«Ազդակը» գրում է. «Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի նշէ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան համաշխարհային օրը: Ձեռնարկին ընթացքին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան պիտի արտասանէ խօսք մը` նկատի ունենալով, որ ներկայիս Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան կը նախագահէ Հայաստանը: Դեսպան Աթաբէկեանի խօսքը պիտի կեդրոնանայ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն եւ կազմակերպութեան դերակատարութեան վրայ:
Իր կարգին, նախագահ Աուն պիտի անդրադառնայ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան մէջ Լիբանանի ներկայութեան:
Նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու դեսպանները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Պեքաայի ու Զահլէի մարոնի, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ եւ ասորի ուղղափառ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներու մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին հոգեւոր առաջնորդները զօրակցութիւն յայտնեցին նախագահ Աունին` փտածութեան դէմ անոր յայտարարած պայքարին առումով, եւ ընդգծեցին արդարութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը»: