Այն ատեն կը տխրիմ, Տէ՜ր, երբ մահուան մասին կը մտածեմ, եւ իմ մտածումները կը ծանրանան որթատունկէն կախուած խաղողի ողկոյզներուն նման:
Իմ մտածումները աւելի իմաստուն կը դառնան, երբ մահուան մասին կը մտածեմ:
Գուցէ չըլլար ստեղծագործութիւն, չըլլար կեանքն այսքա՜ն գեղեցիկ, գուցէ չըլլայիր Դուն, Տէ՜ր, եւ ըլլար միայն ոչինչը ահաւոր, եթէ մահը չըլլար:
ՈՒ ես կը տխրիմ, երբ կը մտածեմ, որ պիտի քանդուի իմ մարմնի ու զգայարանքներու տաճարը՝ տաճարն իմ հոգիին, որուն քարերը իմ կռնակով կրած եմ, որուն մարմարները՝ իմ բազուկով քանդակած:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ