04.05.2023|
22:54
Բոլոր անոնք, որոնք ջերմ յոյսեր կը կապեն Քըլըճտարօղլուի յաղթանակին Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու բեմին վրայ, պէտք է անպայման յիշեն, որ յանձին Քըլըճտարօղլուի մենք գործ ունինք քաղաքական մեծ փորձի տէր կուսակցական ղեկավարի մը հետ, որ ապրած է և կ՚ապրի, ինչպէս Էրտողա՛նը, թուրք խորքային պետութեան հրամայականներով և, ի վերջոյ, կը պատկանի Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան մեծ ուխտին։