ԱՄՆ-ի նախագահ Դոնալդ Թրամփը վերջերս կասկածներ է հայտնում Ռուսաստանի նախագահ Վլադիմիր Պուտինի վրա իր ազդեցության վերաբերյալ՝ գրում է Axios-ը։ Նա իր վստահված անձանց խոստովանել է, որ սխալ է գնահատել Ռուսաստանի ղեկավարի՝ հանուն խաղաղության պատրաստակամությունը։ Շաբաթ օրը Թրամփը հայտարարել է, որ Ռուսաստանի դեմ ԱՄՆ-ը նոր պատժամիջոցներ կսահմանի միայն այն դեպքում, եթե ՆԱՏՕ-ի բոլոր երկրները բարձր մաքսատուրքեր սահմանեն Չինաստանի համար։               
 

Անվաճառելի գանձը

Անվաճառելի գանձը
14.09.2025 | 11:16

Մարդկային կեանքին մէջ կայ նուրբ մանուկ մը, որուն անունը բարեկամութիւն է։ Ան կը սնուի վստահութեամբ, կը մեծնայ անկեղծութեամբ, եւ կը ծաղկի միայն այն պարագային, երբ մշակուի փոխադարձ յարգանքով։ Բայց, դժբախտաբար, ոչ բոլոր պարտէզներուն մէջ կ՚աճի այդ մանուկը։

Իսկական բարեկամութիւնը չի կշռուիր նժարով: Ան սրբութիւն մըն է, որ հետզհետէ կ՛ամրապնդուի փոխհասկացողութեան, սիրոյ եւ վստահութեան արմատներով:

Շատերու համար բարեկամութիւնը ընդամէնը միջոց է՝ անձնական շահերը յառաջ տանելու, աժան հետաքրքրութիւնները բաւարարելու, բայց երբեք՝ գիտակցական մօտեցումի կամ անկեղծ հաւատարմութեան արտայայտութիւն։

Շատ անգամ անհատ մը կը խորհի, թէ հանդիպած է անկեղծ ուղեկիցի մը, բայց կարճ ժամանակի մէջ(երանի), կը հասկնայ, որ դիմացինը ոչ թէ լոյս էր, այլ՝ արատ:

Որքա՛ն դառն է այն պահը, երբ կը զգաս, որ վստահութիւնդ չարաշահուած է այսպէս կոչուած բարեկամէդ: Շահի աղբիւր ծառայած է մէկ ուրիշին: Որքա՝ն դառն է, երբ կը զգաս, որ սառցապատ նենգութիւններ պահուած էին այսպէս կոչուած բարեկամիդ սրտագին խօսքերուն ետին: Որքա՜ն կեղծիք պահուած էր անոր ժպիտին ետին: Մարդու հոգին բնականաբար պիտի ցաւի, զղջայ, որովհետեւ սուղ գնահատած էր դիմացինը, որ երբեք արժանի չէր այդ յարգանքին ու բարեկամութեան:

Դառնութիւնը ուսուցանող փորձառութիւն է, մեր աչքերը բանալու, սրտերը ամուր պահելու, եւ ճշմարիտ բարեկամը ճանչնալու:

Ճշմարիտ բարեկամութիւնը աւելի սուղ կ՛արժէ քան ոսկին, որովհետեւ ո՛չ ժամանակը, ո՛չ փորձութիւնները չեն կրնար մաշեցնել զայն։ Ան յաւերժ կը մնայ մեզի հետ, մեր ուրախութիւններուն եւ վիշտերուն վկան:

Փորձենք մեր կեանքը հարստացնել այնպիսի յարաբերութիւններով, որոնք կը գնահատուին միայն անկեղծ սրտերու բաբախումով։

Մեր աչքերը չմոլորին կեղծ լոյսերէ, այլ սորվին փնտռել այն ճշմարիտ կայծը, որ կը թափանցէ մեր հոգիներէն ներս ու կը մնայ յաւերժ։

Թող իւրաքանչիւր բարեկամութիւն նմանի այն հնչող երաժշտութեան, որ շաղախուելով մեր սրտի զարկերուն հետ, կը բանայ անսայթաք արահետը վստահութեան:

Իսկական բարեկամը գանձ մըն է: Անոր մօտ հաւատարմութիւնը չի վաճառուիր: Անսակարկելի արժէք կը մնան սէրն ու յարգանքը:

Ահարոն ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Դիտվել է՝ 648

Մեկնաբանություններ

"hyĂ„ÂŤĂ…ĹˇĂ˘â‚¬Â¦ĂƒÂ©Ă‚Ë†Ă„â€žĂ„â€ˇĂ˘â‚¬â„˘Ă˘â‚¬Â /subscribe">ԲաժանորդագրվելԳործընկերներՀետադարձ կապ