Յոգնած ճամբորդը ծառի շուքին տակ հանգիստ կþընէ, գրկի մը պէս ծառը իր ճիւղերուն մէջ կը պաշտպանէ թռչունները, ափի մը պէս կը բռնէ թռչուններուն տաք բոյնը սիրոյ: Ծառին պէս պէտք է ըլլայ ճշմարիտ ես-ը իր մատուցումով ու գեղեցկութիւնով:
Չկայ աւելի գեղեցիկ մատուցում, քան ստեղծագործութիւնը: Աստուած Իր մարմնէն տուաւ, Իր շունչէն տուաւ եւ դարձաւ անհուն ու կատարեալ, երբ ստեղծագործեց:
Ճշմարիտ ես-ը կատարելութեան ձգտող տենչանքն է այնպէս, ինչպէս գեղեցիկ գոյներով օղակաւոր որդին մէջ թաքնուած է այդ իրական տենչանքը, թաքնուած են գեղեցիկ գոյնը եւ թեւը թիթեռնիկին:
Աստուծոյ մը չափ անիմանալի է նաեւ ես-ը: Եթէ անծանօթ ենք մեր ես-ի սահմաններուն, կրնանք մոլորիլ շուտով, երբ ուզենք Աստուածը փնտռել:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ