Երբ իրիկունը իջնէ, սար ու ձոր ինկած փոքրիկ եղնիկները իրենց մայրերուն կը վերադառնան, եւ ուշ մնացած թռչունները՝ իրենց բոյները: Այդպէս ալ, Տէ՜ր, մթնշաղին մէջ կորսուած բառերը ինծի կու գան, երբ ուզեմ երգել Քեզի համար:
Երբ ես կþերգեմ Քեզի համար, այն ատեն կը զգամ ներդաշնակութիւնը մարմնիս ու զգայարանքներուս:
Դուն Ինքդ ես ներդաշնակութիւնը բնութեան, խաղաղութեան, ստեղծագործութեան, դաշտերու արգասաւորութեան, երազներուն ու մարմնին:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ