Սոյն երեւոյթը խորքային վերլուծութեան է ենթարկել Կարօ Մեհեանը։ Գրականագէտ, պատմաբան, 1915թ․ ապրիլին թուրքական իշխանութիւնների միջոցով ձերբակալուած եւ աքսորուած (1915-1918թթ․), սովետական անվտանգութեան մարմինների հրամանով սիբիրեան աքսորավայրում բանտարկուած (1944-1954թթ․), ազգային-քաղաքական, մշակութային գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կարօ Մեհեանի (1898-1984թթ․) նոյն վերտառութեամբ յօդուածից մեջ ենք բերում հետեւեալ բաժինը, որը այժմէական է եւ ուսուցողական․
«Մեր ժողովուրդի պատմական երթը գերծ եղած չէ այս երկու ազդակներուն ազդեցութիւններէն: Անոնցմ է առաջինը, - միջավայըր,- ամրացուցած է անոր նկարագիրը: Երկրորդը, ընդհակառակն, գայն դարձուցած է, աստիճանաբար, ենթակայական: Անոր տուած է հոգեվիճակ մը եւ մտավիճակ մը, որոնք սահմանափակած են ի՛ր տեսողութիւնը այժմէականով, ի՛ր ապրած ժամանակաշրջանով, զինք անմիջական կերպով շրջապատող պայմաններու նեղ հորիզոնով:
Ներկան, - այդ եղած է իր հայեցողութեան ամբողջ շրջագիծը: Երբ նկատի ունենանք անոր վիճակուած պայմանները, դարաւոր լուծն ու նոյնքան դարաւոր ճնչումները եւ հալածանքները, արդարանալի կը գտնենք անոր այդ ՆԵՐԿԱՅԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ:
«Բայց նո՛յն այդ ներկայապաշտուտութիւնը, որ համակերպումն է իր ներկային եւ անոր պայմաններուն, զինք զրկած է հեռանկարներէ կամ տեսիլքներէ, ինչպէս նաեւ տիրող ու ճնչող պայմաններուն փոփոխման կարելիութեան ձգտող խոյանքներէ կամ նոյնիսկ ելոյթներէ․․․
«- Պայմաննե՛րը: Մեր ուժերէն վեր է, որովհետեւ մեր ուժերէն գերզօր ուժեր կան մեզի դէմ,- կ’ըսուի:
«Այս պատճառաբանութիւնը, որ, իր էութեան մէջ, համակերպումն է ներկայինին, իրեն հիմ ունի ամբողջական պատկերը մեզի դէմ կամ մեզի արգելք եղող ուժերուն, բայց չունի ճշգրիտ ու ամբողջական գնահատումը մեր ուժերուն եւ արժէքներուն: «Դէմ»-ին գերագնահատումը արդիւնք է, մասամը, «մեր»-ին թերագնահատման։ Ատկէ՝ կու գայ նաեւ ինքնավստահութեան շեշտուած բացակայութիւնը:
«Մեզի չեն պակսիր մեր արժէքներուն եւ կարելիութիւններուն ճանաչումն ու գնահատումը։ Բայց մեզի կը պակսի այդ արժէքներուն եւ կարելիութիւններուն վստահութիւնը:
«․․․ Եւ ո՛րքան ատեն, որ ՆԵՐԿԱՅԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ շարունակէ մեզ պահել նոյն հոգեվիճակին ու մտավիճակին մէջ, ա՛յնքան ատեն մենք զրկուած պիտի ըլլանք ոչ միայն տեսլական մը իրականացնելու, այլեւ զայն հետապնդելու կարելիութենէն»:
(«Հայրենիք» օրաթերթ, Բոստոն, 1977 մարտի 11, էջ 2)
Կարէն ԽԱՆԼԱՐԵԱՆԻ ՖԲ էջից