Կը տխրիմ, կը պայքարիմ, կը տենչամ, կը մոլեգնիմ ու կþաղօթեմ, որ իմ երազներու բարկ բոցերէն չճեղքուի իմ մարմնին անօթը կաւեղէն: Ինչպէ՞ս տեսնել, Տէ՜ր, մոխրանալը այդ բոցերուն ու քայքայուիլը Քու կերպարանքին:
Առաջին անգամ երբ իմ գոյութիւնը զգացի, երբ զգացի արեւը, բնութեան իմացականութիւնը իմ մէջ, երբ բերկրանքը զգացի յավիտենականութեան, զգացի Քեզ, Տէ՜ր, իմ մարմնիս բջիջներուն ու զգայարանքներուն մէջ: ՈՒ մենք միասին ապրեցանք:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ