Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիևը հայտարարել է, որ Լեռնային Ղարաբաղից ռուս խաղաղապահների վաղաժամկետ դուրսբերման որոշումն ընդունվել է Բաքվի և Մոսկվայի միջև խորհրդակցությունների հիման վրա, ինչի արդյունքում ամրապնդվել են Ադրբեջանի և Ռուսաստանի հարաբերությունները: «Սա Ռուսաստանի Դաշնության և Ադրբեջանի առաջնորդների որոշումն էր»,- ասել է նա:                
 

1915 թ. Մահվան ղողանջներ

1915 թ. Մահվան ղողանջներ
10.11.2017 | 11:53

Ապրիլ 17-ի գիշերը խուզարկեցին Ադանայի օսմ. որբանոցը եւ տնօրէն պ. Վահագնի բնակարանը: Երկրորդ օրը տնօրէնը քանի մը ժամ արգիլելէ յետոյ` արձակեցին: Սակայն մէկ երկու օրէն պ. Վահագնը կը ձերբակալեն եւ նախորդներուն կընկերացնեն, ապա կ’առանձնացնեն եւ յարաբերութենէ կ’զրկեն:


Ապրիլ 26-ին, կիրակի օրը, Ադանայի եկեղեցիի փողոցները կապւեցան, ոստիկան, ժանտարմ, իրենց գլխաւորներով, յայտնեցին առաջնորդին թէ եկեղեցին պիտի խուզարկեն: Անմիջապէս դուռը կը բացւի, տեղի կունենայ մանրակրկիտ խուզարկութիւն, բայց ապարդիւն: Ապա կ’ելլեն առաջնորդարան: Հոն մինչեւ իսկ առաջնորդին ննջարանը տակնուվրայ կընեն: Անկէ դպրոցը կ’երթան, հոն ալ նոյնը կ’ընեն եւ փոշեթաթախ կը դառնան առաջնորդարան: Ժողովրդին յուսայատութիւնը ծայրայեղութեան հասաւ, որովհետեւ տարագրումը ընտանիքներով, անչափահաս երեխաներով, ծերերով եւ տկարներով միասին պիտի լինէր:
Ադանայի բանտարկեալներուն եւ շատ մը ուրիշներու համար հրաման ելաւ որ 4-ին պատրաստ լինին` իրենց ընտանիքներով մեկնելու Հալէպ:
Մայիս 8-ին կրկին ազդ` մեկնելու համար, միայն Հալէպ երթալու որոշումը Գօնեայի փոխւած: Հաղորդւողները անհամար են, եկեղեցիի պատերը արտասուքով կը լւացւին: Բաբելոնական գերութեան թափորը կանուխէն սկսած է դիմել կայարան, աղքատները իրենց մէկհատիկ վերմակը շալկած, ծերերը գաւազաններու յենած…


Ա. կարաւանը, որ առաւօտէն մինչեւ իրիկուն ցուցադրւեցաւ, մեկնեցաւ 226 թւի տակ, ամենքն ալ, հարուստ եւ աղքատ, իրենց դրամով առին տոմսերը: Բնաւ դրամ չունեցողներուն համար պաշտօնեաները ըսին` որ ունեւորները առնեն անոնց տոմսակները…
Կոտորածէն աւելի անհանդուրժելի է ներկայ կացութիւնը…

Պատահած աղէտներու պատճառով Բաբերդի հայ ազգաբնակութիւնը սարսափահար` խոր սուգի մէջ թաղւած էր, ամէն տուն արիւն կուլար եւ ժամէ ժամ կը սպասէր նոր պատահարներու:
Շաբաթէ մը ի վեր հայ գիւղերը դատարկւած էին իրենց բնակչութենէն, եւ կը լսէինք թէ ճամբուն վրայ զոհ գացած էին ոստիկաններու եւ չէթաներու վայրագութեանց:
Մեր մեկնումէն երեք օր առաջ, 8 օրւան բանտարկութենէ յետոյ, քաղաքին մէջ կախաղան հանւած էին առաջնորդ Անանիա վարդապետ Հազարապետեան, քաղաքին ազնւականներէն Յովհաննէս Աղապապեան, Վաղարշակ Լուսիկեան, գիւղին հարուստներէն` Զաքիոս Պալախարցի եւ ուրիշներ, ամբողջ 8 հոգի:


Քաղաքէն 7-8 երեւելի անձնաւորութիւններ ալ իրենց տան բակին մէջ սպաննւած էին, տեղահանութեան համակերպած չլինելով: 70 կարեւոր հայեր բանտին մէջ կը հեծէին, ի վերջոյ իմացանք որ անոնք ալ սպաննւեր են քաղաքէն դուրս, անտառներու մէջ:
Քաղաքին բնակիչներու երկու երրորդ մասը, քանի մը օր առաջ երկու անգամէն մեկնած լինելով, կարգը եկած էր մնացեալ հայերուն: Յունիս 1-ին, Լուսաւորչի պահոց երկուշաբթի օրը, կարաւանին հետ ինկանք ճամբայ, Երզնկա մեկնելու համար: Մեզի կընկերանային 15 ոստիկաններ: Քաղաքապետը ուրախ զւարթ ճամբու դրաւ 4-500 հոգիէ բաղկացած կարաւանը:
Հազիւ քաղաքէն քանի մը ժամ հեռացած էինք, հրազէններով, լախտերով, կացիններով զինւած` ձիաւոր չէթաներու եւ թուրք գիւղացիներու անհամար բազմութիւն մը շրջապատեց: Նախ ամենքս կողոպտեցին, ձիերը ոստիկանները ծախեցին թուրք գիւղացիներու եւ դրամը գրպանեցին: Բոլորին վրայ, մինչեւ իսկ կիներու եւ աղջիկներու, մանրակրկիտ խուզարկելով, առին` ինչ որ կար պահւած, ժողովուրդին բոլոր ուտեստը աւարի տւին ու յետոյ սկսան արուները մէկիկ մէկիկ հրազէնով սպաննել: Երկու հարւած միայն կը բաւեր զանոնք գետին գլորելու: Իմ մօտս սպաննեցին Դերջան գիւղացի Տ. Վահան քահանան, ինչպէս եւ ծերունի Տ. Միքայէլը, որ 90 անցէ. վեց-եօթը օրւայ մէջ 15 տարեկանէ վեր բոլոր արուները սպաննեցին հետզհետէ:


Չէթաները լաչակները վեր կ’առնէին, եւ որքան գեղեցիկ կին եւ աղջիկ որ տեսնէին, ձիու վրայ գցելով կը տանէին, միամեայ երախաներ գետին ձգելով:
Ճամբուն վրայ հանդիպեցանք նախապէս տեղահան եղած էրիկ մարդերու, պատանիներու, որոնք անկենդան եւ արիւնաթաթաւ գետին ինկած էին. հանդիպեցանք նաեւ քիչ թւով կիներու եւ աղջիկներու, որոնք իրենց զաւկին կամ ամուսիններուն քով սպաննւած էին: Լերան գլուխները, ձորերու մէջ տեսանք անխնամ թողւած ծերունիներ, ծծկեր երեխաներ, որոնց ձայնը մարած էր լացէն:
Չէին թողուր գիշերել գիւղերուն մէջ, բացօթեայ կը գիշերէինք լեռներու եւ ձորերու մէջ: Գիշերային մթութեան մէջ ոստիկաններու եւ չէթաներու կողմէ անխոստովանելի արարքներ կը գործւէին: Կսկիծէն ու անօթութենէն քալելու անկարող ժողովուրդը ճամբան խոտ կուտէր: Երեկոները մօտակայ գիւղերէն ոստիկանները կը բերէին չորաբեկ հացեր, որոնցմէ հազիւ մէկ մէկ պատառ կ’իյնար մեզմէ իւրաքանչիւրին: Անօթութենէ ու կսկիծէ յանկարծամահ եղողներ չպակսեցան:
Առաւօտ մը 50-60 կառք տեսանք ճամբուն վրայ, պոլսեցի 30 այրիացած թրքուհիներ էին, որոնց սպայ ամուսինները պատերազմին մէջ մեռած` իրենք կահ կարասիներով կը վերադառնային Պոլիս:


Այս թրքուհիներէն իւրաքանչիւրին քով 10 տարեկանէն վար 5-6 հայ աղջիկներ կը գտնւէին: Թրքուհիներէն մին նշան ըրաւ ոստիկանի մը եւ հայ էրիկ մարդ մը ուզէց սպաննելու համար:
-Հանըմ, կրնա՞ս սպաննել,- հարցուց ոստիկանը:
-Ինչու՞ չէ,- պատասխանեց եւ մէջքէն ատրճանակը հանելով դժբախտ հայը գետին տապալեց:
Հոս չմոռնամ շեշտելու թէ` թուրքերը երբէք արու մանուկներ չէին ուզեր ունենալ, ընդհակառակը, բոլոր արուները կը ջանային բնաջինջ ընել, ի’նչ տարիքի մէջ ալ գտնւէին անոնք:
Այդ թրքուհիներէն մին աղջիկ մը ուզեց միասին տանիլ: Վերջապէս երկուքը մէկ առին, իսլամացնելու պայմանով, եւ անմիջապէս անուններն ալ փոխեցին:
Աղէտին ամենէն զարհուրելին վերապահւած է եղեր Երզնկայի դաշտին մէջ, Եփրատ գետին մօտերը:


Մարդկային ոչ մէկ երեւակայութիւն պիտի կրնայ նկարել այս աղեխարշ տեսարանը. կիներու, աղջիկներու, մանուկներու երկինք բարձրացուցած վայնասունը լեռներ կը դղրդէին: Աղջիկները, կիները, 15 տարեկանէն վար ողջ մնացող մանուկները ոստիկաններու եւ չէթաներու կողմէ գետը նետւեցան: Անոնք որ լողալու շարժում մը կընէին, գետին մէջ գնդակահար կը լինէին: Գետը դիակներով լեցւեցաւ:
Երբ Երզնկա հասայ, հոն հայ մը չտեսայ: Բազմաթիւ հայ աղջիկներ ու կիներ կային, բոլորն ալ բռնի ամուսնացած, ինչպէս կը պատմէին թուրքերը իրենք: Կարաւանը շատոնց շարժած էր արդէն: Երբ Էնտերէզ հասանք, արտերը, լեռները, ձորերը լեցւած էին ուռած եւ սեւցած դիակներով, մթնոլորտը ապականւած էր գարշահոտութեամբ: Ճամբուն վրայ ոստիկանները նշմարեցին վեց կիներ, իրենց գիրկը գտնւած մանուկներով: ՈՒշադրութեամբ դիտելով, տեսան որ պեխերնին ածիլած երիտասարդներ էին, կանացի տարազներով, բոլորն ալ սպաննեցին: Ամբողջ 32 օր ճամբորդեցինք` հայու մը երես չտեսանք:

Ձերբակալեցին Խարբերդի բոլոր երեւելիները, մէջը լինելով առաջնորդ Պսակ վարդապետը, որ աքսորւելու պատրւակով տարւեցան կառավարութեան դուռը:
Հոն խեղճերը թալանելով իրենց վրայ եղած բոլոր արժէքաւոր իրերէն ու դրամներէն, իրար կապած ճամբայ հանեցին ու սպաննեցին: Ասոնց մէջ էին Եփրատ քօլեճի բոլոր պրօֆեսօրները: Պրօֆ. Թէնէքէճեանի կինը առաւ գայմագամը ինք, տիրանալով ամբողջ տան եւ զաւակներուն: Յետոյ ճամբայ հանեցին կիներն ու տղաքը, բոլոր փոքրերը խլւեցան, իսկ աղջիկներն ու կիները առեւանգւեցան…
Ներքին գաւառներէն հասած գերիներուն հետ այր մարդ չէր մնացած: Պզտիկներն ու գեղեցիկները ջոկւելէ յետոյ, միւսները լքւած են դաշտերու մէջ, ուր կը մեռնին ճանճերու պէս:
Քանի՜ քանի՜~ մայրեր, իրենց հոգեհատորները գրկած, Եփրատ գետը կը նետւէին…

Մարզւանի 1500 տուն հայ բնակչութենէն այսօր ոչինչ է մնացեր, բացի քանի մը ջոջ ընտանիքներէ, որոնք դրամի ուժով իսլամացած եւ կրցած են իրենց մորթը ազատել:
Իսլամացած են Կէլկէլեան, Երէմեան եւ Միքայէլեան ընտանիքները:
Անհետացած են Ճիզմէճեան, Քիրէմիթճեան, Պօղոսեան եւ նախկին փրօֆէսօր Կիւլլեան, զորս կը կարծւի թէ սպաննած են բանտին մէջ: Սպաննւած են նոյնպէս ամերիկեան քաղաքացի փրօֆէսօր Սրօզեան եւ քարոզիչ Գէորգ Տէմիրճեան:


Գիշեր մը կը ձերբակալւին բոլոր հայ մտաւորականները եւ առտուն ճամբայ կը հանւին դէպի Սեբաստիա: Բայց 3 ժամ հեռուն, բաց դաշտին մէջ, կը նահատակւին ամենքն ալ:
Երկրորդ անգամ կը հաւաքեն 15-18 եւ 45-60 տարեկանները: Ասոնք ալ ճամբայ կը հանեն «դէպի Սեբաստիա»…
Երկու օր դադար: ՈՒ յետոյ ճամբայ կը հանեն որդեկորոյս ծերունիները, նորէն Սեբաստիա ղրկելու պատրւակին տակ: Եւ հայի արիւնով ներկւած ճամբուն վրայ ասոնք ալ կը կազմեն նահատակներու երրորդ խումբը:
Մարտիրոսութեան ամենէն ահռելի եղանակը սակայն վերապահւած էր հայ տիկիններուն եւ օրիորդներուն, որոնցմով կը լմննայ Մարզւանի բնաջնջումը: Ասոնց հրաման կը տրւի պատրաստ լինել` առաջին առիթով Մուսուլ մեկնելու: Յաջորդ օրը երկանիւ կառքեր կուգան կը կենան հայ բնակարաններուն առջեւ: «ձեր ետեւէն կը ղրկենք» ըսելով ոստիկանները կը կողոպտեն այս թշւառներուն դրամը եւ զարդեղէնները: Կարաւանը լացի ու կոծի մէջ ճամբայ կը հանւի: Բայց ի՞նչ Մուսուլ. հազիւ քաղաքէն հեռացած, շրջակայ իսլամ գիւղերու մէջ կանգ կ’առնեն, ծերերն ու փոքրիկներ կը ջարդւին, ու անոնց գալարումներուն մէջ իսկ կը սկսի միւսներոն բռնաբարումը: Այսպէս, մայրեր եւ աղջիկներ հրապարակային պղծութեան կ’ենթարկւին իրարու աչքին առջեւ, ու յետոյ կը բաժնւին թրքական հարեմներու մէջ:

Շաբաթէ մը ի վեր խումբ խումբ հայեր կը ձերբակալւէին ու կը տարւէին: Բազմաթիւ տուներ խուզարկւեցան, բայց ապարդիւն: Արդէն 70 հոգի աքսորւած է: Ձերբակալւածներու մէջ կան շատ մը վաճառականներ` Ադամեան, Մինասեան, Խէրպեկեան, Գրիգորեան, Պասմաչեան եւայլն:


Ձերբակալւեցաւ նաեւ ծանօթ գրող Արտաշէս Յարութիւնեան: Խեղճը այնքան ծեծեր էին որ, աքսոր գացած ատեն, ոտքերու ցաւէն ստիպւած էր կօշիկները ձեռքը առնել: Ծերունի հայրն անգամ, որ գացած էր դրամ տանելու, միասին ղրկեցին:

Պրուսայի ժողովուրդը երեք կարաւաններու բաժնւած եւ զատ զատ քշւած է դէպի ներսերը:
Երրորդ կարաւանին մեկնումէն առաջ, տեղացի թուրքերէն մին կ’ուզէ Օլկա Արապեան անունով հայուհին իրեն կնութեան առնել: Աղջկան հայրը կը մերժէ: Երբ երրորդ խումբն ալ կը մեկնի, Պիլէճիքի կայարանին մէջ կը հանդիպին հրացաններով ու բիրերով զինւած խուժանի մը, որ կըսպառնայ ամենքն ալ կոտորել, եթէ օր. Արապեանը իրենց չյանձնւի: Կայարանապետին միջամտութեամբը հազիւ կարելի կը լինի խեղճ աղջիկը ազատել:
Կարաւանը ապա կ’ուղղւի Գօնեա: Աղջկան ծնողքը հետապնդումներէ յուսահատ` կ’առաջարկեն թուրքի մը հետ ամուսնացնել զայն, յուսալով թէ գուցէ այդպէսով կարող կը լինեն իրենց կեանքը փրկել: Բայց իրենց կը պատասխանւի թէ այդ պարագային կրնան միայն իրենց աղջկան կեանքը ապահովել:

Արտանուջը նոյնպէս ենթարկւեր է սաստիկ կոտորածի եւ թալանի, բռնաբարւած է ամբողջ իգական սեռը առանց հասակի խտրութեան: Վերագրաւումէն ետք վերադարձող 50-ի չափ հայ փախստականներուն մէջ մնացած են հազիւ 4 այր մարդ, մնացած բոլոր այր մարդիկ սպաննւած են թրքական զօրքի կողմէ:

«Ազգային պաշտպանութեան կօմիտէ» կոչւող աւազակային խումբին անդամները Պոլսի մէջ կողոպուտով կը զբաղին: Այսպէս, երթալով հայ վաճառատուն մը` անոնք կ’ուզեն գրաւել 5.000 ոսկիի ապրանքը եւ փոխարէն ստացագիր մը առնել` թէ 500 ոսկիի ծախած է: Երբ հայը կը մերժէ, կըսեն թէ ամբողջ ապրանքը արդէն իրենցն է… Ուրիշ վաճառականի մը նոյն առաջարկը կընեն, ապա եղած չեղածը պարպելով կը տանին: Երրորդի մը 450 ոսկիի սուրճը 45 ոսկիի կը «գնեն»:

Ատաբազարի գայմագամը հրեայի մը հետ ընկեր եղեր է` հայերու գոյքերը ծախելու համար, սկսելով Արմաշի վանքէն:

Կեսարիոյ մէջ կախաղան հանւածները 80 հոգի են: Ամբողջ շրջանին մէջ արգիլւած է արտասանել «էրմէնի» անունը, անսաստողը պատերազմական ատեանին կը յանձնւի: «Էրմէնի»ի փոխարէն «միքրօբ» ըսելու է, զոր պէտք է մաքրել…

Խաչատուր ԴԱԴԱՅԱՆ

Դիտվել է՝ 4981

Հեղինակի նյութեր

Մեկնաբանություններ