Առաջին անգամ անապատին մէջ յայտնուեցար, Տէ՜ր, անապատի լռութեան մէջ անպարագիծ, ուր երկիրն ու երկինքը իրարու կը միանան:
Դուն յայտնուեցար անոնց, որոնց հոգիներուն մէջ երկիրն ու երկինքը միացնող գիծ մը կայ: Արեւին տակ անոնց դէմքերը երկաթի գոյն ստացան. մարախներով կերակրուեցան՝ իրենց մարմնին մէջ զգալու համար Քու շունչը, Տէ՜ր, լսելու համար բախումը հրեշտակներու թեւերուն: Այն ատեն անոնք մտան քաղաքին փողոցները, հրապարակները՝ ըսելու, թէ Աստուած իրենց մէջ յայտնուած է:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ