Թուրքիայի նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանը նախատեսում է մայիսի 9-ին առաջին անգամ այցելել Սպիտակ տուն նախագահ Ջո Բայդենի պաշտոնավարումից հետո: Սա նշանակում է, որ վերականգնվում են այս երկրների ռազմական կապերը: Թուրքիայի կողմից ՆԱՏՕ-ին Շվեդիայի անդամակցության հաստատումից հետո Վաշինգտոնը 23 միլիարդ դոլար արժողությամբ պայմանագիր է ստորագրել՝ ամերիկյան արտադրության F-16 մարտական ինքնաթիռներ, հրթիռներ և ռումբեր Անկարային վաճառելու համար:                
 

Գո­յու­թիւն ու­նի ա­նե­րե­ւոյթ բնա­զան­ցա­կան ԶՕ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ մը, որ կը ղե­կա­վա­րէ այս մո­լո­րա­կը եւ տիե­զեր­քը

Գո­յու­թիւն ու­նի ա­նե­րե­ւոյթ բնա­զան­ցա­կան ԶՕ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ մը, որ կը ղե­կա­վա­րէ այս մո­լո­րա­կը եւ տիե­զեր­քը
19.06.2020 | 00:02
Ին­չո՞ւ այս յօ­դուա­ծը կը գրեմ այս օ­րե­րուս։ Ո­րով­հե­տեւ հա­մայն աշ­խար­հի մարդ­կու­թեան կը սպառ­նայ ան­տե­սա­նե­լի, ա­նե­րե­ւոյթ, հա­ւա­նա­բար գն­դա­սե­ղի ծայ­րէն մի քա­նի հա­զար ան­գամ ա­ւե­լի փոքր ման­րէ մը, որ կը կո­չուի «Թա­գապ­սա­կա­ւոր Ման­րէ», «Coronavirus» կամ «Covid-19»։
Ե­թէ այս ման­րէին պա­տուաս­տի շի­ճու­կը չգտ­նուի մօտ օ­րե­րուն, մարդ­կու­թե­նէն պի­տի հն­ձէ մի­լիոն­նե­րով ժո­ղո­վուրդ, բա­ցի իր տն­տե­սա­կան եւ նիւ­թա­կան սնան­կաց­նող ա­հա­ւոր վնաս­նե­րէն։
Ո­րով­հե­տեւ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն մարդ­կու­թիւ­նը կոր­սն­ցուց, մեր քրիս­տո­նէա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ, իր մարդ­կա­յին շնորհ­քով կեան­քի ճամ­բան, եւ ար­դեօ՞ք ա­սի­կա ինչ­պէս կ՛ու­զէք կո­չե­ցէք, ա­հա­զանգ մըն է Աս­տու­ծոյ, մարդ­կա­յին ճա­կա­տագ­րի, պա­տա­հա­կա­նու­թեան, եւ կամ մեր ապ­րած երկ­րի բնու­թեան կող­մէ, եւ կամ փոր­ձու­թիւն մըն է, որ մեր առ­ջեւ ցցուե­ցաւ, որ­պէս­զի մենք մեր մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ զգաս­տա­նանք։
Աշ­խարհ այ­սօր տագ­նա­պած է, նոյ­նիսկ խե­լա­գա­րուած է, այդ փոքր ան­տե­սա­նե­լի ման­րէին Coronavirus հա­մա­ճա­րա­կին պատ­ճա­ռաւ։
Հա­մայն աշ­խար­հի բո­լոր գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րը, կեն­սա­բա­նա­կան ման­րէա­բան գիտ­նա­կան­նե­րը, բան­տար­կուած ի­րենց տար­րա­լու­ծա­րան­նե­րուն մէջ, կը փոր­ձեն ճար մը, դեղ մը գտ­նել, որ­պէս­զի կա­սեց­նեն այս կոր­ծա­նիչ ման­րէին ար­շա­ւան­քը։
Այս թա­գապ­սա­կի ման­րէն սար­սա­փի, խու­ճա­պի մատ­նած է այ­սօր մարդ­կու­թիւ­նը։ Ե­թէ այս ման­րէին պա­տուաս­տի շի­ճու­կի հնա­րու­մը ու­շա­նայ, մինչ այդ հա­զար­նե­րով մարդ­կա­յին զո­հեր պի­տի խլէ։
Ար­դեօ՞ք այդ հզօր պե­տու­թիւ­նե­րը, ո­րոնք այս ան­տե­սա­նե­լի ման­րէին առ­ջեւ ծուն­կի ե­կան, սար­սա­փա­հար խու­ճա­պի մատ­նուե­ցան, պէտք չէ անդ­րա­դառ­նան եւ խոր­հր­դա­ծեն, որ­պէս­զի այ­լեւս պա­տե­րազմ­ներ չըծ­րագ­րեն, ժո­ղո­վուրդ­ներ չի ոչն­չաց­նեն, եր­կիր­ներ չի քան­դեն, եւ հարթ հա­ւա­սար չը­նեն, ինչ­պէս այ­սօր Սու­րիան, Լի­պիան, Ի­րա­քը եւ Ե­մէ­նը, այլ նս­տին եւ ո­րո­շեն խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տել աշ­խար­հի ամ­բողջ տա­րած­քին, եւ խոր­հին ինչ­պէս կր­նան փր­կել՝ Աս­տու­ծոյ կող­մէ մե­զի շնոր­հուած այս գե­ղե­ցիկ եւ չք­նաղ եր­կի­րը։
Այ­սօր ա­րեւ­մուտ­քի պե­տու­թիւն­նե­րը եւ հա­մայն երկ­րա­գուն­դի բո­լոր սահ­ման­նե­րուն վրայ, ա­թո­մա­կան ռում­բե­րու փոր­ձեր կը կա­տա­րեն եւ կը խախ­տեն բնու­թեան օ­րէնք­նե­րը, բա­ցի այդ քան­դում­նե­րէն, ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք ա­թո­մա­կան ամ­բա­րուած հա­զա­րա­ւոր ռում­բե­րը, ե­թէ օր մը պայ­թին՝ ոչ թէ միայն մեր մո­լո­րա­կը պի­տի հա­լի, այլ տիե­զեր­քի վրայ գտ­նուող հա­ւա­նա­բար հա­րիւ­րա­ւոր ար­բա­նեակ­ներն ալ պի­տի հա­լին եւ ան­հե­տա­նան։ ՈՒ­րեմն ո­րե­ւէ մէկ հզօր պե­տու­թեան ա­ռաջ­նորդ կամ նա­խա­գահ՝ Քրիս­տո­նեայ եւ կամ այլ կրօ­նի պատ­կա­նող ըլ­լայ, պէտք չէ ամ­բար­տա­ւան ե­լոյթ­ներ ու­նե­նայ, պէտք չէ հպա­րտա­նայ, պէտք չէ գո­ռո­զա­նայ, մե­ծա­միտ ըլ­լայ, յո­խոր­տայ, խրոխ­տա­նայ, այլ պէտք է խոր­հի, թէ ինչ­պէս կր­նայ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տել հա­մայն աշ­խար­հին վրայ։
Մաղ­թենք Եւ­րո­պա­յի քրիս­տո­նեայ պա­տաս­խա­նա­տու ղե­կա­վար­նե­րը, այս հա­մա­ճա­րա­կին պատ­ճա­ռաւ, լուրջ խոր­հր­դա­ծեն, թէ ի­րենց ու­նե­ցած պա­տե­րազ­մա­կան, տն­տե­սա­կան հզօր ոյ­ժէն զատ, գո­յու­թիւն ու­նի ա­նե­րե­ւոյթ բնա­զան­ցա­կան ԶՕ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ մը, որ կը ղե­կա­վա­րէ այս մո­լո­րա­կը եւ տիե­զեր­քը, որ մենք հա­ւա­տա­ցեալ­ներս ԱՍ­ՏՈՒԱԾ կը կո­չենք։
Հա­կա­ռակ որ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը, ա­նել վի­ճա­կի մէջ կ՛ե­րե­րայ եւ Covid-19 կո­չուած ման­րէն մի­լիոն­նե­րու մա­հուան կը սպառ­նայ, ո­րոշ եր­կիր­նե­րու մօտ պա­տե­րազ­մի ա­խոր­ժակ­ներ չեն դադ­րած։ Թուր­քիան այս օ­րե­րուս եւ այս ժա­մուն, ի­րեն են­թա­կայ եր­կու ա­հա­բեկ­չա­կան խմ­բա­ւո­րու­մե­րուն, «Ճէպ­հըդ Ան­սար Էլ­տին»ը եւ «Հըզպ Է­լըս­լէ­մի Էլթրքստա­նի»ին, մին­չեւ վեց քկմ ա­պա­հո­վու­թեան գի­ծին վրայ, ո­րոնք ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Սու­րիա­կան հո­ղեր են, այս հո­ղե­րուն վրայ ա­ւե­լի քան 10000 նոր ա­հա­բե­կիչ­ներ եւ զի­նուոր­ներ հաս­տա­տեց, կ՛ը­սուի 500-ի մօտ հրա­սայ­լեր եւ զրա­հաոր­ներ, հա­կա­ռակ որ Մոս­կուա­յի մէջ նոր խա­ղա­ղու­թեան հա­մա­ձայ­նու­թիւն ստո­րագ­րեց 5 մարտ 2020-ին։ Թուր­քիա այս ձե­ւով, այ­սինքն` Էր­տօ­ղան, պա­տե­րազ­մա­կան բա­խում­նե­րու կը պատ­րաս­տուի։
Իսկ միւս կող­մէ, քա­ղա­քակր­թուած Ա­մե­րի­կան, այս օ­րե­րուն յա­ւե­լեալ զի­նուոր­ներ ի­ջե­ցուց Ի­րաք` Պաղ­տա­տէն ոչ շատ հե­ռու իր «Ղէյն Է­լէ­սէտ» խա­րիս­խէն ներս, նաեւ՝ ա­ռանց Ի­րա­քի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­ձայ­նու­թեան «Փաթ­րիոթ» հր­թի­ռա­յին կազ­մած­ներ հաս­տա­տեց այդ խա­րիս­խէն ներս։
Ինչ­պէս նաեւ Սու­րիոյ ա­րե­ւե­լեան ա­նա­պա­տին մէջ, որ իր հս­կո­ղու­թեան տակ կը գտ­նուին, քր­տա­կան եւ ա­հա­բեկ­չա­կան ջո­կատ­ներ, ինչ­պէս «Տէ­ղէշ»` «ISIS»ի մնա­ցոր­դա­ցը, եւ «Հէ­րէքդ Թա­լի­պէն», այս ա­հա­բեկ­չա­կան խում­բե­րուն ան­դամ­նե­րը ա­ւել­ցու­ցին եւ նոր զէն­քեր եւ զրա­հա­ւոր­ներ ի­րենց հայ­թայ­թե­ցին։ Ա­ռա­ւել եւս 26 փետ­րուար 2020-ին, Ռիատ քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սաու­տի Ա­րա­բիոյ եւ Մ.Ն. պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու հան­դի­պում­ներ եւ ո­րո­շուե­ցաւ, ար­տա­սահ­ման գոր­ծող՝ Սու­րիոյ ըն­դի­մա­դիր ճա­կա­տի, ծայ­րա­յեղ իս­լամ եղ­բայր­նե­րուն նոր գու­մար­ներ յատ­կա­ցուին, այ­սինքն մի քա­նի մի­լիարդ տո­լար­ներ, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կեն ի­րենց պայ­քա­րը Սու­րիոյ դէմ։
Ինչ­պէս կը նշ­մա­րենք, պա­տե­րազ­մա­կան ա­խոր­ժակ­ներ ու­նե­ցող ո­րոշ եր­կիր­նե­րու հա­մար, կա­րե­ւո­րու­թիւն չու­նի նոյ­նիսկ ե­թէ մի­լիոն­նե­րով մարդ­կա­յին զո­հեր ու­նե­նան, զի­րենք կը հե­տաք­րք­րէ՝ օգ­տա­գոր­ծել միայն ի­րենց դիր­քե­րը ի­րենց անձ­նա­կան շա­հե­րուն հա­մար, նոյ­նիսկ ե­թէ աշ­խարհ քան­դուի եւ մի­լիոն­նե­րով մարդ­կա­յին զո­հեր ու­նե­նանք։ ՈՒ­րեմն կը մնայ ճշ­մա­րիտ քրիս­տո­նեայ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, նախ հա­ւա­տալ խա­ղա­ղու­թեան գա­ղա­փա­րին եւ աշ­խար­հը փր­կել բո­լոր այս չա­րիք­նե­րէն։
Զա­ւէն Գ. ԳՐԻ­ԳՈ­ՐՅԱՆ
Ա­թէնք
Դիտվել է՝ 2369

Մեկնաբանություններ