Առաջին անգամ խաղաղութեան մէջ լսեցին Քու ձայնը: Երկնքի իմաստութիւնը նկանակի մը պէս կիսեցիր ու բաշխեցիր անոնց: Այդ նկանակը Քու մարմինն էր, Տէ՜ր: Անոնք Քու մարմնէն մարմին առին, Քու շունչէն առին թեւեր՝ հասնելու իրենց երազներուն, հասնելու լինելիութեան, հասնելու Քեզի, Տէ՜ր:
Դուն նոյնպէս լռութեան ու խաղաղութեան մէջ է, որ կը յայտնուիս բանաստեղծին, նկարիչին, քանդակագործին, երաժիշտին, ճարտարապետին, գիտնականին, երբ անոնք կը զգան անհանգիստ խլրտանքը ստեղծագործութեան: Անոնք իրենց ստեղծագործութիւններով Քեզի է, որ կþուզեն բարձրանալ, Տէ՜ր:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ