20.08.2026|
12:28
Հայաստանի խորհրդարանի ամպիոնէն «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան՝ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական ուժի պատգամաւոր Արման Եղոյեան հարց տուած է, թէ ովքե՞ր են Արամ Համբարեանը՝ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը, Գասպար Կարապետեանը՝ Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը, եւ Մուրատ Փափազեանը՝ CCAF-ի համանախագահն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը, եւ թէ քանի՞ հոգիի անունով կը խօսին անոնք...