14.09.2025|
11:16
Մարդկային կեանքին մէջ կայ նուրբ մանուկ մը, որուն անունը բարեկամութիւն է։ Ան կը սնուի վստահութեամբ, կը մեծնայ անկեղծութեամբ, եւ կը ծաղկի միայն այն պարագային, երբ մշակուի փոխադարձ յարգանքով։ Բայց, դժբախտաբար, ոչ բոլոր պարտէզներուն մէջ կ՚աճի այդ մանուկը...