Երբ կը հաւատամ, Տէ՜ր, իրերը այն ատեն ցոլք կը ստանան, եւ իմ հոգին Քեզի հետ է, որ կը ներդաշնակուի, ու մենք կþըլլանք երկու անձ եւ մի բնութիւն:
Կը հաւատամ, Տէ՜ր, որ ծառերն իրենց աղօթքն ունին եւ Քեզ կը զգան իրենց խլրտանքին մէջ:
Կը հաւատամ, Քեզմով կը հարբենայ արտոյտը, երբ արեւագալին արեւի թարմ շողերուն մէջ կը թռվռայ, երբ ծաղիկներն իրենց գոյներուն մէջ աւելի կը ջերմանան եւ մեղուն խնձորենիի ծաղիկին կþայցելէ:
Կը հաւատամ, Տէ՜ր, որ արտոյտը իր շողական երգով ու ծաղիկը իր գոյնով Քեզ կը փառաբանեն, եւ ես անոնց այդ հզօր արտայայտութեանց մէջ կը զգամ տկարութիւնը իմ բառերուն: Որպէս սաղմոսասաց մանաւանդ՝ կը զգամ տկարութիւնը իմ ձայնին, երբ ուզեմ երգել:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ