Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգության հարցերի հանձնաժողովի անդամ Աբոլֆազլ Զոհրեվանդը զգուշացրել է՝ եթե Ադրբեջանն իրենց դեմ թշնամական գործողությունների մեջ ներքաշվի Իսրայելի կողմից՝ հողին կհավասարեցվի։ «Մեր սկզբունքն ու մեր մեթոդը չափավորության, ռացիոնալության վրա է հիմնված, բայց եթե հարվածեցին՝ Բաքուն կարող է 3-4 ժամում ջնջվել երկրի երեսից։ Սա չափազանցություն կամ դատակ խոսք չէ»,- ընդգծել է Զոհրեվանդը:               
 

«Անհետացման թանգարան»

«Անհետացման թանգարան»
15.06.2026 | 11:55

Մալեզիա կը գտնուի հարաւային Ասիոյ մէջ: Երկիրը կը յատկանշուի իր ցեղային ու մշակութային այլազանութեամբ, որ կ՛ընդգրկէ` մալայներ, հնդիկներ, չիներ ու տեղական զանազան ցեղախումբեր: Այս այլազանութեան մէջ կը ներառուին` տարբեր լեզուներ, ճարտարապետութիւն, մշակութային եւ կենցաղային արժէքներ ու տակաւին: Երկիրը կ՛արձանագրէ տնտեսական աճ եւ դարձած է զբօսաշրջիկներու համար լաւագոյն վայր մը: Մալեզիա որդեգրած է իսլամ կրօնը, սակայն հոն կան նաեւ եկեղեցիներ, հինտու եւ պուտտայական դաւանանքի հաւաքականութիւններ:

Քուալալամփուր, Մալեզիա, յունիս 2026

Կուալալամփուրի կենսունակ շրջաններէն մին է «չինական փողոցը», ուր կը վխտան ճաշարաններ, եւ գիշերային կեանքը կը ստեղծէ աշխուժ մթնոլորտ: Երբ սկսայ շրջագայիլ այս աշխուժ արուարձանի փողոցներուն մէջ եւ կանգ առի 19-րդ դարէն մնացած հին ու պատմական շէնքի մը առջեւ` գաղութատիրական օրերէ եւ մինչեւ չինական ճարտարապետական գեղեցիկ կոթող մը, որուն վրայ տեսայ յուշաքանդակ-ցուցատախտակ մը` «Անհետացման թանգարան» արձանագրութեամբ: Անհետացման թանգարանը ֆիզիքական կառոյց մը չէ` յար եւ նման աշխարհի մէջ ստեղծուած թանգարաններու, այլ փորձ մըն է հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելու, որ անհրաժեշտ է պահել եւ հոգ տանիլ մեր ազգային մշակութային կոթողներուն եւ արժէքներուն, որպէսզի անոնք գոյատեւեն եւ չանհետանան:

Մալեզիոյ մէջ հայ չգտայ, ինչպէս որ սովոր եմ ընել իւրաքանչիւր երկիր, զոր կ՛այցելեմ իմ աշխատանքային բնագաւառիս բերումով: Սակայն Քուալալամփուրի այս ցուցատախտակին առջեւ կենալով` գտայ հայը: Եթէ Մալեզիան պէտք է տքնի իր արժէքները պահելու` իր տարբեր ցեղախումբերու մէջէն, ինչո՞ւ հայը պիտի չընէ նոյնը` սփիւռքը(ները) պահելու ի խնդիր:

Իմ աշխատանքային կեանքս եղաւ լեցուն ճամբորդութիւններով, որոնց միջոցով տեսայ աշխարհը: Ծանօթացայ աշխարհին եւ սորվեցայ, թէ քաղաքակրթութիւնները որքա՛ն այլազան, նոյնքան ալ գունաւոր եւ գեղեցիկ են: Աշխարհի այդ այլազան, գունաւոր եւ գեղեցիկ հաւաքականութիւններու մէջէն տեսայ հայկականը: Տեսայ հայը` ոչ անպայման ինծի նմանող, բայց միշտ ալ անոնց հետ գտայ միացնող օղակը` մեր պատմութիւնը, մշակոյթը լեզուն եւ Ցեղասպանութեան ստեղծած ցաւը:

Այս տարբերութիւններուն մէջէն տեսայ նաեւ ՈՒԺԸ: Ուժը` մասնագիտական ու կեանքի փորձառութիւններու ճամբով: Իւրաքանչիւրս մեր տարբերութիւններուն ընդմէջէն ամբարած ենք մտաւոր, նաեւ տեղական այդ երկիրներու կեանքի ու ապրելակերպի փորձը: Այս փորձը դրամագլուխ է եւ ապրող ուժ:

Իւրաքանչիւր ճամբորդութեան, երբ կը հանդիպիմ նոր հայկական սփիւռքեան իրականութիւններու, աւելիով կը համոզուիմ, որ այս սփիւռքը(ները) պիտի մնայ: Եթէ պիտի մնայ (ու պիտի մնայ), կայ հարցումը. «Ի՞նչ պիտի ընենք»:

Սփիւռքի մնայուն կարգավիճակ ունենալու գրաւականը մտածել պիտի տայ մեզի, թէ այս «մնայուն» կացութիւնը ինչպէ՛ս պէտք է կազմակերպել եւ աշխուժացնել, որ սփիւռք իրականութիւնը չվերածուի «անհետացման թանգարան»-ի:

Պատմականօրէն սփիւռք բառը հայուն համար ունեցած է ցաւի, կորուստի եւ միաժամանակ տոկունութեան երանգ: Սփիւռքը(ները) ծնունդ առաւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն եւ մեծ համեմատութեամբ, երբ աշխարհով մէկ ցրուած հայու բեկորներ ստիպուած էին ոչինչէն կեանքեր կերտել: Այդ փուլին գլխաւոր նպատակը վերապրումն էր:

Այսօր` 21-րդ դարու երրորդ տասնամեակին, հայը կը գտնուի բոլորովին տարբեր իրականութեան մը առջեւ: Սփիւռքը այլեւս միագոյն, միաձոյլ հասկացողութիւն մը չէ: Անիկա վերածուած է բազմաշերտ ու բազմակեդրոն սփիւռքներու: Այս իմաստով վերապրելու ժամանակաշրջանը անցած է, եւ օրուան հրամայականը անոր` սփիւռքի(ներու) կայուն զարգացումն է:

Ցեղասպանութենէ ետք սփիւռքը(ները) կոչուեցաւ դասական` նկատի ունենալով, որ հետեւանք էր Ցեղասպանութեան եւ հայութեան` պապենական հողէն արմատախիլ ըլլալուն ու աշխարհի տարբեր կողմերը հաստատուելուն` ի մասնաւորի Միջին Արեւելք, Եւրոպա եւ Ամերիկաները: Այս սփիւռքը(ները) կեդրոնացաւ եւ գոյատեւեց եռամիասնութեան շնորհիւ` եկեղեցի-դպրոց-ակումբ: Այս եռամիասնութիւնը ունէր եւ տակաւին ունի իր ենթաբաժանումները, որոնք կը տնօրինեն հայուն կեանքը:

1991-ի Հայաստանի վերանկախացումէն ետք ունեցանք նոր կամ հայաստանեան սփիւռքը(ները), որ ձեւաւորուեցաւ, երբ Հայաստանի քաղաքացիներ հայրենիքէն արտագաղթելով` հիմնեցին դասական սփիւռքի կողքին նոր սփիւռքի հասկացողութիւն մը: Դասական եւ հայաստանեան սփիւռքները, որոնք կ՛ապրին միասին, կարելի չեղաւ համակեցութիւն ստեղծել անոնց մէջեւ` մեկնելով կենցաղի, մտածողութեան եւ ապրելակերպի տարբերութիւններէ: Այս իրավիճակը նոյնքան մտահոգութիւն է, որ պէտք է դրուի մեր համահայկական օրակարգի վրայ` սփիւռքը(ները) վերակազմակերպելու աշխատանքին մէջէն:

Այս երկու սփիւռք իրականութիւններու վրայ կու գայ աւելնալու թուային սփիւռքը, ուր երիտասարդ սերունդը իր հայկական ինքնութիւնը կը տեսնէ եւ կ՛որոնէ` ընկերային հարթակներու ու համացանցի տիրոյթի ընդմէջէն` յաճախ նաեւ չպատկանելով որեւէ ազգային ֆիզիքական կառոյցի:

Եթէ այս երեք շերտերու եւ իւրաքանչիւրին ներքին բաժանումներու մէջ տեղ գտած շատ մը հիմնահարցերու, կարիքներու ու մտահոգութիւններու նայինք, դժուար պիտի չըլլայ ըսել, թէ մէկ ընդհանուր եւ հասարակ յայտարար մը կարելի պիտի չըլլայ ստեղծել եւ զետեղել այս բոլորը իրենց ֆիզիքական, խորքային, ընկերային, մշակութային ու ապրելակերպի պիտակներով` մէկ ընդհանուր ծրագրային աշխատանքի պարունակի մը մէջ:

Մեր այսօրուան աշխատանքային հիմքը պիտի ըլլայ համադրումը` համասփիւռքեան ցանց կամ գործակցութիւն ստեղծելու հեռանկարով: Այս պիտի ենթադրէ համադրում` մեր ազգային, եկեղեցական, կուսակցական եւ միութենական կեանքերուն, ուր իւրաքանչիւր գաղութ, հայապահպանումէն անդին, պիտի սկսի արտադրել մշակոյթ` իր ամբողջական ազգային հասկացողութեան մէջէն, գիտութիւն ու միտք եւ մասնագիտութիւն, որոնք հայկական են, ազգային եւ միեւնոյն ժամանակ մրցունակ` համաշխարհային մակարդակներու ստեղծած համակարգերու:

Այս ընելու համար սփիւռքը(ները) ունի ուժերը` մարդկային, մասնագիտական, մտքի ու տնտեսական, որոնք կրնան յաջողցնել սփիւռքի(ներու) այս համակարգերը ու արժեչափերը ստեղծելու տեսլականը: Ներկայ օրերու արհեստավարժ այս աշխարհի յառաջխաղացքին մէջ շատ աւելի դիւրին է համադրել գաղութներու մարտունակութիւնը իրարու հետ եւ իրարմով, որպէսզի զիրար զօրացնեն:

Սփիւռքը իր համասփիւռքեան ՈՒԺԵՐԸ` տնտեսական, մարդուժի, մասնագիտութեան ու ժամանակի, պարտի վերադասաւորել ու ներմուծել ինքնիր մէջ, որպէսզի ինքզինք վերակազմակերպէ` ներկայ օրերու հրամայականներէն մեկնելով:

Սփիւռքի(ներու) գոյապայքարը այսօր կը մտնէ նոր փուլ: Հայապահպանումը` իր ամբողջական հասկացողութեան մէջէն պէտք է դրսեւորել, որպէսզի արտադրէ նոր հայապահպանում մը, որ կը տոկայ եւ կը դիմանայ ներկայ օրերու համաշխարհային մակարդակներու վրայ եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Եթէ նախանձախնդիր ենք, որ հայկական սփիւռքը(ները) շարունակէ ապրիլ եւ ոչ միայն վերապրիլ, այս կը նշանակէ, որ պարտինք մշակել նոր ռազմավարութիւն, աշխատանքային թէ այլ բնոյթի ռազմավարութիւն, որպէսզի սփիւռքը չենթարկուի անհետացումի թանգարանի իրավիճակին:

Ուշ ենք, բայց` ոչ ուշացած: Պէտք է մտածել, ծրագրել, համադրել եւ գործել սփիւռքահայութեան նոր ռազմավարութեան ճամբով: Հայապահպանումը պէտք է տանիլ դէպի կայուն զարգացումի գործընթաց, ուր պիտի շարունակենք արտադրել հայուն նորը` նոր մակարդակով եւ լիցքաւորումով:

Բաւական երկար դիտեցի Քուալալամփուրի անհետացումի թանգարանի ցուցատախտակը եւ համոզուեցայ, որ հայուն սփիւռքը(ները) պէտք չէ ու պիտի չանհետանայ: Եթէ այս է մեր համոզմունքը, այս պիտի նշանակէ, որ հայու սփիւռքեան առաջնահերթ աշխատանքային ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ ինքզինք կազմակերպելը:

Ինքզինք կազմակերպելու համար մենք պիտի աշխատինք: Բոլորս ՄԻԱՍԻՆ:

8 յունիս 2026

Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Դիտվել է՝ 190

Մեկնաբանություններ