Թուրքիայի նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանը նախատեսում է մայիսի 9-ին առաջին անգամ այցելել Սպիտակ տուն նախագահ Ջո Բայդենի պաշտոնավարումից հետո: Սա նշանակում է, որ վերականգնվում են այս երկրների ռազմական կապերը: Թուրքիայի կողմից ՆԱՏՕ-ին Շվեդիայի անդամակցության հաստատումից հետո Վաշինգտոնը 23 միլիարդ դոլար արժողությամբ պայմանագիր է ստորագրել՝ ամերիկյան արտադրության F-16 մարտական ինքնաթիռներ, հրթիռներ և ռումբեր Անկարային վաճառելու համար:                
 

Ինչպես կառուցվեց Փարիզի հայոց եկեղեցին

Ինչպես կառուցվեց Փարիզի հայոց եկեղեցին
02.03.2018 | 13:58

Երբ 2011-ին հարուստների մեջ եզակիներից մեկի` Վահան Ափրոյանի շնորհիվ հրատարակեցի «Ալեքսանդր Մանթաշյանց» գիրքս, այն ժամանակ էլ հասկանում էի, որ բոլոր ժամանակների մեծագույն հայ բարերարին առնչվող փաստաթղթերի մի փոքր մասն եմ ներկայացնում: Անցած յոթ տարիների ընթացքում որոնումներս շարունակել եմ և հայտնաբերել մեծաքանակ նոր նյութեր, որոնց մի չնչին մասը, ինչպես անցյալ տարի, հանձնում եմ ընթերցողին` Ալ. Մանթաշյանցի ծննդյան 176-ամյակի կապակցությամբ:


Ռուսահայ միլիոնատէր մը լիառատ սրտով` վիթխարի գումարով մը սկսեր է Փարիզու մէջ հոյակապ եկեղեցի մը բարձրացնել: Ամէն բարեպաշտ, ամէն երկիւղած մաքուր հոգիներ պիտի օրհնեն այդ օրհնեալ բարերարին յիշատակը: Հայ թափառականը Փարիզու խառնիճաղանճէն խուսափուկ` նոյն նորակերտ տաճարին շէմը հասած հայու շունչ կը քաշէ, բարերարին հոգւոյն հոգւոց մը պիտի կարդայ: Փարիզու ուսանող եւ դատարկաշրջիկ նոր սերունդը, առանց այն տաճարին մէջ ոտք կոխելու, հայ բարերարին կառուցած հրաշակերտով օտարին առջեւ սիգաճեմ եւ պարծենկոտ հովեր պիտի առնէ: Այն տաճարը վաղեմի հայութեան կրօնասիրութեան ի յիշատակ` յաւէրժական կոթող մը պիտի մնայ: Այս է վիթխարի գումարին անտոկոս արդիւնքը: Շինենք Աստուծոյ տունը, շէն պիտի մնայ եւ մեր տունը. հաւատալու ենք ասոր մեր հաւատքին անսահման անբծութեամբ, բայց երբ միամիտ բարերարներու առջեւ կը ներկայանան հայութեան անարատ որբիկներու աւերակ տաճարները, ուսկից առ Բարձրեալն կը ծխի հառաչանաց ծուխն ու կնդրուկը, ի զուր է աննպատակ տաճարներու կառուցումը, որուն դէմ անտէրունչ որբերու բողոքն օրհնութիւն մը չէ…
«Բազմավէպ», 1902 թ.

Փարիզի հայոց մատուռը, որուն ծախքերը պ. Մանթաշեան ստանձնած է, սկսաւ արդէ շինուիլ: Գործը հանձնուած է ծանօթ ֆրանսացի ճարտարապետ պ. Կիլպէրի, որ իր հատակագիծը պատրաստած է հայկական հին եկեղեցիներուն, մասնաւորապէս Աղթամարի եկեղեցւոյն ճարտարապետական ոճին հետեւողութեամբ:
Ֆրանսական կառավարութիւնը, գնահատելով ծառայութիւնը զոր պ. Մանթաշեան կը մատուցանէ Փարիզի` անոր պարգեւելով «նոր» գեղեցկութիւն մը, Պատուոյ Լէգէոնի խաչը նուիրեց իրեն:
«Անահիտ», 1902 թ.

Կարելի չէ՞ր արդեօք, որ մեզի պէս շարժական ժողովուրդի մը համար, շարժական եկեղեցիի կամ հրէական տապանակի դրութիւնը ընդունուէր: Աստուած ինքը անշուշտ չպիտի սրտմտէր. մանաւանդ անանկ դիւրագնի եւ դիւրատար եկեղեցի մը հաճութեամբ պիտի ընդունէր:
Ընդունէր թէ ոչ, Փարիզի հայերը հոգի կուտային փառաւոր եկեղեցի մ’ունենալու համար: Պ. Մանթաշօֆ ալ ուխտ ըրած էր Աստուծոյ տուն մը կանգնել, աստղ մ’ունենալ երկնքին վրայ. երկուքը իրար գտան ի Jean Goujon փողոց, գթութիւնը յիշեցնող գետնի մը վրայ:
ՈՒխտը կատա՛ր պ. Մանթաշօֆին:
Բարի վայելու՛մ Լոյս-քաղաքին հայ գաղութին
Գաղթականութիւն մը անկորուստ եւ տեւական պահելու մեծ միջոց մ’է, իրաւամբ, եկեղեցին: Բայց այդ միջոցը անբաւական կը մնայ երբ օժանդակ ուժեր չգնան միանալ անոր:
«Բանասէր», 1902 թ.

Անցեալները երկու բարեկամներու ընկերակցութեամբ պտոյտի ելած էի Champs-Elysռesի կողմերը: Նպատակնիս էր այցելել Petit-Palaisի միւզէն: Չեմ գիտեր ի՛նչպէս, քայլերնիս ուղղուած էր դէպի Jean Goujon փողոց: Այլ եւս ետ չդարձանք, շարունակեցինք ճամբանիս եւ հասանք հայոց եկեղեցւոյն առջեւ:
-Մեղք,- ըսաւ բարեկամներէս մին, լաւ մը դիտելէ յետոյ եկեղեցին,- այսքան դրամով ինչե՜ր չէր ըլլար: Մեր հարուստները վարպետ են դրամ շահելու մէջ, բայց բարերարելու եղանակը կանգիտանան: Դասընթացք մ’ալ ատոր համար հաստատելու է դպրոցներուն մէջ: Ըստ իս այս դրամը պարզ կորուստ մ’է: (Փակագծի մէջ ներկայացնեմ ձեզի բարեկամս` ԺԹ դարու libre penseurներու մնացորդներէն է):
-Ես այդպէս չեմ մտածեր,- ըսաւ միւսը,- հայ եկեղեցի մը պէ՛տք է, կամ ո՛չ, պէտք է փակել օր առաջ սա հայկական մատուռ ըսուած տեղը, որ ամէն բանի կրնայ ծառայել` գրասենեակի, բանջարավաճառանոցի եւայլն, բայց ոչ երբեք եկեղեցիի, ո՛ր ազգի ալ պատկանի ան: Այդ տեղը երթալ աղօթելը` կը նշանակէ նախատել հայ ազգը: Բայց եթէ անպատճառ եկեղեցի մը պէտք է այս գաղթականութեան համար, պէտք է անիկա ազգին պատիւ բերող շէնք մը ըլլայ:
Կարգը ինծի եկաւ կարծիք յայտնելու: Կը հաստատեմ թէ, ըսի. «Պ. Մանթաշօֆ երկուքէդ ալ խելացի է»:
Ընդհանրապէս մեզի պէս անկուտիները միամտօրէն կը հաւատան եւ կը ջանան հաւտցնել ուրիշներուն ալ, որ եթէ բաղդը ֆրանքներու միլիոնները իրենց ափը ձգած ըլլար, պիտի կրնային օգտակարապէս գործածել:
Ես կը կարծեմ թէ դրամ ունեցողներն ալ կրնան ու գիտեն մտածել, մանաւանդ մենէ քիչ մը աւելի եւ քիչ մ’ալ լաւ կը մտածեն դրամը իրենց իսկ ձեռքէն ելնելուն համար:
Մանթաշօֆ գերազանցօրէն բարձր գաղափարի մը նուիրած է իր դրամը:
Բացատրեմ:
Դատապարտուած ենք կորսուելու: Ասի բնութեան վճիռն է, անցեալին փորձառութեամբ ամրացած: Ո՛չ բարոյական եւ ոչ նիւթական եկեղեցին պիտի բաւեն փրկելու համար զմեզ ճակատագրին վճռէն:
«Բանասէր», 1904 թ.

Փարիզու հայ գաղութը վերջապէս տաճար մ’ունեցաւ, ուր կարենայ իւր եկեղեցական պաշտամունքը կատարել:
Զայս կը պարտի նա հայու մը որ ծնած է և հաստատուած Թիֆլիզի մէջ պ. Աղէքսանդր Մանտաշովի, որ մէկ միլիոն ծախսած է Պազար տը լա Շարիթէի հողին վրայ կանգնելու համար այս հայկական եկեղեցին, որ ըստ Petit Journalի «Փարիզու ամենագեղեցիկ յուշարձաններէն մին է»:
Ժան-Կուժոն փողոցի հայկական հոյակապ եկեղեցին, որ Ս. Յովհաննէս Մկրտչի նուիրուած է, ի յիշատակ իւր Յովհաննէս Մանտաշով հօր, իւր բարեգործութիւններուն վերջինը պիտի չ’ըլլայ, ունի ուրիշ ծրագիրներ ալ նոյնչափ գովելի: Գաղղիոյ կառավարութիւնը, որ այս մարդասէր մարդուն Պատուոյ Լէգէոնի շքանշանը տուած է, օտարականաց մէջ քիչ անգամ նոյնչափ յաջող ընտրութիւն մ’ըրած է:
Այս է ահա տաճարը, զոր պ. Մանտաշովի առատաձեռնութիւնը պարգեւեց Փարիզու հայ գաղութին: Բայց այս եկեղեցին իմ հայրենասէրի երեւակայութեանս առջեւ` է կենդանի էակ մը, որ Գաղղիոյ եւ Եւրոպիոյ կը պատմէ իր փառաւոր անցեալն ու ներկայ սուգը… եւ մարտիրոսներ ողջ ողջ այրուած` նման Պազար տը լա Շարիթէի հրդեհի զոհերուն:
«Բազմավէպ», 1905 թ.

Մանթաշեան, որ իսկապէս առատաձեռն ազգասէր մեկենաս մըն էր, նոյն իսկ հողին գնման համար ոչ թէ հարիւր հարիւր քսան հազար ֆրանք նուիրելու իր առաջին որոշման վրայ կանգ առաւ, այլ ուզելով որ այդ կառուցուելիք եկեղեցին (ա՛լ մատուռի խօսք չկար, այլ եկեղեցիի մը) հայութեան պատիւ բերող արուեստի գործ մը ըլլար եւ Փարիզ քաղաքի զարդերէն մին կազմէր, Շանզ-Էլիզէի փայլուն ու թանկարժէք թաղին մէջ ընտրեց հողը և 400000 ֆրանքէն աւելի տուաւ միմիայն հողին գնման համար, ինչ որ թերեւս սխալ մըն էր, որովհետեւ - ինչպէս այն ատեն իրեն թելադրողներ եղան, որոնց մէջ ես ալ կայի,- կրնար այդ խոշոր գումարով գնել աւելի ընդարձակ հող մը Փարիզի կեդրոնական մէկ կէտին վրայ, հայաշատ վայր մը, օրինակ` Ռիւ Լաֆայէթի կողմերը, ուր կային այդ միջոցին տրամադրելի հողեր, եւ այդ հողին վրայ շինուելիք եկեղեցիին քով դպրոց մըն ալ կրնար կառուցուիլ:


Հոս անցողակի պատմեմ ճիգ մը զոր այդ միջոցին փորձեցի եւ որ լիակատար յաջողութեան մը պիտի յանգէր եթէ Թիֆլիսի հայ «երեւելի»ի մը անխելք միջամտութիւնը ատոր արգելք հանդիսացած չըլլար: Տեսնելով որ դպրոցի մը կառուցման առաջարկին` զոր հայեր իրեն ներկայացուցած էին, հետեւանք չէր տար Մանթաշեան, տարուան այդ շրջանին ու ան Կովկաս կը գտնուէր` խորհեցայ ֆրանսացի յայտնի անձնաւորութիւններու կողմէ ստորագրուած հանրագրութիւն մը ղրկել եւ այդ ծրագիրն իրագործեցի հայ ժողովուրդի լաւագոյն բարեկամներէն մէկուն` փրոֆէսէօռ Մարինէի հետ շարադրելով Մանթաշեանին ուղղուած նամակ մը, ուր ֆրանսացի հայասէրներ զինք կը շնորհաւորէին Փարիզ քաղաքին հայ ոճով գեղեցիկ եկեղեցի մը նուիրելու իր դիտաւորութեան համար եւ կը թելադրէին որ ըստ հայկական հին սովորութեան անոր կից հայ դպրոց մըն ալ հաճէր կառուցանել, հաւաստելով թէ իրենք ամէն հարկ եղած դիմում պիտի կատարէին որպէսզի կառավարութիւնը օգներ այդ կրթական հաստատութեան, հայ մշակոյթի այդ վառարանին պահպանման ու զարգացման: Նամակը ստորագրեցին, իմ խնդրանքովս, խումբ մը մեծանուն ֆրանսացիներ, որոնց մէջ կը գտնուէին Զօլայի, Տոտէի, Փօլ Ատանի, Ա. Ֆրանսի, Լավիսի, Վիքթոր Պերարի պէս գրողներ, Տընի Քոշենի, Ալպէր տը Մէօնի պէս խորհրդարականներ ու նոյն իսկ իշխան Հանրի տ’Օրլէանի եւ իշխան Ռոլան Պոնափարթի պէս անձնաւորութիւններ, ու ղրկեցինք զայն Թիֆլիս: Մանթաշեան քաղաքավար ու խուսափողական պատասխան մը ղրկեց Էրնէսթ Լավիսին` որուն անունն ու հասցէն տրուած էր պատասխանի համար եւ չկատարեց իրմէ խնդրուածը:
Արշակ Չօպանեան
«Անահիտ», 1940 թ.

1854ին Փարիզի փոքրիկ հայ գաղութը փափաքելով սեփական ազգային մատուռ մը ունենալ դիմած էր Օսմ. դեսպան Վէլի փաշային եւ յաջողած ֆրանսական կառավարութենէն արտօնութիւն ստանալ հայկական մատուռի մը շինութեան համար:
Կարապետ վ. Շահնազարեան, որ տարիէ մը ի վեր Փարիզ կը գտնուէր, 1854 յունիս 12ին «Փրէս» ի մէջ կը ծանուցանէ թէ Փարիզի հայութիւնը ձեռք բերած է «առժամեայ մատուռ» մը` «Դուռնոն փողոց» ին վրայ թիւ 20 ու պիտի պատարագէ զինք:
Երկրորդ փորձ մը եւս եղած է 1865ին, երբ Պոլսէն Փարիզ կը ղրկուի Հիւնքեարպէյէնտեան քհնյ. որ Պուլ. Մոնփարնասի վրայ թիւ 130, 1600 ֆրանքով երկու տարուան համար տուն մը կը վարձէ` իբր մատուռ գործածելու համար:


Դրամական օժանդակութիւններ ըրած էին Սահակ Ապրօ եւ Գրիգոր Աղաթօն: 1890-1901ին տակաւին սրահ մըն էր, բողոքականներու յատուկ եւ Ռիւ տը Վիենի վրայ, որ հայերուն ալ կը տրամադրուէր իբրեւ մատուռ գործածուելու համար: 1902 ապրիլ 20-ին Փարիզէն հայ թղթակից մը «Հայ մատուռ»ին մէջ Զատկուան առթիւ տեղի ունեցած արարողութիւնները նկարագրելէ վերջ` ցաւով կը նկատէ. «…Երբ պիտի ունենանք մեր Ս. եկեղեցին»:
Աղեքսանդր Մանթաշեանց յաճախ կ’այցելէր Փարիզ: 1901ի ամրան տեսնելով «Հայ մատուռ»ին անշուք վիճակը` կը մտադրէ հայկական ճարտարապետութեամբ եկեղեցի մը շինել եւ ազգին նուիրել: Իր փափաքը կը յայտնէ Փարիզի Վռամշապուհ աւագ քհնյ. Քիպարեանի Շանզ դ’Էլիզէի շրջանին մէջ Ժան Կուժոն փողոցի վրայ, ուր կը գտնուէր «Պազար տը լա Շարիթէն» (1867 մայիս 4ին հրոյ ճարակ եղած էր), հող մը կը գնէ 450000 ֆրանքի: Շինութիւնը կը յանձնուի ֆրանսացի ճարտարապետ Կիլպէռի, որ յարմարցուց Աղթամարի Ս. Խաչ վանքի հայ ճարտարապետութեան ոճը փարիզեան ճաշակին եւ իր վկայութեամբ դեռ չտեսնուած գործ մը երեւան բերաւ:


Առաջին բահի հարուածը կը տրուի 1902 յուլիս 14ին, հիմը կը դրուի հոկտ. 5ին: Շինութիւնը կ’աւարտի 1904ին եւ 1904 հոկտ. 2ին Գէորգ արք. Իւթիւճեան կ’օծէ եկեղեցին, կոչելով զայն յանուն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ` իբր յիշատակ Ա. Մանթաշեանցի հանգուցեալ հօր` Յովհաննէս Մանթաշեանցի: Կը շինուի նաեւ առաջնորդարանի շէնքը: Այս բոլորին համար Մանթաշեանց ծախսած է 1540000 ֆր.:
Մանթաշեանցի այս մեծագործութեան առթիւ Ֆրանսայի պետութիւնը իրեն կ’ընծայէ Պատուոյ Լէգէոնի Ասպետի պատուանշանը: Ջերմեռանդ ազգասէր եւ եկեղեցասէր մըն էր ան: Առատաձեռն էր եւ տարիներէ ի վեր` Եւրոպայի մէջ ուսմամբ պարապող բազմաթիւ հայ երիտասարդներ իր որդեգիրները եղած էին, որոնց կարգին Կոմիտաս վարդապետ եւ Շահմուրատեան:


Իր ատենին, պր. Մանթաշեանց կը խորհէր խորհրդարանին վրայ դպրոց մըն ալ կառուցանել, ինչպէս նաեւ մօտակայ հողերուն վրայ հասութաբեր կալուած մը կանգնել եկեղեցին ինքնաբաւ ընելու ցանկութիւնով: Հանգուցեալ Առաջնորդ Քիպարեան սրբազան կը յայտնէ թէ այն ատենուան հոգաբարձուները (պոլսեցի ադամանդավաճառաներ) եկեղեցւոյ բարերարին շնորհակալութիւն մը անգամ յայտնած չըլլալնուն պատճառաւ` բարերարը չէ ուզած իր ծրագիրը իրագործել:
«Միութիւն», 1958 թ.


Խաչատուր ԴԱԴԱՅԱՆ

Լուսանկարներ

. .
Դիտվել է՝ 23385

Հեղինակի նյութեր

Մեկնաբանություններ