Թուրքիայի նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանը նախատեսում է մայիսի 9-ին առաջին անգամ այցելել Սպիտակ տուն նախագահ Ջո Բայդենի պաշտոնավարումից հետո: Սա նշանակում է, որ վերականգնվում են այս երկրների ռազմական կապերը: Թուրքիայի կողմից ՆԱՏՕ-ին Շվեդիայի անդամակցության հաստատումից հետո Վաշինգտոնը 23 միլիարդ դոլար արժողությամբ պայմանագիր է ստորագրել՝ ամերիկյան արտադրության F-16 մարտական ինքնաթիռներ, հրթիռներ և ռումբեր Անկարային վաճառելու համար:                
 

Ժիպէյլի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ` Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ

Ժիպէյլի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ` Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ
22.05.2019 | 17:03

Կազմակերպութեամբ Ժիպէյլի քաղաքապետութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն, ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին եւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ 20 երկիրներու դեսպաններու, 21 մայիս 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած փոքրիկներուն հոգատար «Մամա»-ն հանդիսացող Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը` անոր դամբարանին դիմաց: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան, որ ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը պատմական Ժիպէյլ քաղաքին մէջ գտնուող հայութեան իւրայատուկ կեդրոններէն մէկուն մէջ: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Ցեղասպանութեան որբերուն «Մամա»-ն` Մ. Ճէյքըպսընը, ապա անդրադարձաւ յայտագիրին:

Անկէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Մ. Ճէյքըպսընի յիշատակին:
Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Մերեթ Ճուլ, որ յայտնեց, թէ մեծ հաճոյքով ինք կը գտնուի «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ` նշելու դանիացի մեծ մարդասէրին յիշատակը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան` այս գործակցութեան եւ նախաձեռնութեան համար: Դեսպանը շեշտեց, որ դանիացի Մ. Ճէյքըպսընի առաքելութիւնն էր ստեղծել ընտանիք մը` առանց ընտանիքի մնացած փոքրերուն համար: Ան հազարաւոր հայ որբեր փրկեց եւ տեղափոխեց Լիբանան, անոնցմէ չորս հազարը տեղակայուեցան Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ: Մ. Ճուլ աւելցուց, որ Ճէյքըպսըն հեռացած էր իր հայրենիքէն` երեխաներ փրկելու եւ միաժամանակ անոնց ապաստան ու կրթութիւն ապահովելու համար: «Թռչնոց բոյն»-ը հիմնուած է համերաշխութեան ոգիի վրայ, որ ստեղծած է այնպիսի պայմաններ, որոնք ծնունդ տուած են ինքնութեան, սիրոյ եւ միասնութեան: Այս կառոյցին մէջ որբերը դաստիարակուեցան եւ կոփուեցան դառնալու համար կղերականներ, բժիշկներ եւ ուսուցիչներ, սակայն այս բոլորէն աւելի անոնք կազմաւորուեցան ըլլալու լաւ մարդ: Դեսպանը դիտել տուաւ, որ «Թռչնոց բոյն»-ը արդար կնոջ մը կողմէ կտակուած ժառանգութեան մը խորհրդանիշն է: Անդրադառնալով «Թռչնոց բոյն»-ի մեծ ընտանիքին` Մերեթ Ճուլ խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Մարիա Ճէյքըպսընն ու որբերը միասնաբար ստեղծեցին անմոռանալի ու անբաժանելի ընտանիք մը:

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժիպէյլի քաղաքապետարանին` այս երեկոն կազմակերպելուն համար, համագործակցութեամբ Դանիոյ եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկայ գտնուած բոլոր դեսպաններուն եւ հիւրերուն: Վ. Աթաբէկեան անդրադարձաւ Մարիա Ճէյքըպսընին, անոր օրով որբերուն կողմէ կառուցուած պարտէզին, միաժամանակ հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը յայտնելով դանիացի միսիոնարին տարած առաքելութեան համար: Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր հայ անպայման պիտի յիշէ այս նուիրեալ «մօր» տարած վեհ աշխատանքը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը կարդաց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ այդ տարածքը սրբավայր է հայութեան համար, որովհետեւ հոն ապաստանած եւ ապրած են Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած մեծաթիւ որբեր: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ Մարիա Ճէյքըպսըն այդ վայրը կոչեց «Թռչնոց բոյն», ուրկէ դէպի կեանքի ուղին բռնած որբերը դարձան հայութեան համար պատուաբեր եւ հպարտութիւն ներշնչող անձնաւորութիւններ աշխարհին մէջ ո՛ւր ալ գտնուեցան: Ան ողջունելի նկատեց հայութեան վիշտն ու արհաւիրքը կիսելու միտող այս նախաձեռնութիւնը` դիտել տալով, որ այդպիսով ցաւը կը վերածուի յոյսի: Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց, որ Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակն ու պատկերը միշտ վառ եւ պայծառ պիտի մնան հայոց հոգիներուն մէջ, որովհետեւ անոր կատարած գործը նուիրական է: Ան դիտել տուաւ, թէ «Թռչնոց բոյն»-ին եւ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին խորհրդանիշը այն է, որ հայութիւնը կրցաւ ապրիլ, համերաշխութիւն սփռեց, հանդուրժողականութեան օրինակ դարձաւ եւ խաղաղութեան համար գործակցեցաւ բոլորին հետ:


Ապա դեսպանները` մօտենալով Ճէյքըպսընի դամբարանին, անոր յիշատակին ծաղիկներ զետեղեցին: Անկէ ետք բոլորը ուղղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, ուր ծանօթացան անոր տարբեր բաժանմունքներուն եւ ցուցադրուած նիւթերուն:
Պաշտօնական բաժինէն ետք դեսպաններն ու հիւրերը շրջագայեցան Ժիպէյլի մէջ եւ եղան Ժիպէյլի քաղաքապետութեան ընթրիքի հիւրը:

Լուսանկարներ

. .
  • Վահագն Աթաբէկեան
Դիտվել է՝ 1330

Մեկնաբանություններ