Միացյալ Նահանգները չի աջակցել Իրանի դեմ Իսրայելի պատասխան հարձակմանը՝ հայտնել է CNN-ը՝ հղում անելով ամերիկացի պաշտոնյային։ «Մենք չաջակցեցինք այս պատասխանին, թեև Իսրայելը Վաշինգտոնին զգուշացրել էր, որ մոտ օրերս պատասխան միջոցներ կձեռնարկի Իսլամական Հանրապետության դեմ»,- ասել է ամերիկացի պաշտոնյան։                
 
  • Աղոթարան

    Աղոթարան

    06.04.2018| 00:03
    Անձրեւոտ գիշերներուն, երբ բարկ է մայրիներուն հոտը անտառին, ու մայր եղնիկը երկունքի ցաւը կը քաշէ մայր հողին հեւքով, կը զգայ, Տէ՜ր, որ հովի մը շատ թեթեւ շարժումով քարայրին մէջ մտած՝ իր ցաւերուն կը հսկես: Երբ փոքրիկ եղնիկն աշխարհ գայ, Դուն ես, Տէ՜ր, որ սերմ կը ցանես, որ անոր համար դուրս գան խոտի նոր ծիլերը մատղաշ:
  • Աղոթարան

    Աղոթարան

    30.03.2018| 00:02
    Ո՞վ է տեսեր թիթեռնիկ մը՝ իր վառ թեւերով անձրեւի բռնուած եւ կամ թեւերուն փոշին թրջուած: Իսկ արշալոյսին, Տէ՜ր, եղնիկներուն հետն ես, երբ անոնք արեւը կը հոտուըտան եւ իրենց սէրերը կը փնտռեն ու կը զգան իրենց մէջ բնութեան համանուագը զգայարանային՝ լեռներուն վրայ եւ անտառներուն մէջ բնակուող հին աստուածներուն պէս սրբազան:
  • Աղոթարան

    Աղոթարան

    27.03.2018| 00:02
    Դուն կ'անցնիս կանանչագոյն պարտէզներուն մէջէն, Տէ՜ր, եւ ես կը տեսնեմ ծաղիկներու եւ մեղուներու իմացական խռովքը միայն, որ կեանքինն է:
  • Աղոթարան

    Աղոթարան

    23.03.2018| 00:02
    Ինչքա՜ն կը բաղձամ, Տէ՜ր, որ իմ զգայարանքներուն ներդաշնակութիւնը ըլլայ այնքա՜ն կատարեալ, որքան գոյներն իմ պարտէզի ծաղիկներուն:
  • Աղոթարան

    Աղոթարան

    20.03.2018| 00:06
    Երբ իրիկունը իջնէ, սար ու ձոր ինկած փոքրիկ եղնիկները իրենց մայրերուն կը վերադառնան, եւ ուշ մնացած թռչունները՝ իրենց բոյները: Այդպէս ալ, Տէ՜ր, մթնշաղին մէջ կորսուած բառերը ինծի կու գան, երբ ուզեմ երգել Քեզի համար:
  • Աղոթարան

    Աղոթարան

    16.03.2018| 00:05
    Անոնք Քեզ փնտռեցին եւ չգտան, Տէ՜ր, որովհետեւ իրենց մարմնէն ու զգայարանքներէն դուրս փնտռեցին իրենց աստուածը ու մարմինը ձգեցին մեղքերու մէջ անօգնական: Անոնք, իրենց հոգիներէն ու երազներէն պարպուած, աղօթեցին, տոչորեցան, ցամքեցան աղբիւրի մը պէս ու պուտ մը ջուր աղերսեցին: Անոնք մարեցին արեւն իրենց մարմնէն ու կտոր մը շող աղերսեցին:
  • Աղոթարան

    Աղոթարան

    13.03.2018| 00:37
    Ինչպէ՞ս կարելի է յօրինել երգը տաւիղին՝ առանց լարի: Մարդիկ մոռցան այդ լարը ու երգը փնտռեցին, մարդիկ մոռցան մարմինը ու հոգին փնտռեցին:
  • Աղոթարան

    Աղոթարան

    06.03.2018| 00:03
    Դուն անձրեւն ես առատ ու անձրեւին ձայնը՝ տոչորուող ցորեաններուն վրայ: Ճամբու եզերքը շինուած օթեւանն ես, Տէ՜ր, ուր հանգիստ կþառնեն ճամբորդները յոգնած: Դուն խրճիթներուն երջանկութիւնն ես եւ ծուխը երդիքներուն:
  • Աղոթարան

    Աղոթարան

    02.03.2018| 00:17
    Դուն անձրեւն ես առատ ու անձրեւին ձայնը՝ տոչորուող ցորեաններուն վրայ: Ճամբու եզերքը շինուած օթեւանն ես, Տէ՜ր, ուր հանգիստ կþառնեն ճամբորդները յոգնած: Դուն խրճիթներուն երջանկութիւնն ես եւ ծուխը երդիքներուն:
  • Աղոթարան

    Աղոթարան

    27.02.2018| 00:23
    Երբ այլեւս անզօր ու անօգնական եմ շինելու: Դուն կը հեռանաս, Տէ՜ր, ձգելով աւերակ մը հողին, աւազին, նեխումին, տարրերուն, որդին ու մոռացութեան, ձգելով ոսկորգանկ մը ահաւոր պարապութիւնով: