ԱՄՆ Կոնգրեսի Ներկայացուցիչների պալատի արտաքին հարաբերությունների հանձնաժողովը համապատասխան օրինագիծ է ընդունել՝ կոչ անելով Ադրբեջանին անհապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիներին և քաղաքական բանտարկյալներին։ Ադրբեջանի խորհրդարանը, ինչպես և սպասվում էր, օրինագծի ընդունումը որակել է որպես «հայկական լոբբիի շահերից ելնելով՝ Ադրբեջանի վրա քաղաքական ճնշում գործադրելու փորձ»:               
 

Լուսաւորիչի վառած լոյսը չմարեցաւ իր մահով

Լուսաւորիչի վառած լոյսը չմարեցաւ իր մահով
25.07.2026 | 15:13

(Սրբոց որդւոց եւ թոռանց Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին մերոյ՝ Արիստակիսի, Վրթանիսի, Յուսկանն, Գրիգորիսի եւ Դանիէլի):

«Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցին յատուկ տօնով կը յիշատակէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներն ու թոռները՝ Սուրբ Արիստակէս, Սուրբ Վրթանէս, Սուրբ Յուսիկ եւ Սուրբ Գրիգորիս, ինչպէս նաեւ Լուսաւորիչի հաւատարիմ աշակերտ ու հոգեզաւակ Սուրբ Դանիէլ Ասորի եպիսկոպոսը։ Անոնք տարբեր ժամանակներու եւ պայմաններու մէջ շարունակեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի առաքելութիւնը՝ ամրապնդելով քրիստոնէական հաւատքը Հայաստանի եւ շրջակայ երկիրներուն մէջ։

«Սուրբ Արիստակէս Հայրապետը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կրտսեր որդին էր։ Ան քրիստոնէական կրթութիւն ստացաւ Կեսարիոյ մէջ եւ երիտասարդ տարիքէն նուիրուեցաւ ճգնաւորական կեանքի՝ առանձնանալով Կապադովկիոյ լեռներուն մէջ։ Տրդատ թագաւորի խնդրանքով Հայաստան եկաւ եւ իր հօր ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ՝ դառնալով անոր գործակիցն ու յաջորդը։ 325 թուականին մասնակցեցաւ Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովին եւ Հայաստան բերաւ ժողովին որոշումներն ու Հաւատոյ Հանգանակը։ Արիստակէս քաջութեամբ կը յանդիմանէր իշխաններու անիրաւ ու անբարոյ ընթացքը։ 333 թուականին Ծոփքի Արքեղայոս իշխանը, չհանդուրժելով անոր արդար յանդիմանութիւնները, սպաննեց զինք։ Այսպէս Արիստակէս իր հաւատարմութիւնը կնքեց նահատակութեամբ։

«Սուրբ Վրթանէս Հայրապետը Լուսաւորիչի անդրանիկ որդին եւ Արիստակէսի եղբայրն էր։ Ան եւս կրթուած էր Կեսարիոյ մէջ։ Ամուսնացած էր եւ ունէր երկու որդիներ՝ Գրիգորիս եւ Յուսիկ։ Արիստակէսի նահատակութենէն ետք՝ 333 թուականին, ան բարձրացաւ Հայոց Հայրապետական Աթոռ։ Վրթանէսի օրերուն Հայաստանի մէջ տակաւին կենդանի էին հեթանոսական սովորութիւններու մնացորդները, որոնց դէմ ան հետեւողականօրէն պայքարեցաւ։ Աշտիշատի մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցած ժամանակ նոյնիսկ փորձ կատարուեցաւ զինք սպաննելու, սակայն ան փրկուեցաւ։ Վրթանէս մինչեւ խոր ծերութիւն ծառայեց Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին եւ 341 թուականին խաղաղութեամբ վախճանեցաւ։

«Սուրբ Յուսիկ Հայրապետը Վրթանէսի որդին եւ Գրիգորիսի երկուորեակ եղբայրն էր։ Ան ամուսնացաւ եւ ունեցաւ երկու որդիներ՝ Պապ եւ Աթանագինէս։ Հօր մահէն ետք դարձաւ Հայոց Հայրապետ։ Յուսիկ անվախ հովուապետ մըն էր, որ չէր վարաներ նոյնիսկ թագաւորը յանդիմանել, երբ անոր կեանքը կը հակասէր քրիստոնէական հաւատքին եւ բարոյականութեան։ Տիրան թագաւորի անզեղջ ընթացքին պատճառով Յուսիկ նոյնիսկ արգիլեց անոր եկեղեցի մտնել։ Թագաւորը, զայրացած անոր խիզախ կեցուածքէն, հրամայեց բիրերով ծեծել զինք։ Ստացած ծանր հարուածներուն հետեւանքով Սուրբ Յուսիկ 347 թուականին նահատակուեցաւ։

«Սուրբ Գրիգորիս Եպիսկոպոսը Վրթանէսի միւս որդին էր եւ իր անունը ստացած էր մեծ հօրմէն՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն։ Երիտասարդ տարիքէն նուիրուեցաւ հոգեւոր ծառայութեան եւ դարձաւ Աղուանքի ու Փայտակարանի եպիսկոպոսապետ։ Ան առաքելական նախանձախնդրութեամբ քարոզեց Ատրպատականի, Փայտակարանի, Աղուանքի եւ Գուգարքի մէջ։ Երբ սկսաւ Քրիստոսի Աւետարանը քարոզել նաեւ մազքութներուն, անոնք մերժեցին անոր պատգամը, որովհետեւ քրիստոնէական ուսուցումը կը դատապարտէր իրենց աւարառու եւ բռնի կենցաղը։ Զինք կապեցին վայրի ձիու պոչին եւ նահատակեցին Կասպից ծովու մերձակայքը։ Անոր մարմինը իր սարկաւագները տարին Արցախ եւ ամփոփեցին Ամարասի մէջ, որ հետագային դարձաւ նշանաւոր ուխտավայր։

«Սուրբ Դանիէլ Ասորին Լուսաւորիչի մարմնաւոր զաւակներէն չէր, այլ անոր աշակերտն ու հոգեզաւակն էր։ Լուսաւորիչի ձեռամբ ձեռնադրուած էր քորեպիսկոպոս եւ հռչակուած՝ իր սրբակեաց ու ճգնաւորական կեանքով։ Ծերութեան տարիներուն առանձնացած կ՛ապրէր Տարոնի «Հացեաց Դրախտ» կոչուած վայրին մէջ։ Յուսիկ Հայրապետի նահատակութենէն ետք զինք հրաւիրեցին ստանձնելու Հայոց Հայրապետական Աթոռը։ Սակայն Տիրան թագաւորին ներկայանալով՝ Դանիէլ անվախօրէն յանդիմանեց զայն իր մեղքերուն եւ Յուսիկ Հայրապետի սպանութեան համար։ Թագաւորը հրամայեց խեղդամահ ընել զինք։ Անոր աշակերտները՝ Եպիփան եւ Շաղիտա, մարմինը ամփոփեցին Հացեաց Դրախտի մէջ։

«Այս տօնը միայն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ընտանիքին յիշատակը չէ. ան հաւատքի շարունակականութեան տօնն է։ Լուսաւորիչի վառած լոյսը չմարեցաւ իր մահով, այլ շարունակեց փայլիլ իր որդիներուն, թոռներուն եւ հոգեւոր զաւակներուն կեանքին ու ծառայութեան ընդմէջէն։

«Այս սուրբերը մեզի կը սորվեցնեն, որ քրիստոնէական հաւատքը միայն ժառանգութիւն մը չէ, որ կը ստանանք մեր նախնիներէն. զայն պէտք է ապրինք, պահպանենք եւ փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն։ Անոնք նաեւ կը յիշեցնեն, որ ճշմարտութեան հաւատարիմ մնալը երբեմն գին կը պահանջէ, բայց Աստուծոյ ճշմարտութիւնը երբեք պէտք չէ զոհել վախի, շահի կամ մարդկային իշխանութեան առջեւ։

«Թող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ընտանիքին եւ անոր հոգեւոր զաւակներուն օրինակը մեզ ալ քաջալերէ՝ մեր ստացած հաւատքի լոյսը վառ պահելու եւ զայն մաքուր ու կենդանի փոխանցելու գալիք սերունդներուն»:

Շաբաթ, 25 Յուլիս 2026

Ծանօթագրութիւն՝

Խորէն Արք. Տողրամաճեան

Դիտվել է՝ 213

Մեկնաբանություններ