06.04.2018|
00:03
Անձրեւոտ գիշերներուն, երբ բարկ է մայրիներուն հոտը անտառին, ու մայր եղնիկը երկունքի ցաւը կը քաշէ մայր հողին հեւքով, կը զգայ, Տէ՜ր, որ հովի մը շատ թեթեւ շարժումով քարայրին մէջ մտած՝ իր ցաւերուն կը հսկես: Երբ փոքրիկ եղնիկն աշխարհ գայ, Դուն ես, Տէ՜ր, որ սերմ կը ցանես, որ անոր համար դուրս գան խոտի նոր ծիլերը մատղաշ: