Դուն կ'անցնիս կանանչագոյն պարտէզներուն մէջէն, Տէ՜ր, եւ ես կը տեսնեմ ծաղիկներու եւ մեղուներու իմացական խռովքը միայն, որ կեանքինն է:
Հազար ու մի հոգերով ու ծաղկեփոշիներով բեռնաւոր մեղուներուն հետն ես, Տէ՜ր, երբ հեռաւոր ծաղկաստանէն իրենց փեթակները կը վերադառնան: Դուն ես, որ կը հսկես ու կը զգուշացնես զանոնք մօտալուտ անձրեւէն ու փոթորիկէն:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ