«Հայաստանի և Ռուսաստանի հարաբերություններում ստեղծված իրավիճակը լավատեսություն չի ներշնչում՝ պայմանավորված Հայաստանի ղեկավարության դիրքորոշմամբ, որը միտումնավոր փլուզում է հարաբերությունները Ռուսաստանի Դաշնության հետ։ Այժմ Հայաստան են ուղարկվում զինվորականներ Նորվեգիայից, Կանադայից և ԱՄՆ-ից՝ ԵՄ առաքելությունը վերածելով ՆԱՏՕ-ի առաքելության»,- «Известия»-ին տված հարցազրույցում հայտարարել է ՌԴ արտգործնախարար Սերգեյ Լավրովը։                
 

Մայիս 28-ը Ներկայ Է Եւ Ապագայ

Մայիս 28-ը Ներկայ Է Եւ Ապագայ
28.05.2023 | 21:51

Համազգային ցնծութեան եւ հպարտութեան տօնն է այսօր, երբ երբեմնի ստրուկ հայ ժողովուրդը կը տօնէ իր հրաշափառ յարութեան` քաղաքական անկախութեան տարեդարձը: Յիրաւի անսահման սուղ եւ դառն եղան անկախութեան ճանապարհին մեր կորուստները, սակայն ճիշդ այդ անհաւասար կռիւներով, արիւնոտ մարտնչումներով, բազում զոհողութիւններով հայ ժողովուրդը իր թշնամիներուն եւ բարեկամներուն ապացուցեց, որ արժանի է անկախութեան: Ի՛նչ ալ եղած ըլլան մեր դառնութիւնները, յուսախաբութիւնները, հայկական պետականութեան զօրացումը պիտի ըլլայ մեր բոլորին սեւեռակէտը:

Հայ ժողովուրդը իր բոլոր հոսանքներով եւ բաղադրիչներով ողջունած է Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը:

Վերջերս հայ մամուլի համարներ թերթելու միջոցին նշմարեցի, որ հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերը անխտի՛ր լծուած են հայրենաշինութեան աշխատանքին: Կեանքի դժուար պայմաններ, Ցեղասպանութենէն ընդամէնը երեք տարի ետք…

1919-1920 տարիներու հայ մամուլն է վկայողը: Աղեքսանդրիոյ մէջ, Եգիպտոս, լոյս տեսնող Ռամկավար կուսակցութեան «Արեւ» պաշտօնաթերթն է յօդուածիս հիմնաղբիւրը:

«Արեւ»-ի ուրբաթ, 23 մայիս 1919 համարին մէջ հետաքրքրական վկայութեան մը հանդիպեցայ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան մասին:

Պաթումէն սկսեալ Կովկասը շրջած, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին ծալքերուն բաւական իրազեկ ամերիկացի բարձրաստիճան սպայ մը, Պոլսոյ մէջ հանդիպելով «Արեւ»-ի աշխատակիցին, հետեւեալ սրտապնդիչ յայտարարութիւնները կատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան մասին:

Ան կը հաւաստէ, որ Կովկաս հաստատուած երեք կառավարութեանց` հայ, վրացի եւ ազերի, ամէնէն կանոնաւորն ու լաւ կազմակերպուած կառավարութիւնն է Հայկական Հանրապետութիւնը` հակառակ դժնդակ պայմաններուն: Հայ ժողովուրդին շինարար ոգին աչքի կը զարնէ իսկոյն: Օրինակ`

Հայաստանի երկաթուղային գիծերը անգործածելի վիճակի մը մէջ կը գտնուէին ռուսական բանակին քայքայումէն ետք: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը անմիջապէս վերանորոգած է եւրոպական երկաթուղիի նմանութեամբ որակեալ գիծեր զետեղելով` առանց դիմելու օտար մասնագէտներու աջակցութեան: Շոգեկառքերու եւ բեռնակառքերու խիստ կարիքը ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Միացեալ Նահանգեր խոստացած են հայթայթել զանոնք, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմութիւնը վերջնական ձեւ ստանայ եւ պաշտօնապէս ճանչցուի միջազգային ընտանիքէն: Այսուհանդերձ, երկաթուղային երթեւեկը բաւական կանոնաւոր է, եւ փոխադրութիւնները բաւական դիւրացած են:

Բարեկարգ կառավարութեան մը շնորհիւ` հանրային անդորրութիւնը վերահաստատուած է երկրին մէջ: Աւազակային եւ ոստիկանական դէպքերը շատ նուազած են: Անապահովութիւնը գրեթէ անհետացած է, եւ ամէն ոք իր գործով կը զբաղի նորանկախ Հայաստանի մէջ:

Առողջապահութիւնը հետզհետէ կը բարւոքի: Թիֆոյիտի դէպքերը նուազած են: Այդ համաճարակը մեծ աւեր գործած է սնունդի պակասի պատճառով: Հազարաւոր մարդիկ մահացած են անօթութենէ: Իգդիրի մէջ թշուառութիւն կը տիրէ տակաւին: Շնորհիւ ամերիկեան պարենաւորման պատուիրակութեան` թշուառութիւնը մեղմացած է, եւ համաճարակները կորսնցուցած են իրենց սաստկութիւնը: Ժողովուրդին աւելի կանոնաւոր սննդանիւթ կը հայթայթուի ներկայիս:

Ամերիկեան պարենաւորման պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ գրասենեակ մը բացած է, ուրկէ ալիւր եւ ամէն տեսակ պարէն կը բաշխէ ժողովուրդին: Պատուիրակութիւնը որոշած է երեք հազար թոն ալիւր տրամադրել Հայաստանին: Պատուիրակութիւնը միաժամանակ բաւականաչափ եւ ձրի հիւանդանոցներ հիմնած է Հայաստանի Հանրապետութեան զանազան կողմերը ու հետզհետէ նորեր ալ պիտի հաստատէ:

Մեծ յոյս կայ, որ այս տարուան հունձքը (1919) բերրի պիտի ըլլայ: Երկրագործական մեքենաները բաւարար չեն, սակայն արդէն իսկ ապսպրանք տրուած է Միացեալ Նահանգներէն ստանալու համար:

Հայկական բանակին մէջ կատարեալ կարգապահութիւն կը տիրէ: Բազմաթիւ հայ սպաներ, որոնք ռուսական բանակին մէջ կը ծառայէին, Երեւան դարձած են: Հայկական բանակը քսան հազար զինուոր կը հաշուէ ներկայիս: Հայերու եւ վրացիներու միջեւ յարաբերութիւնները բարւոքած են: Թշնամութիւնները դադրած են ա՛լ:

Ըստ ամերիկացի սպային հաւաստիքներուն, վստահօրէն ըսել, թէ Հայաստանի մէջ պոլշեւիկեան շարժումներ չկան, եւ ամէն հայ կ՛աշխատի իր հայրենիքին վերածննդեան` ակնդէտ սպասելով այն մեծ օրուան, երբ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մը ծրագիրը պիտի իրականանայ:

Հայկական հեռագրական գործակալութիւն մը, Երեւանի մէջ հաստատուելէ անմիջապէս ետք, ճիւղեր հիմնած է Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր կարեւոր քաղաքներուն մէջ: Հայաստանի խորհրդարանը հաստատած է կառավարութեան կողմէ իրեն ներկայացուած ընտրական օրինագիծը: Նոր ընտրութիւնները պիտի կատարուին 20 յունիսին:

Այստեղ կ՛աւարտի Հայաստանի Հանրապետութեան մասին ամերիկացի սպային ուշագրաւ վկայութիւնը:

Դժուար ճանապարհ ունի հատելիք նորանկախ հանրապետութիւնը, սակայն իշխանութիւնը, ժողովուրդը եւ նորակազմ սփիւռքը

Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ տարեդարձին առիթով, ա՛նխտիր, հայ քաղաքական, ազգային, բարեսիրական, հասարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ, համագաղութային փառաշուք հանդիսութիւններ կազմակերպած է նորաստեղծ սփիւռքի բոլոր ոստաններուն մէջ:

Աչքս անմիջապէս զարկաւ Փարիզի մէջ չորեքշաբթի, 28 մայիս 1919-ին, միացեալ Հայաստանի պատուիրակութեան կազմակերպութեամբ, հայրենասիրական եւ գեղարուեստական երեկոյթի մը կայացումը Հայ եկեղեցւոյ, հայ քաղաքական, ազգային բոլոր հոսանքներուն մասնակցութեամբ, ուր խօսք առած են Հայկական ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար փաշան, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանը եւ բանաստեղծ, հրապարակախօս Արշակ Չոպանեանը: Յաջորդ օրը` հինգշաբթի, 29 մայիսին, համահայկական տարողութեամբ, գոհաբանական հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցած է Փարիզի Ժան Կուժոն փողոցին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարեդարձը փառաւոր կերպով նշուած է նաեւ Պերլինի մէջ: Հանդիսութեան մասնակիցները, յաւերժացնելու համար անդրանիկ տարեդարձը, հանգանակութիւն մը կազմակերպած են ի նպաստ Հայաստանի կարիքաւորներուն: Համպուրկի հայ համայնքը նոյնպէս կազմակերպած է հանգանակութիւն:

Կը թերթեմ «Արեւ»-ի էջերը. 28 մայիս 1920. Հայաստանի Հանրապետութեան Բ. տարեդարձի համահայկական ոգեկոչում` Աղեքսանդրիոյ մէջ: Հանդիսութենէն առողջական պատճառներով կը բացակայի «Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին քաղաքացի»-ի տիտղոսին արժանացած, ազգային բարերար Գրիգոր Մելքոնեանը (երէց եղբօր` Կարապետ Մելքոնեանի հետ, Կիպրոսի ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան հաստատութեան հիմնադիր): Այստեղ կը յիշատակուի, որ Գրիգոր Մելգոնեան իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարած է Հայաստանի Հանրապետութեան:

Այլ տեղ մը կը կարդամ. յունական «Խրոնոս» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան առաջին տարեդարձին օրը Զմիւռնիոյ եկեղեցիին քահանան եռագոյն հայկական դրօշը բարձրացուցած է եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ:

Ուշագրաւ յայտարարութիւն մը եւս` Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տարեդարձի նախօրեակին. Կարսի թուրքերը հաւատարմութիւն կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի Կարսի թուրք ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչէն կը ստանայ հետեւեալ հեռագիրը.«Կարսի շրջանի թուրք ազգաբնակչութեան կողմէ լիազօրութիւն ստացած եմ ողջունելու Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը եւ հաւաստելու մեր լիակատար պատրաստակամութիւնը` դառնալու նախկին բարի դրացութեան: Մենք եւս յոգնած ենք եւ կարօտցած` կարգապահութիւնն ու խաղաղ աշխատանքը, եւ այսօր խանդավառութեամբ կը դիմենք այն աշխատութեան, որ կու գայ խաղաղութիւն, իրաւունք եւ կարգ հաստատելու: Սրտբաց ընդառաջ կու գանք ձեզի եւ ձեզի հետ միասին նախանձախնդրութեամբ կը պահպանենք մեր սահմանած քաղաքացիութեան եւ իրաւունքի հիմունքները»:

Նշեալ հաւատարմագիրին տակ կը տեսնեմ Թուրքիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ բժշկ. Ասատ պէկ Հաճիեւի ստորագրութիւնը:

Նշեմ, որ հայկական զօրամասերը 21 ապրիլին 1918-ին անցնելով Արփաչայը, Կարսը միացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան: Կարսի բնակիչները հաճութեամբ ընդունած են հայկական բանակին մուտքը:

Եթէ մամուլն է ժողովուրդի մը լեզուն, անոր հայելին, արդար ըլլանք յայտնելու` Հայաստանի Հանրապետութիւնը վեցդարեայ Աւագ ուրբաթէն ետք հայ ժողովուրդին յարութեան տօնն էր:

Խօսքի եւ գործի մարդիկ եկան, ծառայեցին եւ մեկնեցան այս աշխարհէն… դասեր քաղենք անոնց նուիրումէն:

Անցեալ չէ մայիս 28-ի ոգին: Անիկա ներկա՛յ է եւ ապագա՛յ:

28 մայիս 1918-ի խորհուրդը տողերս գրողին կը յշեցնէ Նիկոլ Աղբալեանի այժէմական սա մտածումը. «Երբ գիշերը գայ, մտնէք ձեր հոգու սենեակը, խօսէ՛ք ձեր խղճի հետ ու ասէք, արդեօք աշխատե՞լ էք հայ ժողովուրդի համար այնպէս, ինչպէս Արամը, եղե՞լ էք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովուրդին, ինչպէ՛ս Արամը: Ու մենք կ՛աւելցնենք` արդեօ՞ք արժանի ու արժանաւոր ժառանգորդնե՞րն ենք Արամի նման քաղաքական գործիչին ու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրին»:

Կասկածէ դուրս է, որ ներկայ Հայաստանը հաւատարիմ շարունակութիւնն է մայիսեան հայրենիքին: Մեր բոլորին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մայիս 28-ի խանդավառութեամբ եւ խանդաղատանքով նեցուկ կենալ հայրենի պետականութեան` յանուն անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

Փա՛ռք ու պատիւ բոլոր անոնց, որոնք ինկան հայրենի հողին վրայ, որպէսզի ծնի եւ բարգաւաճի ազատ, անկախ Հայաստանը:

Ահարոն ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Դիտվել է՝ 4706

Մեկնաբանություններ