Ո՞վ է տեսեր թիթեռնիկ մը՝ իր վառ թեւերով անձրեւի բռնուած եւ կամ թեւերուն փոշին թրջուած:
Իսկ արշալոյսին, Տէ՜ր, եղնիկներուն հետն ես, երբ անոնք արեւը կը հոտուըտան եւ իրենց սէրերը կը փնտռեն ու կը զգան իրենց մէջ բնութեան համանուագը զգայարանային՝ լեռներուն վրայ եւ անտառներուն մէջ բնակուող հին աստուածներուն պէս սրբազան:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ