Պատմութեան քառուղիներուն վրայ կան գարուններ, որոնք կը բացուին ոչ թէ ծաղիկներու հեզահամբոյր բոյրով, այլ՝ գաղափարի զինուորներու սրբազան արեան կանչով։ 1976-ի Մայիսեան այդ օրը, Փարիզի մռայլ երկինքին տակ, հայութեան արդարութեան դատին համար բաբախող հերոսական սիրտ մը եւս լռեց, որպէսզի իր մահով յաւերժական ղողանջ տայ ազգային զարթօնքի սրբազան պայքարին։ Ընկեր Պետիկ Ինճէեանի նահատակութիւնը պարզապէս կեանքի մը ընդհատումը չէր, այլ՝ ուխտի մը կնիքը, որ դրուեցաւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (Լ.Ե.Մ.) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ոսկեդարձ էջերուն վրայ։ Այսօր, անոր անմահութեան յիսնամեակի սեմին, երբ ժամանակը ծնրադիր կը խոնարհի անոր յիշատակին առջեւ, մենք կը վերանորոգենք մեր հաւատամքը՝ փաստելով, որ հերոսները չեն մեռնիր, այլ իրենց արեամբ կը գծեն դէպի հայրենիք տանող արդարութիւններու ճամբան։
Պետիկ Ինճէեան ծնած էր 1950-ին, արծուաբոյն Այնճարի մէջ, ուր հերոսական Մուսա Լերան շունչն ու ոգին դեռ կենդանի էին ամէն մէկ քարի ու ակօսի մէջ։ Փոքր տարիքէն ան ուխտեց ըլլալ «Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր» նշանաբանին հաւատարիմ զինուորը։ Մաս կազմելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին իբրեւ գայլիկ ու սկաուտ, ան իր մէջ կռանեց տիպար հայու նկարագիրը՝ տոկունութիւն, կարգապահութիւն եւ անսահման սէր դէպի հայրենիքն ու սեփական ժողովուրդը։ Ան պարզապէս անդամ չէր. Պետիկը Այնճարի միաւորի խմբապետն էր, Սկաուտական Խորհուրդի անդամն ու վարչականը, որ կը ղեկավարէր արշաւներ, բանակումներ եւ ձիւնագնացութիւններ՝ իր ետեւէն քաշելով սերունդներ։
Պետիկին սէրը մեծ էր նաեւ ֆութպոլի հանդէպ։ Իբրեւ մարզիչ ու խմբապետ, անոր անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ էր, որ 1973-ին Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի ֆութպոլի խումբը հանդիսացաւ Պէքայի չեմպիւն։ Անոր տաղանդն ու նուիրումը զինք առաջնորդեցին մինչեւ Հ.Մ.Ը.Մ. Լիբանանի ֆութպոլի ներկայացուցչական գլխաւոր խումբ։ Սակայն, երբ հնչեց ազգային տագնապի եւ պահանջատիրութեան մեծագոյն կոչը, Պետիկ Ինճէեան մարզադաշտի յաղթանակները փոխարինեց Հայ Դատի զինուորագրութեամբ՝ դառնալով Լ.Ե.Մ.-ական զինեալ պայքարի առաջին փաղանգի մարտիկը։
1970-ական թուականները Հայ Դատի զարթօնքի եւ զինեալ պայքարի բուռն տարիներն էին։ Ընկեր Պետիկին վստահուած էր պատասխանատու եւ վտանգաւոր առաքելութիւն մը Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ։ Ան չվարանեցաւ, չերկնչեցաւ։ 27 Մայիս 1976-ին, երբ ան կատարելու վրայ էր իրեն վստահուած սրբազան պարտականութիւնը, թշնամիին դաւադիր հարուածը խլեց անոր երիտասարդ կեանքը։ Ան ինկաւ Փարիզի մէջ, բայց անոր արիւնը արձագանգեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ համայն սփիւռքի հայորդիներու սրտերուն մէջ։ Ան դարձաւ Լ.Ե.Մ.-ի զինեալ պայքարի անդրանիկ նահատակը՝ իր անունը ոսկէ տառերով արձանագրելով հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան մեհեանին մէջ։
Յիսուն տարի անցած է այն օրէն, երբ Պետիկ Ինճէեան աչքերը փակեց աշխարհին՝ բանալու համար յաւերժութեան դռները։ Յիսուն տարի, սակայն անոր ձգած կայծը դեռ կը բոցավառի իւրաքանչիւր Լ.Ե.Մ.-ականի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի հոգիին մէջ։ Ընկեր Պետիկի նահատակութիւնը լացի կամ սուգի առիթ չէ, այլ՝ ուխտի վերանորոգման սրբազան պահ։ Անոր անաւարտ ձգած գործը կը շարունակուի այնքան ատեն, քանի դեռ հայ երիտասարդութիւնը կանգնած է պահանջատիրութիւններու առաջին դիրքերուն վրայ։ Մենք չենք մոռնար, չենք նահանջեր եւ պատնէշի վրայ ենք։ Փա՛ռք քեզ, ընկե՛ր Պետիկ, Հայ Դատի անմահ ռահվիրայ. քու քալած ճամբադ այսօր մեր ուղեցոյցն է դէպի Ազատ, Անկախ եւ Ամբողջական Հայաստան։
Լիբանանի Հայ Համայնք