Այն ատեն կոչունքի հրաւիրեցի իմ բարեկամներն ու թշնամիները եւ ըսի անոնց.
-Ես աւարտեցի իմ տաճարը, եւ Աստուած այժմ իմ տաճարին մէջ է: ՈՒ գեղեցկութիւնն աւելի հզօր է, քան ոխը, քան նախանձն ու ատելութիւնը:
Անոնք կերան, անոնք խմեցին, անոնք ուրախացան:
Կը զարմանայի, որ անոնք զիս չէին կրնար հասկնալ, եւ այլեւս չմտածեցի այդ մասին, որովհետեւ երջանիկ էի, ու գեղեցիկ էր տաճարն իմ մարմնի. հոն գեղեցիկ էին նոյնիսկ ստուերները տխրութեան:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ