Ինչպէ՞ս կարելի է յօրինել երգը տաւիղին՝ առանց լարի: Մարդիկ մոռցան այդ լարը ու երգը փնտռեցին, մարդիկ մոռցան մարմինը ու հոգին փնտռեցին: Մարդիկ Քեզ փնտռեցին, Տէ՜ր:
Անոնք Քեզ փնտռեցին ճամբաներուն վրայ, լեռներու գագաթին, անտառներու լռութեան ու անապատներուն մէջ: Ճամբարներուն վրայ անոնց ոտքերը ճեղքուեցան: Քալեցին տատասկներուն վրայէն արիւնոտ ոտքերով: Անոնց մարմիններն այրեցան անապատներուն մէջ: Անոնց մորթերը՝ ոսկորներուն փակած, մագաղաթի գոյն առին:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ