Այդ երեկոյ ձիւնը կþիջնէր համատարած: Կþիջնէր խաղաղութեան մը պէս, եւ մեր տան մէջ կոչունք կար:
Կոչնականները կþերգէին, կը պարէին: Գինի կար կիներու ժպիտներուն, աչքերուն մէջ ու կիթառի լարերուն վրայ: Կիները կը պարէին շնորհալի ու յանգաւոր, որ մարմնինն էր ու բնութեանը: Անոնց մարմնին ծիծաղը նման էր պտղատու ծառերուն, որոնք կը պտկին աւիշի թացութիւնով, ծաղկումի և պտղաբերութեան համար:
Երգերուն ու պարերուն հետ իմ մարմնիս մէջ ալ բացուած էր համանուագ մը, երբ իմացայ, որ մէկը երեք անգամ տան դուռը թակեց: Երբ բացի դուռը, տեսայ մուրացիկի կերպարանքով մէկը քուրջերուն մէջ կը դողար ցուրտէն ու դողան ձայնով ապաստարան կը խնդրէր:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ