Ես կը զգամ յաւիտենականութիւնը, երբ պատճառ կþըլլամ երանութեան բարեկամին, հեռաւորին, անծանօթին, անկեալին, հիւանդին, հարուստին ու աղքատին: Այն ատեն անոնց դէմքերուն վրայ կարծես Քու ժպիտին գծերը կը տեսնեմ, Տէ՜ր:
Ինչպէ՞ս զգալ քայքայումը այդ երանութեան, մոխրանալը իմ բոցեղէն երազներուն եւ հատնումը Քու շունչին:
Իմ օրհասի վերջին շունչին մէջ Քու շունչը կայ, Տէ՜ր: Պահելու համար իմ քաջութիւնը մահուան դէմ՝ Դուն եւս կու գաս ինծի հետ գերեզմանին մէջ փակուելու:
Երբ իմ բարեկամները հեռանան գլխիկոր իմ հողաթումբէն ու մտնեն իրենց առօրեայ հոգերուն մէջ, արդեօք պիտի գիտնա՞ն, որ ինծի, իմ աշխարհին ու իմ երկնքին հետ Քեզ ալ թաղեցին:
ՈՒ ես կþաղօթեմ արեւին դէմ բացուած նարկիզներուն պէս, որովհետեւ իմ երազները, որ Քեզի կը ձգտին, հզօր են, որովհետեւ Քու յավիտենականութեան շունչը կայ, ու կայ հրեշտակներուն թեւերու բախումը...
ՀԱՄԱՍՏԵՂ