյային։ «Մենք չաջակցեցինք այս պատասխանին, թեև Իսրայելը Վաշինգտոնին զգուշացրել էր, որ մոտ օրերս պատասխան միջոցներ կձեռնարկի Իսլամական Հանրապետության դեմ»,- ասել է ամերիկացի պաշտոնյան։                
 

1915 թ. Մեկուկես միլիոն և մեկ

1915 թ. Մեկուկես միլիոն և մեկ
03.11.2017 | 11:15

Մարդկանց, ժողովուրդների, պետությունների կյանքը հաճախ պայմանավորված է պայմանականություններով, որոնք անհնար է խարխլել: Ի պատասխան օտարերկրյա դիվանագիտական ներկայացուցիչների հարցման, թուրքական իշխանությունը հայտարարեց, թե Կ. Պոլսում ձերբակալված է ընդամենը 234 հայ, իսկ մնացած 77 հազարը խաղաղ և հանգիստ կերպով իր գործով է զբաղված: Մենք հավատացինք այս կեղծիքին ու ցեղասպանության սկիզբ համարեցինք ապրիլի 24-ը, երբ մահվան ճամփան բռնեց ձերբակալված ազգային, քաղաքական գործիչների, մտավորականների առաջին քարավանը: Այնինչ ներքոբերյալ փաստերն այլ բան են վկայում:
Նահատակների թիվը ո՞վ որոշեց մեկուկես միլիոն և ոչ ավելի` չգիտեմ: Բայց այդ թվին թող գումարեն ևս մեկը` ի՛նձ: Ի՛նձ ձերբակալեցին Կոմիտասի, Սիամանթոյի, Դ. Վարուժանի, Գ. Զոհրապի, Ե. Օտյանի և այլոց հետ: Ի՛նձ աքսորեցին ու տունս բռնազավթեցին: Ի՛նձ խոշտանգեցին Երզնկայի բանտում: Ի՛մ դին էր Մարիցա գետում…
1,5 միլիոն+1…

Տխուր օրեր է որ մենք կանցնենք այս մեծ ու մարդաշատ քաղաքին մէջ:
Կառավարութիւնը թաղական խորհուրդներուն իմացուց թէ, ժողովուրդէն ով որ կը փափաքի, կրնայ հեռանալ մայրաքաղաքէն, ամեն ապահովութիւն խօստանալով գացողներուն, գաւառի որ կողմը որ գաղթելու պատրաստութիւններ տեսնէ, մինչդեռ թուրքերէն շատերն արդէն կը մեկնին դէպի ներսերը:
Պոլսոյ թաղերէն ոստիկանները կը ժողուեն կարգ մը հայեր ու զանոնք անծանօթ տեղեր կուղարկեն:
Պոլսոյ հայկական դպրոցները մեծ մասամբ փակուած են, իսկ բաց մնացածներն ալ արդէն կանոնաւոր դասախօսութիւններ չեն կատարուիր:
Շատ մը վարժարաններ զինւորական իշխանութեանց կողմէ գրաւուած են ու կը ծառայեն կամ զինւորներու բնակարան կամ կենդանիներու ախոռի տեղ:
Վարժարաններէն զատ, զինւորական իշխանութիւնը նոյնպէս ձեռք դրած է անձնական տուներու վրայ: Այն տուներուն տէրերը որ Պոլսէն հեռացած են, պատերազմի սկսելէն իսկ գրաւուած են: Իսկ անոնցմէ զատ, ոեւէ սպայ, ըստ իւր քմահաճոյքին, կը մտնէ ընտանիք բնակած տուները ու կը պահանջէ որ տան մէջ բնակողները անցնին մէկ կամ երկու սենեակի մէջ ու մնացած յարկաբաժինները յանձնւին իրեն:
Սպաները մասնաւորապէս խնամք կը տանին հայերուն տուները գտնել ու Անատօլուէն եկած կիսավայրենի զինւորները տեղաւորել անոնց մէջ:

26 մարտ 1915

Շաբաթ առտուընէ (խոսքը 1915 թ. ապրիլի 18-ի մասին է - Խ. Դ.) Պոլսի ամբողջ ոստիկանութիւնը շարժման մէջ դրւած էր, սկսան հատ-հատ ձերբակալումներ նախապէս պատրաստւած ցանկով: Գիշերը տեղի ունեցաւ բուն դաւը, տեւելով մինչեւ կիրակի: Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծանօթ դեմքերէն գրեթէ ամէնքն ալ ձերբակալւեցան ու կէս գիշերին օթօմօպիլներով, ոստիկանների եւ ժանտարմներու հսկողութեամբ, փոխադրւեցան կեդրոնական բանտ: Նոյն ժամուն հսկողութեան տակ առնւեցաւ «Ազատամարտ»ի խմբագրատունը, ու հոն գտնւողները նոյնպէս ձերբակալւեցան: Մինչեւ օրս ալ շէնքը փակ է, ու առջեւը ոստիկաններ դրւած են:
Դաշնակցականներէ զատ ձերբակալւած են հայկական բոլոր կուսակցութիւններու, հիմնարկութիւններու եւ միութիւններու աչքի ինկնող անդամները, մէկ խօսքով բոլոր անոնք, որ կրնային ոեւէ դեր խաղալ հանրային գործերու մէջ:
Մինչեւ ներկայ վայրկեանը ձերբակալւած են ի մէջ այլոց հետեւեալները. Ակնունի, Խաժակ, Շահրիկեան, Հրաչ, Բ. Շահպազ, Ռ. Զարդարեան, Շամիլ, Սիամանթօ, Մովսէս Պետրոսեան, Դ. Վարուժան, Ժիրայր, Արամ-Աշոտ, տօքթ. Փաշայեան, տօքթ. Քէթէնճեան, Գ. Բարսեղեան, Հ. Համբարձումեան, Բիւզանդ Քէչեան, իր որդին Պարոյր, տօքթ. Թորգոմեան, տօքթ. Տաղաւարեան, «Սապահ»ի խմբագրապետ Տիրան Քէլէկեան, Լեւոն Լարենց, Ներսէս Զաքարեան, Չաւուշեան, Արամ Անտօնեան, Երւանդ Օտեան, տպարանատէր Ատոմ Շահէն, Մելքոն Կիւրճեան, Ստեփան Քիւրքճեան, Կիկօ, Կավռօշ, Սկիւտարի ու Գում-Գափուի Միութիւններու վարչութեանց անդամները ու դեռ բազմաթիւ ուրիշ անձեր - բժիշկներ, դեղագործներ, վաճառականներ եւայլն: Հոգեւորականներէն ձերբակալւած են Կոմիտաս, Յովնան, Պալաքեան վարդապետները, Յուսիկ քահանայ եւ ուրիշները:
Վարդգէսին առաջարկւած է երեք օրւան մէջ հեռանալ Պոլսէն ոեւէ թուրքաբնակ վայր: Վերջին պահուն Գ. Զօհրապն ալ նոյն իմաստով ազդարարութիւն ստացաւ:
Խիստ կարգով խուզարկւեցան Պատրիարքարանը, Գում-Գափուի, Եէնի-Գափուի, Սամաթիոյ դպրոցներն ու եկեղեցիները: Ամէն տեղ կառավարութիւնը մեծ յուսախաբութիւն ունեցաւ, որովհետեւ խուզարկութիւնները ո՛չ մէկ արդիւնք տւին, չնայելով որ անգամ բոլորովին անյայտ մարդոց տուներէ պարկերով գիրք, թուղթ ու պատկերներ տարւած են:
Կալանաւորներէն ո՛չ մէկը կարելի եղաւ տեսնել, թոյլ չտրւեցաւ մինչեւ իսկ մերձաւորներուն հետ: Կըսւի թէ բոլոր ձերբակալւածները, որոնց թիւը երէք հարիւրէ կ’անցնի, աքսորւած են Գոնիա կամ Էնկիւրի:

Վստահելի աղբիւրէ մը կիմանանք որ հայերու հալածանքը Պոլսոյ մէջ դադրած չէ տակաւին, ապրիլ 20-ին ձերբակալւած է դարձեալ 40 հոգի:
Ձերբակալւածները, ինչպէս կըսեն, աքսորւած են Էնկիւրի եւ Չանգրի: Մինչեւ օրս անոնց մասին լուր չկայ, ըստ երեւոյթին կա՛մ բանտն են, կա՛մ ոտքով քալելով տակաւին տեղ հասած չեն:
Թուրք կառավարական եւ կօմիտէական շրջանակները կը շարունակեն իրենց փրօվօքասիօնը: Այժմ ալ լուրեր կը տարածեն մահմետական խուժանի մէջ` թէ` հայերու քով հարիւրներով ռումբ ու զէնք գտնւած է, թէ հայերը ական փորած էին Պոլսի պետական վառօդարանին տակ եւ այլն:

Ոստիկանութիւնը փակեր է Պոլսի բոլոր հայ ակումբները, լսարանները եւ մարզարանները:
Աքսորվածներու հետ հաղորդակցութիւնը հետզհետէ կը դժվարանայ, թերեւս շուտով բոլորովին դադրի: Ճերմակեղէնն անգամ փօսթը մեծ դժւարութեամբ կ’առնէ:
Այն օրը, երբ Պոլսի մէջ տեղի ունեցան զանգւածային ձերբակալութիւններ, կառավարութենէն հրահանգ գացած էր գաւառական իշխանութիւններուն` խուզարկութիւններ եւ ձերբակալութիւններ կատարել բոլոր հայաբնակ վայրերու մէջ:
Վերջին պահուն հասած լուրերէն կ’իմանանք որ ձերբակալւած հայերու թիւը հազարներու կը հասնի:

Ձերբակալման եւ աքսորման գործողութիւնը կատարւեցաւ այնպիսի լրբութեամբ ու գազանութեամբ մը, որ աննախընթաց է: Երեկւան մտերիմ բարեկամը, որ այսօր նախարար է կամ ոստիկանական տեսուչ, լիազոր իրաւունքներ տւած էր քօսոտ ժանտարմներու` հայ գործիչին, հայ բանաստեղծին կամ բժիշկին հետ վարւել այնպէս, ինչպէս կը վարւին արիւնկզակ աւազակներու հետ: Քսանեւչորս ժամւան մէջ հնձեցին, բանտարկեցին եւ առտուն արշալոյսին իբրեւ հօտ մը քշեցին ինչ որ յարգելի դէմք կամ կասկածելի երեւոյթ կար Պոլսի հայ հասարակութեան մէջ: Երկու յարիւր հոգինոց առաջին կարաւանը կ’աքսորւէր ուղեկցութեամբ 150 սպառազէն ժանտարմներու, որոնք պատրաստ էին խոյանալու անզէն ուղեւորներուն վրայ, ամեն անգամ որ իրենց համար անհաճոյ երեւոյթ մը դիտէին: Հրացան ու սւին, թերեւս մտրակ` պատրաստ էին լռեցնելու ամեն տրտունջ:

Պրօվօկացիայի կը դիմեն: Այսպէս, 3-4 օրէ ի վեր կը քանդեն հայ գերեզմանատան մէջ գտնւող ռուսական յիշատակարանը:
Չէթաճիները եւ ոստիկաններն են գործի գլուխը: Շուկաները ինկած` կը բռնեն ու կը ծեծեն ամեն հասակի եւ դասի հայեր: Կ’ուզեն որ դիմադրող մը, զարնող մը լինի, որպէսզի իրենք առիթ ունենան կոտորածը սկսելու:

Կարին, 25 փետրվարի

Օրը օրին աւերն ու սպանութիւնները կ’աւելնան:
Նկարագրւած դէպքերը անոնք են, որ ընդհանուրի սեփականութիւն դարձած են: Տարակոյս չկայ որ ասիկա միայն պզտիկ մէկ մասն է կառավարութեան գործած ոճիրներուն:
Եթէ այս ընթացքը ամիս մըն ալ շարունակւի, ջարդէ աւելի աղէտաբեր կը լինի, որովհետեւ կառավարութիւնը կ’ոչնչացնէ հայ ժողովուրդին լաւագոյն տարրը:
Սեբաստիա, 28 փետրվարի

Կարնոյ հիւանդանոցներուն մէջ օրական կը մեռնին 4-500 հոգի: Քաղաքին մերձակայ 15 հայ գիւղերը բոլորովին դատարկած են հիւանդներ պահելու համար: Քաղաքին մէջ ալ մի քանի թաղեր նոյն վիճակին պիտի ենթարկուին: Գրաւումները կը շարունակուին, մեծագոյն մասը ծանրանալով հայերուն վրայ. կառավարութիւնը կը պահանջէ, որ ամսւան մէջ մէկ շաբաթ զօրքը քաղաքին ծախքովը պահւի. այդ կարգադրութիւնը շատ դժբախտութիւններու տեղի կուտայ. գործադիր իշխանութիւնը կը դիմէ ծեծի, բանտարկութեան եւ այլ բռնի միջոցներու:
20 հունվարի

Ժանտարմները եւ քուրտ կամաւորները լեցուած են քաղաքին մէջ. գիւղերուն մէջ սոսկալի աւազակութիւններ կը գործուին, հայերու բոլոր ինչքերը բռնի կը գրաւուին օրենքի անուան տակ, բռնագրաւումները սոսկալի չափերու կը հասնին, սովը գարնան անխուսափելի է: Զինւորական փոխադրութիւնները կը կատարուին հայերու միջոցով, որոնք շալակով Տարօնէն մինչեւ Հասան-Գալէ, ռուսական սահման, կը տանին մարդկային ուժին անհամապատասխան ծանրութիւններ: Գնացողներուն կէսը չվերադառնար, մեծ մասը կանյայտանար: Աւելորդ է ըսել, որ հայերու բնաջնջման նոր սիստէմ է, զոր որդեգրած է թուրք կառավարութիւնը:

Մուշ, 25 հունվարի

Ապրիլ 8-ին հինգ ոստիկան եւ գանուն չաւուշի մը կ’երթան Ծաթ գիւղի թաղերը եւ Թաթուլ Չիրեչկերճեանը, Մասիս Այճեանը եւ Վարդան Տ. Եղիշեանը կը բռնեն կը տանին յիսնապետ Սիւլէյմանի սենեակը եւ կը սկսին չարաչար ծեծել, կոխկրտել, եղունգները աքցանով քաշել: Վարդանի ականջին բլթակը կը կտրեն ու ամենքն ալ կիսամեռ դրութեան մէջ կը ձգեն: Քանի մը ժամ հետոյ` ջուրով կը սթափեցնեն եւ կրկին ու կրկին կը ծեծեն: Ապա կը հարցնեն թէ ո՞վ են դաշնակցականները, ու՛ր պահւած են զէնքերը եւ ռումբերը եւ որքա՛ն դրամ ղրկւած է քօմիթաճիներուն: Մինչեւ արշալոյս այսպէս խոշտանգելէ ետք` առտւան դէմ երեքն ալ մէկ մէկ մարդու շալակ տալով, կը ղրկեն տուներնին: Երբ աղբիւրին կը մօտենան, Մասիսը կըսէ թէ շատ ծարաւ է: Ոստիկանները կը պառկեցնեն աղբիւրին առջեւ եւ կը սկսին երեսն ի վար միզել. «Ահա՛ քեզի ջուր, կեավուր օղլու կեավուրը»:
Երզնկա

Շատախը դիմադրած է թուրք ու քուրդ վոհմակներուն ամբողջ 53 օր:
Լսելով Վանի պաշարման եւ հայերու նեղ կացութեան մասին, այդ քաջարի լեռնականները կ’որոշեն անյապաղ օգնութեան հասնիլ անոնց: Բայց որովհետեւ այր մարդիկներու ուժերը անհրաժեշտ էին տեղին վրայ, կը վճռեն զինել իրենց կիները եւ խմբեր կազմելով` ղրկել Վան:

15 մայիսի

Ոստիկանութիւնը գործի վրայ է, ձերբակալութիւններ, բռնի դրամահաւաքութիւն, «թէքավիլը հարպիյէ» կը շարունակւին: Նոյնիսկ օսմանեան կանոնաւոր անցագրով Բուլղարիա կամ այլուր գացած հայերու անշարժ կալւածները կը գրաււին: ՈՒսուցիչներուն ձերբակալման հետեւանքով գոցւած հայ վարժարանները եւ մինչեւ անգամ մանկապարտէզի շէնքը նոյնպէս գրաււած են: Ժողովուրդը հացի նեղութիւն կը քաշէ, սկսած է աւելի հունտ եւ գարիի ալիւրով շինւածն ուտել: Արտասահմանէն պարզ ընտանեկան կամ առեւտրական նամակ ստացող հայը կը բանտարկւի եւ հարցաքննութեան կ’ենթարկւի:
Ձերբակալւածներուն մեծ մասը մինչեւ օրս կը մնայ բանտը, առանց հարցաքննութեան եւ հետեւապէս առանց գիտնալու հալածանքին պատճառը:
Քաղաքին մէջ կան 500ի չափ կառավարական չէթաճիներ, որոնք զինւած են ատրճանակներով եւ պարզ զէնքերով ու կը թափառին սրճարանէ սրճարան, սպասելով կոտորածի ազդանշանի: Հայոց լեզուն այսօր չափազանց վտանգաւոր դարձած է, ոչ մէկ մարդ կը համարձակի դուրսը հայերէն խօսիլ:
Մանտրայէն ասդին Սօֆլուի մօտ Մարիցա գետին մէջ յաճախ կը տեսնւին գլխատւած մարմիններ, մինչեւ իսկ իգական սեռի:

Էդիրնե, 22 մայիսի

Կիրասոնի չորս հարիւր տունէն երկու հարիւրը մահմետականացած է, իսկ միւսները քշւած են:

Մալկարա, որ շուրջ 700 տուն հայութիւն ունէր, եւ շնորհիւ բնակիչներուն ժրաջանութեան միշտ ծաղկած վիճակի մէջ էր, այսօր փճացած է այլեւս: Ժողովուրդին մէկ մասը արդէն տեղափոխած են, իսկ մնացածն ալ անվերջ ճնշումներու կ’ենթարկեն:

Խաչատուր ԴԱԴԱՅԱՆ

Դիտվել է՝ 3531

Հեղինակի նյութեր

Մեկնաբանություններ