Գոյութիւն ունի աներեւոյթ բնազանցական ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ մը, որ կը ղեկավարէ այս մոլորակը եւ տիեզերքը
19.06.2020 | 00:02
Ինչո՞ւ այս յօդուածը կը գրեմ այս օրերուս։ Որովհետեւ համայն աշխարհի մարդկութեան կը սպառնայ անտեսանելի, աներեւոյթ, հաւանաբար գնդասեղի ծայրէն մի քանի հազար անգամ աւելի փոքր մանրէ մը, որ կը կոչուի «Թագապսակաւոր Մանրէ», «Coronavirus» կամ «Covid-19»։
Եթէ այս մանրէին պատուաստի շիճուկը չգտնուի մօտ օրերուն, մարդկութենէն պիտի հնձէ միլիոններով ժողովուրդ, բացի իր տնտեսական եւ նիւթական սնանկացնող ահաւոր վնասներէն։
Որովհետեւ վերջին տասնամեակներուն մարդկութիւնը կորսնցուց, մեր քրիստոնէական հասկացողութեամբ, իր մարդկային շնորհքով կեանքի ճամբան, եւ արդեօ՞ք ասիկա ինչպէս կ՛ուզէք կոչեցէք, ահազանգ մըն է Աստուծոյ, մարդկային ճակատագրի, պատահականութեան, եւ կամ մեր ապրած երկրի բնութեան կողմէ, եւ կամ փորձութիւն մըն է, որ մեր առջեւ ցցուեցաւ, որպէսզի մենք մեր մարդկային կեանքին մէջ զգաստանանք։
Աշխարհ այսօր տագնապած է, նոյնիսկ խելագարուած է, այդ փոքր անտեսանելի մանրէին Coronavirus համաճարակին պատճառաւ։
Համայն աշխարհի բոլոր գիտական կեդրոնները, կենսաբանական մանրէաբան գիտնականները, բանտարկուած իրենց տարրալուծարաններուն մէջ, կը փորձեն ճար մը, դեղ մը գտնել, որպէսզի կասեցնեն այս կործանիչ մանրէին արշաւանքը։
Այս թագապսակի մանրէն սարսափի, խուճապի մատնած է այսօր մարդկութիւնը։ Եթէ այս մանրէին պատուաստի շիճուկի հնարումը ուշանայ, մինչ այդ հազարներով մարդկային զոհեր պիտի խլէ։
Արդեօ՞ք այդ հզօր պետութիւները, որոնք այս անտեսանելի մանրէին առջեւ ծունկի եկան, սարսափահար խուճապի մատնուեցան, պէտք չէ անդրադառնան եւ խորհրդածեն, որպէսզի այլեւս պատերազմներ չըծրագրեն, ժողովուրդներ չի ոչնչացնեն, երկիրներ չի քանդեն, եւ հարթ հաւասար չընեն, ինչպէս այսօր Սուրիան, Լիպիան, Իրաքը եւ Եմէնը, այլ նստին եւ որոշեն խաղաղութիւն հաստատել աշխարհի ամբողջ տարածքին, եւ խորհին ինչպէս կրնան փրկել՝ Աստուծոյ կողմէ մեզի շնորհուած այս գեղեցիկ եւ չքնաղ երկիրը։
Այսօր արեւմուտքի պետութիւնները եւ համայն երկրագունդի բոլոր սահմաններուն վրայ, աթոմական ռումբերու փորձեր կը կատարեն եւ կը խախտեն բնութեան օրէնքները, բացի այդ քանդումներէն, երեւակայեցէք աթոմական ամբարուած հազարաւոր ռումբերը, եթէ օր մը պայթին՝ ոչ թէ միայն մեր մոլորակը պիտի հալի, այլ տիեզերքի վրայ գտնուող հաւանաբար հարիւրաւոր արբանեակներն ալ պիտի հալին եւ անհետանան։ ՈՒրեմն որեւէ մէկ հզօր պետութեան առաջնորդ կամ նախագահ՝ Քրիստոնեայ եւ կամ այլ կրօնի պատկանող ըլլայ, պէտք չէ ամբարտաւան ելոյթներ ունենայ, պէտք չէ հպարտանայ, պէտք չէ գոռոզանայ, մեծամիտ ըլլայ, յոխորտայ, խրոխտանայ, այլ պէտք է խորհի, թէ ինչպէս կրնայ խաղաղութիւն հաստատել համայն աշխարհին վրայ։
Մաղթենք Եւրոպայի քրիստոնեայ պատասխանատու ղեկավարները, այս համաճարակին պատճառաւ, լուրջ խորհրդածեն, թէ իրենց ունեցած պատերազմական, տնտեսական հզօր ոյժէն զատ, գոյութիւն ունի աներեւոյթ բնազանցական ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ մը, որ կը ղեկավարէ այս մոլորակը եւ տիեզերքը, որ մենք հաւատացեալներս ԱՍՏՈՒԱԾ կը կոչենք։
Հակառակ որ համայն մարդկութիւնը, անել վիճակի մէջ կ՛երերայ եւ Covid-19 կոչուած մանրէն միլիոններու մահուան կը սպառնայ, որոշ երկիրներու մօտ պատերազմի ախորժակներ չեն դադրած։ Թուրքիան այս օրերուս եւ այս ժամուն, իրեն ենթակայ երկու ահաբեկչական խմբաւորումերուն, «Ճէպհըդ Անսար Էլտին»ը եւ «Հըզպ Էլըսլէմի Էլթրքստանի»ին, մինչեւ վեց քկմ ապահովութեան գիծին վրայ, որոնք իրականութեան մէջ Սուրիական հողեր են, այս հողերուն վրայ աւելի քան 10000 նոր ահաբեկիչներ եւ զինուորներ հաստատեց, կ՛ըսուի 500-ի մօտ հրասայլեր եւ զրահաորներ, հակառակ որ Մոսկուայի մէջ նոր խաղաղութեան համաձայնութիւն ստորագրեց 5 մարտ 2020-ին։ Թուրքիա այս ձեւով, այսինքն` Էրտօղան, պատերազմական բախումներու կը պատրաստուի։
Իսկ միւս կողմէ, քաղաքակրթուած Ամերիկան, այս օրերուն յաւելեալ զինուորներ իջեցուց Իրաք` Պաղտատէն ոչ շատ հեռու իր «Ղէյն Էլէսէտ» խարիսխէն ներս, նաեւ՝ առանց Իրաքի կառավարութեան համաձայնութեան «Փաթրիոթ» հրթիռային կազմածներ հաստատեց այդ խարիսխէն ներս։
Ինչպէս նաեւ Սուրիոյ արեւելեան անապատին մէջ, որ իր հսկողութեան տակ կը գտնուին, քրտական եւ ահաբեկչական ջոկատներ, ինչպէս «Տէղէշ»` «ISIS»ի մնացորդացը, եւ «Հէրէքդ Թալիպէն», այս ահաբեկչական խումբերուն անդամները աւելցուցին եւ նոր զէնքեր եւ զրահաւորներ իրենց հայթայթեցին։ Առաւել եւս 26 փետրուար 2020-ին, Ռիատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Սաուտի Արաբիոյ եւ Մ.Ն. պատուիրակութիւններու հանդիպումներ եւ որոշուեցաւ, արտասահման գործող՝ Սուրիոյ ընդիմադիր ճակատի, ծայրայեղ իսլամ եղբայրներուն նոր գումարներ յատկացուին, այսինքն մի քանի միլիարդ տոլարներ, որպէսզի շարունակեն իրենց պայքարը Սուրիոյ դէմ։
Ինչպէս կը նշմարենք, պատերազմական ախորժակներ ունեցող որոշ երկիրներու համար, կարեւորութիւն չունի նոյնիսկ եթէ միլիոններով մարդկային զոհեր ունենան, զիրենք կը հետաքրքրէ՝ օգտագործել միայն իրենց դիրքերը իրենց անձնական շահերուն համար, նոյնիսկ եթէ աշխարհ քանդուի եւ միլիոններով մարդկային զոհեր ունենանք։ ՈՒրեմն կը մնայ ճշմարիտ քրիստոնեայ կառավարութիւններու պարտականութիւնը, նախ հաւատալ խաղաղութեան գաղափարին եւ աշխարհը փրկել բոլոր այս չարիքներէն։
Զաւէն Գ. ԳՐԻԳՈՐՅԱՆ
Աթէնք
Մեկնաբանություններ