Եթէ ցօղունն ու արմատը մարմինն են տունկին, ես-ը անոր ծաղիկն է: Ինչպէս ծաղիկն է շռայլ իր բուրմունքով ու գոյնով, այնպէս պէտք է ըլլայ նաեւ ես-ը ճշմարիտ, որ համանուագն է զգայարանքներուն:
Խնձորենին կը բռնուի գարնան պատճառած հաճելի ցաւով ու կոտտանքով՝ ծաղկումի ու պտղաբերութեան համար: Այդ պտղաբերութիւնը ծառին ես-ն է:
Ես-ը զաւակն է, որ իր մօր մարմնէն կը բաժնուի:
Ամառը ծառը շռայլ է իր կանանչ տերեւներով, ծաղիկի գեղեցկութիւնով, պտուղի մատուցումով, այնպէս պէտք է ըլլայ ես-ը:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ