«Եթե Երևանը ձեռնարկի ԵԱՏՄ իրավունքին հակասող քայլեր, ինչը, կարծում ենք, տեղի չի ունենա, կխախտի ԵԱՏՄ-ի մասին պայմանագիրը: Մենք ունենք անհրաժեշտ միջազգային-իրավական մեխանիզմներ միության մնացած անդամ պետությունների շահերը պաշտպանելու համար»,- ասել է ՌԴ ԱԳՆ ԱՊՀ երկրների առաջին դեպարտամենտի տնօրեն Միքայել Աղասանդյանը։ Նա նաև շեշտել է, որ Հայաստանը հրապարակավ կամ երկկողմ շփումների ընթացքում երբեք չի հայտարարել պայմանագրից դուրս գալու մտադրության մասին:                
 

«Հակառակ որ տարբեր նիւթեր կը բովանդակեն յօդուածներս, սակայն անոնց մէջ միշտ առկայ է հայրենիքի ու սփիւռքի գոյապայքարը»․ զրոյց դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեանի հետ

«Հակառակ որ տարբեր նիւթեր կը բովանդակեն յօդուածներս, սակայն անոնց մէջ միշտ առկայ է հայրենիքի ու սփիւռքի գոյապայքարը»․ զրոյց դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեանի հետ
05.01.2025 | 17:46

Գանատայի Հայ աւետարանչական ընեկերակցութեան կազմակերպութեամբ՝ հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին հիանալի շնորհանդէս-ներկայացումը։ Շնորհանդէսէն ետք՝ դժուար, բայց ո՛չ անկարելի եղաւ գրասէրներու բազմութենէն տասը վայրկեանով խլել դոկտոր Ճէպէճեանը, որպէսզի կարճ հարցազրոյց մը ունենամ անոր հետ իր լոյս տեսած գիրքին եւ Թորոնթոյի այցելութեան ընթացքին անոր ունեցած տպաւորութեան մասին։

Ձեռնուեցանք, ինքզինքս ծանօթացուցի դոկտորին, ապա՝ յիշեցի, թէ տարիներ առաջ ծանօթացած ենք Պէյրութի ազգային միացեալ վարժարանէն ներս «Մանկական Աւետարան»-ի շնորհահանդէսի առիթով։ Ժպտեցաւ ու՝ «Այո՛, շատ լաւ կը յիշեմ, բեմէն գիրքին ներկայացումը կատարողը դուն էիր»։ Դոկտոր Ճէպէճեանին չափազանց պայծառ յիշողութիւնը զարմացուց զիս եւ անոր գրական աշխատանքին հանդէպ ունեցած հիացմունքս կրկնապատկուեցաւ։

***

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան- Դոկտոր Ճէպէճեան, կը ներկայացնէ՞ք գիրքին բովանդակութիւնը։

Դոկտ․Հրայր Ճէպէճեան- 2018-էն մինչեւ 2022 թուական, 90-էն աւելի յօդուածներու հաւաքածոն, ժամանակագրական հերթականութեամբ, տեղադրած եմ գիրքիս մէջ, որ կը կազմէ 395 էջեր։ Յօդուածները նախապէս լոյս տեսած են Լիբանանի եւ սփիւռքի տարածքին հրատարակուած հայկական լրատուական թերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ։ Հակառակ այն իրողութեան, որ տարբեր նիւթեր կը բովանդակեն յօդուածներս, սակայն անոնց մէջ միշտ առկայ է հայրենիքի ու սփիւռքի գոյապայքարը՝ լաւատեսութեամբ դիմակայելու ամէն դժուարութիւն։ Պաշտօնիս բերումով աշխարհի զանազան երկիրներ կատարած այցելութիւններուս ընթացքին, ո՛չ միայն անդրադարձած եմ հայկական սփիւռքի առօրեայ համայնքային կեանքին, այլ՝ փնտռած ու գտած եմ, երբեմն ալ պատահաբար հանդիպած եմ հայերու, որոնց հետ զրուցած եմ՝ այդ անհատներուն ընդմէջէն շօշափելու ու ընկալելու հայ ժողովուրդի դիմագրաւած հայապահպանման դժուարին մարտահրաւէրը՝ մշակոյթի, հաւատքի եւ հայկական ինքնութեան պահպանման պայքարին մէջ։

ՏՄԿ- Շնորհահանդէսի ընթացքին ձեր խօսքին մէջ ըսիք՝ «Այցելած վայրերուս մէջ կը ջանամ անպայման հայեր տեսնել եւ լուսարձակի տակ առնել հայ կեանքի ընկալումը, վերջապէս ամէն տեղ հայ կայ»։ Ձեր այս արտայայտութեամբ զիս մեր նշանաւոր գրող, հեղինակ Վահրամ Մավեանը եւ անոր գրականութիւնը յիշեցուցիք, արդեօք դո՞ւք ալ միեւնոյն հայապահպան առաքելութեան մղումով առաջ կ’երթաք։

ԴՀՃ- Շատեր միեւնոյն արտայայտութիւնը ունեցած են։ Հայը ամէն տեղ պատմելիք ունի աշխարհին՝ իր անցեալին եւ ներկային մասին։ Ես կը փորձեմ պեղել հայ մարդու մտորումները՝ հայրենիք եւ սփիւռք փոխյարաբերութիւններու, hայ դատի, ցեղասպանութեան, հայապահպանման ու այլ հարցերու շուրջ եւ զանոնք կը ներկայացնեմ ընթերցողներուս։ Ինքնութիւնս միշտ զիս կը կանչէ, ո՛չ միայն այսօր կամ երէկ, այլ՝ 34 տարիներէ ի վեր։ Ահա այդ մղումով առաջ կ՛երթամ ու ճամբորդական նոթագրութիւններս, յիշատակներս, մտորումներս, փիլիսոփայական, աստուածաբանական ու քրիստոնէական վերլուծումներս կը նկարագրեմ ու կը հրամցնեմ ընթերցողին։ Երբեմն ալ՝ հայ անհատներու հետ պատահաբար եղած հանդիպումները անհուն հրճուանք ու գոհունակութիւն կը շնորհեն ինծի եւ առիթ կու տան ներշնչուելու, զգացումներս ու մտքերս գրաւոր արտայայտելու։ Ուստի, սովորական կենցաղ վարող, երբեմն մտահոգ կամ տառապող հայուն մտորումները եւ լաւատեսութեամբ յուսադրուած հայ անհատը իրապաշտ պատկերներով կը ներկայացնեմ ընթերցողներուս։

ՏՄԿ- «Սեւին ու մոխրագոյնին մէջ կը փնտռեմ ծիածանին գոյները», այս ձեր խօսքն է․ ինչպէ՞ս կը գտնէք այդ գոյները։ Ձեր այս գիրքին մէջ կրնանք մենք եւս գտնե՞լ այդ գոյները։

ԴՀՃ- Անշուշտ, միշտ վարդագոյն չեն եղած տեսածներս, սակայն ես միշտ լաւատես եմ, որովհետեւ քրիստոնեայ, այսինքն՝ յոյսի ու լոյսի մարդ եմ։ Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, ծնած ու ապրած է օտար երկրի մը մէջ եւ տուեալ երկրին քաղաքացին է, հետեւաբար ստացած է տուեալ երկրին մշակոյթը եւ կենցաղը, սակայն ես այդ հայուն մէջի հայ արմատները կը փնտռեմ ու անոնց մասին կը գրեմ։ Գիրքիս մէջ տեղ գտած ճանապարհագրութիւններովս կը պատկերացնեմ օտար երկրի մէջ ծնած ու հասակ առած հայ մարդուն անցեալէն եկող տառապանքին, ցաւին, պայքարին մէջէն վաղուան լոյսը փնտռելու եւ տեսնելու լաւատեսութիւնը։ Կ’ուզեմ անոր բազկերակը շօշափել եւ իմանալ, թէ որպէս հայ ինչպիսի՞ կեանք կը վարէ ան տուեալ երկրին մէջ։ Բնականաբար, մենք իրարմէ տարբեր ենք, սակայն այս տարբերութիւնները ուժեր են, որոնք եթէ միացնենք, համադրելով մէկտեղենք ու ներմուծենք մեր համահայկական մեծ պատկերին մէջ, ի՛նչ հրաշքներ կը գործենք։

Այսօր դժուար օրեր կ’ապրինք ազգովին, կարեւորը՝ չյուսահատինք եւ հայապահպանման պատերազմը միասին առաջ տանինք, անշուշտ միասնականութեամբ, որովհետեւ միասնականութիւնը մեր ազգին համար պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն է, ուրիշ ճար եւ ուրիշ ելք չկա՛յ։ Միշտ ալ ըսած եմ եւ այսօր ալ կ'ըսեմ․ «Մենք՝ սփիւռք ու Հայաստան, գոյապայքարի ուղիին մէջ միասին համագործակցելով՝ առաջ պիտի երթանք»։

ՏՄԿ- Այցելեցիք Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարան, ինչպիսի՞ն էր ձեր տպաւորութիւնը այս առիթով։

ԴՀՃ- Այո՛, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարան այցելեցի եւ հիացայ վեց հարիւր եօթանասուն հայ նոր սերունդի փայլուն ներկայացուցիչներուն հանդիպելով։ Սիրտս հրճուեցաւ ու հոգիս խայտաց զիրենք տեսնելով։ Ծանօթացայ վարժարանի տնօրէնին եւ Հայոց լեզուի ուսուցիչներուն, որոնք մեր լուսաւոր ապագայի ներկայացուցիչները կը պատրաստեն լաւագոյն ձեւով։ Այսօր թորոնթոհայ մեծ ընտանիքին պատկերը մեր նոր սերունդին մէջ տեսայ եւ հպարտացայ հայ մանուկին փոխանցուած ազգային, մարդկային եւ քրիստոնէական արժէքները եւ աւանդութիւնները ժառանգած նոր սերունդին հանդիպելով։ Կեցցե՛ն բոլորը։

ՏՄԿ- «Թորոնթոհայ»-ի անունով դարձեալ կը շնորհաւորենք եւ նորանոր հատորներ հրատարակելու մաղթանքներով՝ դարձեալ հանդիպելու յոյսը կը փայփայենք։

Զրոյցը վարեց Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեանը

Դիտվել է՝ 5690

Մեկնաբանություններ