Քու մտերմութեան մէջ իմ մարմինը պիտի դառնայ թափանցիկ, ինչպէս պրիսմակը (ոսպնյակ-խմբ.), ընդունելու ճառագայթները ծառէն, կանանչէն, արեւոտ ճամբաներէն, ցորեաններով ծփուն արտէն, սերմէն, սերմնացանէն, արդար աշխատանքէն, կնոջ մարմնեղէն ժպիտէն: Ընդունելու թռիչքը թռչունին, գոյները ծաղիկներուն ջրեզրի, գունաւոր թեւերու երեւակայութիւնը շերեփագի միջատներուն: Ընդունելու այն բոլոր ճառագայթումները, որոնք պիտի ջերմացնեն իմ մարմինը, իմ զգայարանքները: Այն ատեն, այն ատեն է միայն, որ պիտի զգամ Քու ներկայութիւնը, Տէ՜ր:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ