Միացյալ Նահանգները չի կարող սպառնալիքների ու ճնշումների միջոցով ստիպել իրանցի ժողովրդին հանձնվել, ուստի փորձում է դրան հասնել՝ զրկելով նրան ապրուստի միջոցից՝ հայտարարել է Իրանի նախագահ Մասուդ Փեզեշքիանը: «Եթե նրանք պատերազմի կողմնակից են, թող պայքարեն զինվորականների դեմ։ Ի՞նչ խնդիր ունեն նրանք ժողովրդի հացի, ապրուստի միջոցների և ենթակառուցվածքների հետ։ Իրանցի ժողովուրդը չի հանձնվի»,- շեշտել է նա։               
 

Իսրայելի աշխարհագրական շրջափակումը Թուրքիոյ շուրջ

Իսրայելի աշխարհագրական շրջափակումը Թուրքիոյ շուրջ
12.09.2026 | 12:17

Եթէ քարտէսին նայինք, պիտի տեսնենք, որ Իսրայէլի տարածաշրջանային դաշինքներն ու գործընկերութիւնները Թուրքիոյ շուրջ կը ստեղծեն ազդեցութեան ընդարձակ ցանց մը։
Արեւմուտքին, յատկապէս Արեւելեան Միջերկրականի մէջ, Իսրայէլ եռակողմ համագործակցութիւն մը հաստատած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ։ Այս համագործակցութիւնը այլեւս միայն կազի շուրջ չի դառնար, այլ կը ներառէ նաեւ օդային եւ ծովային զօրավարժութիւններ, ինչպէս նաեւ հետախուզական համագործակցութիւն։
Արեւելքին, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի սերտ յարաբերութիւններուն հակառակ, Ատրպէյճան Իսրայէլի հետ ունի ռազմավարական եւ հետախուզական սերտ գործընկերութիւն մը։ Տարածաշրջանին մէջ երբեմն կը խօսուի նաեւ երկու կողմերուն միջեւ ընթացող գաղտնի պայքարի մասին։
Հարաւ-արեւելքին՝ Իրանի ուղղութեամբ, Իսրայէլ ուղղակի սահման չունի Թուրքիոյ հետ, սակայն Իրանի մէջ անոր հետախուզական ցանցերուն գործունէութեան մասին տարիներէ ի վեր բազմաթիւ տեղեկութիւններ հրապարակուած են։ Նաեւ կան հաղորդումներ Իրանի սահմանային շրջաններուն մէջ զինեալ խմբաւորումներու հետ կապերու եւ հետախուզական համագործակցութեան մասին։
Հարաւին, Իրաքի եւ Սուրիոյ ուղղութեամբ, իրավիճակը աւելի բարդ է։ Իրաքի մէջ Իսրայէլի ենթադրեալ գաղտնի ներկայութեան մասին տարբեր տեղեկութիւններ շրջանառուած են։ Իսկ Սուրիոյ մէջ, Ասատի վարչակարգի անկումէն ետք, Իսրայէլ ընդլայնած է իր ռազմական ներկայութիւնը եւ ուշադիր կը հետեւի Թուրքիոյ գործունէութեան։
Այսպիսով, Սուրիան կրնայ վերածուիլ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ապագայ մրցակցութեան կամ առճակատման հիմնական դաշտերէն մէկուն։
Միւս կողմէ, Թուրքիան հարաւին մէջ կը շարունակէ ամրապնդել իր ծովային եւ ռազմական ներկայութիւնը։ Այս զարգացումներուն զուգահեռ, տարածաշրջանային լարուածութիւնը կը սաստկանայ, իսկ Իսրայէլ կը փորձէ ձեւաւորել նոր ռազմավարական քարտէս մը։

Վարդան Խաչատուրեան
Դիտվել է՝ 109

Մեկնաբանություններ