Կը հաւատամ, Տէ՜ր, որովհետեւ հաւատքը երանութիւն է իմ մարմնին եւ զգայարանքներուն: Իմ հաւատքին մէջն է, որ իրերը աւելի կը գեղեցկանան եւ կը զգամ ջերմութիւնն ու գոյնը իրերուն: Կը զգամ երաժշտութիւնը իմ մարմնին մէջ, ինչպէս նուրբ մատներուն հպանքը տաւիղի լարերուն վրայ: Կը զգամ երանութիւնը յաւիտենականութեան՝ նման այն սպիտակ թռչունին, որուն անունը չէի գիտեր եւ որ միայն հեղ մը թառեցաւ իմ պարտէզի ծառին, ձգեց երգը իմ հոգիին մէջ ու հեռացաւ:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ