Երբ ցորենահատը հողին մէջ կþիյնայ, անոր մէջ կը սկսի խլրտիլ մարմնային տենչ մը, որ յաւիտենականութիւնն է: Այդ տենչանքն է, որ սերմին մէջ կը պայթի թաքնուած երազին պէս՝ կանանչ ու ոսկեգոյն:
Ցորենահատին պէս գիտակ իմ երանութեան եւ անգիտակ իմ վախճանին՝ իմ մէջ կը զգամ յաւիտենականութիւնը, երբ ամէն առաւօտ արեւին կþարթննամ, կը տեսնեմ ծառերուն շնորհալի կերպարանքները կապոյտին դէմ: Կը տեսնեմ թռչուններուն թեւերը՝ միշտ նոր եւ անսահման: Ես կը զգամ յաւիտենականութիւնը, երբ մեղուն, ոսկեգոյն բեղմնափոշիներով ծանրացած, թեւ կþառնէ ծաղիկի մը բաժակէն, երբ կնոջ մը աչքերուն ու ժպիտին ջերմութիւնը կը տարածուի իմ մարմնին մէջ, ու երբ կը տեսնեմ երախայ մը՝ իր մօր գրկին եւ կուրծքին:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ