Հայ քաղաքակրթութեան կորուստները 1914-էն 1918
19.06.2020 | 01:13
Մանկավարժ, պատմաբան, բանասեր Գևորգ Մեսրոպի (Գևորգ Տեր-Մեսրոպյանի) այս հոդվածը տպագրվել է 1919 թ. հունվարին Կ. Պոլսի «Շանթ» պարբերականում:
Այն ահաւոր աղէտը, որ պայթեցաւ հայութեան գլխուն, իր բազմակողմանի տեսակէտներով ուսումնասիրելու ժամանակը չէ տակաւին: Կորուստին մեծութիւնը ժամանակ անցնելէ ետք պիտի կրնանք ըմբռնել անշուշտ:
Դեռ հայը շշկլուած վիճակի մէջ է, դեռևս զահանդանքի ընդհանուր տպաւորութեան տակ կը գտնուի: Մեծ հրդեհէ մը ազատուած խլեակի պէս, դեռ պիտի ամփոփուի, դեռ պիտի նստի հաշուի սեղանին առջև՝ տեսնելու համար թե ի՛նչ ունէր աղէտէն առաջ, ի՛նչ մնացած է այժմ իր ձեռքին մէջ:
Եթէ դեռ ժամանակը չէ այդ հաշիւին նստելու, եթէ դեռ ատեն կայ իր կորուստներու մանրամասնութիւնները ճշդելու համար, ժամանակն է սակայն, որ ընդհանուր գծերով անդրադառնանք մեր կորուստներուն:
Իմ յօդուածի սահմանէն դուրս կը մնայ հայ ժողովուրդին մարդու կորուստը, զոր ունեցաւ այս ահարկու սպանդին մէջ: Թէ ի՞նչ էր թիւը թուրքահայերուն ընդհ. պատերազմէն առաջ և ի՞նչ մնացած է հիմա, այդ մասին չէ, որ կ՛ուզեմ գրել: Այդ ուրիշ գործ է և ուրիշ ատենի մտահոգութիւն: Իմ նպատակն է այսօր թուել այն քաղաքակրթական կորուստները, զոր կրեց հայը վերջին չորս տարիներուն մէջ: Դնենք իրողութիւններն ու թիւերը իրենց կատարեալ մերկութեամբ ու չորութեամբ:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ պատերազմէն առաջ Ազգ. պատրիարքարանի հսկողութեան տակ կը գտնուէին, բացի Պոլիսէն, 803 նախակրթարան՝ 59.513 աշակերտներով, 21.713 աշակերտուհիներով ու 2088 ուսուցիչ և ուսուցչուհիներով: Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել 1908էն յետոյ Միացեալ ընկերութեանց, Ազգանուէր հայուհեացի բացած դպրոցները, որոնք կը հասնին 140ի, հազարաւոր երկսեռ աշակերտներով, հարիւր հազարաւոր ոսկիի պիւտժէներով: Պէտք է աւելցնել դարձեալ 1908էն ետք տեղական միջոցներով, թաղային պիւտժէներով ու նոր թափով բացուած դպրոցները Վանի մէջ աւելի քան 15, Էրզրումի մէջ 20, Պիթլիսի, Խարբերդի վիլայէթներուն մէջ աւելի քան 15, Թուրքիոյ զանազան վայրերուն մէջ 50է աւելի, բազմաթիւ աշակերտներով:
Աւելցնել հարկէ նոյնպէս Սանասարեան վարժարանի, Վանայ Երամեան վարժարանի նման երկրորդական և անհատական նախաձեռնութեամբ բացուած բազմաթիւ դպրոցները, որոնք իրենց ծաղկումի մէջ էին պատերազմէն անմիջապէս առաջ: Պէտք է աւելցնել նմանապէս հայ բողոքական կամ աւետարանական հասարակութեան և հայ կաթոլիկներու բացած ու մատակարարած դպրոցները գաւառներու մէջ, մասնաւորապէս Կիլիկիոյ, Գոնիայի, Էնկիւրիի վիլայէթներուն, Իզմիթի սանճագի մէջ, Խարբերդի մէջ և այլուր:
Այս բոլոր դպրոցները, այս կրթական բոլոր մեծ ու պզտիկ տաճարները չկան այլևս. քանդուեցան անոնց հիմնարկութեան արմատները, վայրավատին ցրուեցան ու սպաննուեցան անոնց գրեթէ բոլոր ուսուցիչները, ուսուցչուհիները, հոգաբարձուներն ու խնամակալները:
Խօսքը չենք ուզեր ընել դեռ ամերիկեան, անգլիական, գերմանական այլ կրթական հաստատութիւններուն, որոնց շատերուն մէջ միակ ու գլխաւոր աշակերտութիւնը հայն էր: Այսօր փակուած են այդ դպրոցներն ալ:
Դպրոցներէն ետք յիշենք հայ վանքերը: Այս դարաւոր մենաստանները, ցրուած Թուրքիոյ այլազան սահմաններուն մէջ, երփներանգ հովիտներու մէջ հաստատուած, նկարագեղ բարձունքներու վրայ թառած, ծործորներու, անձաւներու բերնին մօտ կանգուն կը մնային՝ հին դարերու յուշարձան: Ոմանք ընդարձակ սահմաններու վրայ, ուրիշներ ամփոփ կը տարածէին իրենց կալուածները, շրջապատուած շինականներու որդիքներով: Այդ հարիւրաւոր վանքերը հայ քաղաքակրթութեան գանձարաններն էին:
Հոն, անոնց մէջ պահուած էին հայոց հին գրականութեան թանկագին հնութիւնները, գրչագիրներ, թանկարժէք ձեռագիրներ, հարիւրաւոր տարիներու գրական, մատենագրական վաստակներ: Այդ բոլորը կորան անհետ, իբրև քուրջ, իբրև թուղթի կտոր նետուեցան հրապարակ, ձգուեցան կրակի մէջ, անոնց կափարիչները աւելի արժէք ստացան, քան բովանդակութիւնը. այո՛, ընդհանրապէս կաշիէ ու փայտէ կազմուած անոնց կափարիչները աւելի երկար դիմացան կրակին, աւելի երկար ատեն բոցեր արձակեցին…
Այդ ձեռագիրներուն հետ իսպառ կորան հայ գրչութեան, հայ մանրանկարչութեան թանկագին գոհարները, հայ արուեստի մեծագոյն տոգիւմանները: Այդ ձեռագիրներուն հետ անհետացան հայ ոսկերչութեան գեղեցիկ նմոյշներն ալ: Անոնցմէ շատերուն կափարիչները ոսկեդրուագ, արծաթակուռ արտադրութիւններ էին ոսկերչական, անոնց վրայ գամուած դրուագները հայ արուեստի նմոյշներ էին առաւել կամ նուազ արժանիքով:
Վանտալական աւրչակող ձեռքերը յափշտակեցին այդ զարդերը: Վանքերուն մէջ պահուած ուրիշ հարստութիւններու հետ մէկտեղ, գոհարազարդ սպասներ, սկիհներ ու մասնատուփեր, սրբատուփեր, միւռոնթափ սկահներ, կանթեղներ, աշտանակներ, բոլո՛րը, բոլո՛րը կողոպտեցին քանդելու համար միայն, ձուլելու ու ծախելու և ծախսուելու համար ևեթ, ոճրագործ կուրծքեր պատուանշաններով ծածկելու համար լոկ:
Հապա այն հազարաւոր եկեղեցիները, մատուռներն ու սրբարանները, որ կողոպտուեցան, մերկացած իրենց զարդերէն, ախոռներու ու աղբանոցներու վերածուեցան և կամ քանդուեցան հիմնահատակ, այրուեցան իրենց հաւատացեալներուն հետ մէկտեղ: Անոնց մէջ պահուած թանկագին շուրջառներ, խաչեր ու գաւազաններ, արծաթահիւս շապիկներ ու վարագոյրներ, խոյրեր ու թագեր, վակասներ, եմիփորոններ, մարգարտահիւս, ոսկեհիւս, ադամանդակուռ, արուեստի հրաշագործ արտադրութիւններ: Այդ ամենը կորան սպառսպուռ անդունդին մէջ, զոր փորեցին Ի դարու լուսաւորեալ… մարդկային արարածները:
Ա՛հ, այդ բարբարոս վանտալները չի խղճահարեցան նոյնպէս գերեզմաններու իսկ ձեռք դնել, կոտրտեցին, փշրեցին արձաններ, խաչքարեր, դամբարաններ: Ջարդ ու փշուր քանդեցին խորաքանդակ ու բարձրաքանդակ արձանագրութիւններ, որմագիրներ, յիշատակարաններ, որոնք հին դարերու յուշարձաններ էին, հին պատմութիւններու մնացորդներ էին, մարդկային հին քաղաքակրթութեան մէկ բեկորներն էին:
Այդ բոլոր արձանագրութիւններուն, գերեզմանաքարերուն ու խաչքարերուն հետ հայը կորսնցուց իր պատմական վաւերագիրները, իր քանդակագործութեան արուեստի գեղեցիկ տոքիւմանները: Քանդուած, աւերուած բոլոր վանքերուն, եկեղեցիներուն ու միւս հաստատութիւններուն հետ, հայ ճարտարապետութեան պատմութիւնը շատ բան կորսնցուց իր փաստերէն:
Այս կորուստներուն արժէքը ապագայ ուսումնասիրողները միայն պիտի կրնան ըմբռնել:
Բայց այս ամէնուն հետ և ուրիշ չյիշուածներուն հետ կայ նաև կորուստ մը, չափէն աւելի ողբալի:
Բռնահան եղած հայութեան գրեթէ բոլոր ծերունիները կորան անդարձ. նոյն իսկ փախստական, սահմանագլուխէն անդին ապաստանող հայերուն մէջ ծերունիներ կրցան դիմանալ տառապանքին, մեռան տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, ձորերու և հովիտներու մէջ, լեռներու և սարաւանդներու վրայ: Անոնց գերեզմաններն անգամ անյայտ են այսօր:
Ա՛հ, այդ ծերունիները, այդ հայ տատիկներն ու մամիկները որ կորան, իրենց հետ մէկտեղ տարին հայ ժողովրդագիտութեան (folklore) բոլոր տւիքները (donne՛es): Հայ հեքիաթներն ու առասպելները, հայ առածներն ու առակները, հայ զրոյցներն ու հանելուկները, մէկ խօսքով հայ ցեղին բոլոր թաքուն գանձերը, որ տակաւին ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած չէին, գացին անոնց հետ մոռացութեան խաւարին ծոցը:
ՈՒ դեռ ինչե՜ր կորսնցուց հայ մարտիրոս ժողովուրդը իր և մարդկութեան քաղաքակրթութենէն: Կորուստներ, որոնց տեղը չի կրնար լեցնել մարդկային ոևէ անհատ, թէ՛ իսկ եւրոպացի ըլլայ կամ ամերիկացի:
Հայուն այս կորուստները մարդկութեան կորուստներ են:
Հրապարակման պատրաստեց
Խաչատուր ԴԱԴԱՅԱՆԸ
Հեղինակի նյութեր
Մեկնաբանություններ