Մեր սրբազան մարմինը լեցուն է արեւով, երկնքով, իմաստութիւնով, գարունով, կանանչով, զգայարանքներու երանութիւնով, կնոջ բոցեղէն մարմնով, երաժշտութիւնով, եւ մարդ ինչպէ՞ս հաւատայ, որ այդ բոլորը կրնան մոխրանալ յանկարծ:
Ինչպէ՞ս հաւատալ, Տէ՜ր, որ Քեզմով լեցուն գանկ մը կրնայ օր մը բնակավայր դառնալ որդերուն:
Ինչպէ՜ս հաւատալ, Տէ՜ր...
ՀԱՄԱՍՏԵՂ