Մարդիկ Քեզ փնտռեցին մարմնական պարի ջերմեռանդ մոլուցքով եւ սրբազան մատուցումներով:
Անոնք Քեզ իրենց շուրջ փնտռեցին, Տէ՜ր, որովհետեւ Դուն աւելի իրական էիր եւ ճշմարիտ:
Անոնք Քու ձայնը տերեւներու սօսափիւներէն առին: Քեզ տեսան լեռներու կատարին, ամպերէն վեր. Քեզ անսահման ու անյայտ կապոյտին մէջ փնտռեցին:
Անոնք Քեզի համար կառուցին տաճարներ, աղօթքի շունչով իրենց մարմնին տուին հոգեկան թռիչք՝ Քու կատարելութեան հասնելու համար:
Երբ խափշիկը տաշեց կոճղը, քերեց քարը եւ իր կերպարանքով աստուած մը կերտեց ու պարեց անոր շուրջ, Դուն այնտեղ էիր, Տէ՜ր: Անոնց՝ իրենց աստուածներուն տարած զոհաբերումի, ինքնամատուցումի մէջն էր, որ մարմնէն ու զգայարանքներէն դուրս՝ հոգին իր անիմանալի կերպարանքն ստացաւ, ստացաւ Քու կերպարանքը, Տէ՜ր:
ՀԱՄԱՍՏԵՂ