Ինչքա՜ն կը բաղձամ, Տէ՜ր, որ իմ զգայարանքներուն ներդաշնակութիւնը ըլլայ այնքա՜ն կատարեալ, որքան գոյներն իմ պարտէզի ծաղիկներուն:
Ես կը հաւատամ, որ Դուն նաեւ իրական ես եւ ճշմարիտ պարտէզի ծաղիկներուն, դաշտի գառներուն, միջատներուն, թռչուններուն եւ անտառի եղնիկներուն համար, որովհետեւ անոնք իրական են եւ ճշմարիտ, որքան անոնց մարմինն է:
Եթէ իմ զգայարանքներուն ներդաշնակութիւնը ըլլար կատարեալ, ինչպէս գոյներն են ծաղիկներուն, այն ատեն, Տէ՜ր, ես ինքս ալ արժանի կþըլլայի տեսնելու Քու անցքը ծաղիկներու մէջէն: Այն ատեն եղնիկներու նման արժանի կþըլլայի տեսնելու Քու մուտքը անտառին մէջ՝ տերեւներու շարժումներուն հետ:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ